Հայաստանի մարզական մարմնամարզութեան հաւաքա- կանը յաջող ելոյթ ունեցաւ Ռոթերտամի (Նետերլանտներ) մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Հայաստանի 4 ներկայացուցիչներն ալ նուաճեցին