Առա­ջին ցուրտ եղա­նակը Հա­յոց մայ­րե­նին ցրտա­ցաւ Ե. դա­րուն։ Երբ մեր սուրբ թարգմա­նիչ­նե­րը ամ­րան տօ­թին եւ ձմրան ցուրտին՝ տեն­դոտ աշ­խա­տան­քով կը հա­յաց­նէին Աս­տո­ւածա­շունչ Մա­տեանը, «ցուրտ» բառն ալ սկսաւ մեր գրա­ւոր լե­զուին ներ­գործել, ինչպէս ձիւ­նը եւ բու­քը կ’իջ­նէր մեր լեռ­նաշխար­հի վրայ։ Թէեւ Սուրբ Գիր­քի մէջ գէթ 9 ան­գամ գոր­ծա­ծուեր է «ցուրտ» եւ անոր հետ շի­նուած բա­ռերը, սա­կայն, ի՜նչ բոյթ, ան մշտա­կան ներ­կա­յու­թիւն մը հաս­տա­տեց սար­սա­փեց­նե­լով հայ գրի­չը եւ անոր հո­գին։ Հա­յը Ս. Գիր­քի մէջ առա­ջին ան­գամ հան­դի­պեցաւ իրեն ան­ծա­նօթ ար­տա­յայ­տութիւննե­րու, ինչպէս՝ «Օրհնե­ցէք, ցուրտ եւ սառն, զՏէր. Օրհնե­ցէք»։ Հա­յը Առա­կաց Գիր­քի մէջ պատ­կե­րաւոր կեր­պով լսեց մար­դու եր­կու զգա­ցողու­թիւննե­րու հա­մեմա­տու­թիւնը. «Որ­պէս ջուր ցուրտ ան­ձին ծա­րաւոյ ախոր­ժե­լի է, նոյնպէս աւե­տիք բա­րեաց յերկրէ հե­ռաս­տա­նէ» (Ինչպէս պաղ ջու­րը ախոր­ժե­լի է ծա­րաւ ան­ձին, այնպէս ախոր­ժե­լի են հե­ռու երկրէն եկած բա­րի լու­րե­րը։) Եր­կար ժա­մանակ չտե­ւեց, որ «ցուրտ» բա­ռը նմա­նողու­թեանբ նշա­նակէ՝ ան­շուք. տգեղ. ան­զօր. ան­հիմն. ան­մարդի. խոր­շե­լի. տկար. անշնորհ. ան­պի­տան. սուտ. պաղ. ան­համ։ Ահա քա­նի մը հնա­գոյն օրի­նակ. «Դի ցուրտ յեր­կիր ըն­կե­նուին», «Ցուրտ ցաւ», «Պատ­ճառս ցուրտ» եւ «Ցուրտ մխի­թարու­թիւն»։ «Նե­րեցէք ան­հե­թեթ գիրս» Ո՚չ, յար­գե­լի ըն­թերցող, դուք չկար­ծէք, թէ հայ գրի­չը տաք սե­նեակի մը մէջ գրի կ’առ­նէր իր մա­տեանը։ Այ­սօր Մա­տենա­դարա­նի, Մխի­թարեան վան­քե­րու, կամ աշ­խարհի մե­ծահամ­բաւ թան­գա­րան­նե­րու ջերմ գուրգու­րանքին ար­ժա­նացող մա­տեան­նե­րը ցուրտի մէջ դող­դո­ղացող մատ­նե­րով են գրի առ­նո­ւած։ Ահա Ականց անա­պատի մէջ Աւե­տարան ըն­թօ­րինա­կող Բար­սեղ վա­նակա­նը, որ եր­կու ան­գամ աղա­չեց, որ մենք իրեն նե­րենք «ան­հե­թեթ» ձե­ռագ­րի հա­մար, քան­զի խու­ցը շատ ցուրտ էր. «Ցուրտ է, ձեռս կա­ղուել է, գէշ կու գրո­ւի, թո­ղու­թիւն արա աղա­չեմ», 1267, «Ան­հե­թեթ կու գրո­ւի, ցուրտ է, ձեռս կա­ղուել է, թո­ղու­թիւն արա աղա­չեմ», 1269։ Նոյն ցուրտը պար­տադրեց, որ Մո­կաց գա­ւառի Կա­նաց վան­քի «յոգ­նա­մեղ եւ ան­պի­տան ու փցուն» գրիչ Նա­հապե­տը երկրպա­գած խնդրէ, որ մենք «ան­մե­ղադիր» ըլ­լանք, քան­զի մա­տեանի գրու­թեան ժա­մանակ եղա­նակը շատ ցուրտ էր. «Արդ, յե­րեսս ան­կեալ աղա­չեմ…, եւ ան­մե­ղադիր լե­րուք, զի ի ձմե­րանի գրե­ցաւ եւ ցուրտ էր տանն»։ Հա­յոց աշ­խարհը «ցիւրդ» է Երբ այս գի­շեր, յար­գե­լի ըն­թերցող, բա­ռարան­նե­րը թեր­թե­ցի, տե­սայ, թէ հա­յոց լեռ­նաշխար­հի մէջ ձիւ­նի չափ «ցուրտ» տե­ղացեր է։ Մենք ու­նե­ցեր ենք «ցրտա­բեր» քա­միներ, «ցրտա­հար» այ­գի­ներ, «ցրա­բեկ» ծա­ղիկ­ներ, «ցրտա­շունչ» ձմեռ­ներ, «ցրտա­մահ» աք­սո­րեալ­ներ եւ «ցրտա­բոյր» սէ­րեր։ Աւելցնեմ, թէ ցուրտ» բա­ռով շի­նուած ածա­կան­նե­րու թի­ւը կը հաս­նի 50-ի։ Մեր հի­ները ստեղ­ծեր են նաեւ առօ­րեայ խօս­քը տա­քաց­նող ար­տա­յայ­տութիւններ՝ ցուրտի պատ­կե­րալից տե­սակ­ներ, ինչպէս՝ «սոս­կա­լի ցուրտ», «խիստ ցուրտ», «ան­տա­նելի ցուրտ», «թա­փան­ցող ցուրտ»։ Իսկ հին բա­ռարան­նե­րը դեռ կը պա­հեն գրա­բարա­բոյր քա­նի մը ար­տա­յայ­տութիւն. «Ցուրտ մա­հահամ­բոյր», «Սարսռա­ցեալ դո­ղալ ի ցրտոյ», «Պատսպա­րիլ ի ցրտոյ»եւ «Ցուրտ առ­նուլ»։ Ինչպէս ամէն գա­ւառ իր յա­տուկ կլի­ման ու­նի, նոյնպէս ու­նի իր իւ­րա­յատուկ «ցուրտը»։ Ալաշ­կերտի, Մշոյ, Սե­բաս­տիոյ եւ Տիգ­րա­նակեր­տի մէջ ձմեռ­նե­րը «ցուրգ» էին, Վա­նի եւ Մոկ­քի մէջ՝ «ցուռտ», Համ­շէ­նի լեռ­նե­րու վրայ՝ «ցոյդ», Գո­րիսի, Ար­ցա­խի, եւ Ագու­լի­սի հո­վիտ­նե­րու մէջ՝ «ցօռտ», Մու­սա Լե­րան գա­գաթը՝ «ցօրդ», իսկ Աս­լանբե­կի դա­լարա­գեղ դաշ­տե­րու վրայ՝ «ցիւրդ»։ Հա­յու հա­մար սրտի ինչ մխի­թարու­թիւն, որ համ­շէ­նի քաղցրա­լուր բար­բա­ռը դեռ կեն­դա­նի է։ Երախ­տա­պարտ ենք համ­շէ­նահայ յայտնի հո­գեւո­րական, բա­նաս­տեղծ, նկա­րահան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ Վա­հան Մե­նակե­ցին, որ գրի առաւ Օր­տու եւ Սամ­սուն գա­ւառ­նե­րու ինքնա­պաշտնա­պու­թեան նո­ւիրո­ւած խումբե­րու հրա­մանա­տար Զիլ Օհա­նէս Զէյ­տունեանին ձօ­նուած բա­նաս­տեղծու­թիւն։ Հ՚ոն է, որ «ցոյդ» բա­ռը ինքզինք ցոյց կու տայ որ­պէս ըն­տիր բառ. «Գէշ­տայնը օխ­ճուկ կի­շէր, / Տու­սը շատ ցոյդ էր զնդօ­նի, / Սարն փճօղ բախ-բախ քօ­մին, / Տռտռածն էր­գու հօ­կին» (Ամ­բողջ գի­շեր դուրսը ցուրտ էր, խրճի­թի դէմ ան­դա­դար կ’ոռ­նար քա­մին, մինչ ներ­սը եր­կու հո­գի կը դո­ղային) Ցուրտ է օտա­րը Դուք լաւ կը ճանչնաք Մու­շեղ Իշ­խա­նը։ Իսկ Իշ­խա­նը լաւ կը ճանչնայ օտա­րու­թիւնը։ Օր մը ան մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ «ցուրտ» է օտա­րի յար­կը։ Դուք կ’ու­զէ՞ք հասկնալ, թէ բա­նաս­տեղծը ին­չո՚ւ գրի առաւ այդպի­տի դառն միտք մը։ Լաւ կը հասկնանք, եթէ մենք մտա­ւոր ճա­նապար­հորդու­թիւն մը կա­տարենք Սիվ­րի­հիսար, Մու­շեղ Իշ­խա­նի ծննդա­վայ­րը՝ ցուրտ Ապ­րի­լի մը նա­խօրեակին…։ Քա­ղաքը հիմ­նուած է հա­մանուն լեռ­նաշղթա­յի սո­րոտին։ Բիւ­զանդա­կան աւե­րակ բեր­դի պատ­ճա­ռով ան նոր դա­րերուն կո­չուած է Սիվ­րի­հիսար, այ­սինքն Սուր Բերդ։ Հա­յերս ար­դէն բիւ­զանդա­կան ժա­մանա­կաշրջա­նին հաս­տա­տուած էինք հոն։ 1471 թո­ւակա­նին ար­դէն ու­նէինք Ս. Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեցին։ 1602 թո­ւակա­նի մէկ վկա­յու­թեամբ ազ­գիս վա­ճառա­կան­նե­րը առեւտրա­կան կա­պի մէջ էին Վե­նետի­կի հետ։ 19րդ դա­րուն Սիվ­րի­հիսա­րի 6000 հա­յը կա­ռու­ցած էր Սա­հակ-Մես­րո­պեան եւ Հռիփ­սի­մեանց երկսեռ դրպո­ցը, Թարգման­չաց գի­շերօ­թիկ դպրո­ցը, Ս. Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեցին, Ներ­սի­սեան դպրո­ցը եւ նոր բաղ­նիք մը։ Քա­ղաքի հա­յու­թիւնը ու­նէր «Անա­հիտ» խմո­րատիպ շա­բաթա­թեր­թը, իր թա­տերա­կան խումբը եւ բա­րեգոր­ծա­կան միու­թեան մը մաս­նա­ճիւ­ղը։ Ապա եկաւ ցրտա­մահ Ապ­րի­լը։ Եր­կու տա­րեկան Մու­շե­ղը ճա­շակեց գաղ­թա­կանու­թիւնը։ Իսկ օր մը, որ­պէս թա­տերա­գիր, բա­նաս­տեղծ, ման­կա­վարժ, քննա­դատ դար­ձած հայ­րե­նակա­րօտ այր, գրի առաւ «Հայ մա­միկին աղօթ­քը» քեր­թո­ւածը, որ կար­ծես իր մեծ մօր աղօթ­քը ըլ­լար. «Ալ կը բա­ւէ՚, Տէ՜ր Աս­տո­ւած, / մեր տունն ու տեղ դար­ձուր մեզ, / Թշնա­միս իսկ մեզ նման / ու­րի­շի դուռ չձգես։ / Ո'չ հան­գիստ կայ, ո՚չ ալ քուն / ցուրտ յար­կին տակ օտա­րին»։ Վեր­ջին ցուրտը Դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, մի գու­ցէ բազ­միցս ճա­շակած էք «ցուրտ» բա­ռի փո­խաբե­րական իմաս­տը։ Դուք դի­մացած էք ան­կասկած ցուրտ նա­յուածքնե­րու կամ խօս­քե­րու։ Ձեր բռնած կար­միր փունջը ար­դեօ՞ք ցրտա­հար եղած էր ու­շա­ցած կամ ան­հա­ւատա­րիմ սի­րածի պատ­ճա­ռով։ Իսկ կեան­քը մի­թէ՞ ցուրտ է հի­մա ձե­զի հա­մար։ «Ցուրտ» բա­ռը դեռ շատ պատ­մե­լիք­ներ ու­նի։ Դու­րեանի, Մե­ծարեն­ցի, Վա­րու­ժա­նի, Զա­րիֆեանի, Զա­պէլ Եսա­յեանի եւ այլ սրտա­բեկ գրող­նե­րու շնոր­հիւ մեր մայ­րե­նին ապ­րե­ցաւ ցրտա­գոյն ձմեռ­նե­րը։ Այդ բո­լորը կը խոս­տա­նամ յա­ջորդ յօ­դուա­ծիս մէջ ձե­զի հրամցնել։ Մին­չեւ այդ օրը, ջերմ մնան ձեր սիր­տերն ու թէ­յը։ Իսկ այժմ մենք իրա­րու հրա­ժեշտ տանք յայտնի եր­գիչ Պրու­նէթ-ի սի­րային «ցուրտ» մէկ եր­գով։ Մեր տան պա­տերը լուռ են։ Էլ չեն կա­րող յի­շել Ձայ­նը իմ ու քո։ Մո­ռացել են ինձ շատ մօտ Պատ­կե­րը քո։ Հի­մա ցուրտ ա, Առանց քեզ շատ մութ ա։ Օրե­ցօր ես աւե­լի եմ մրսում…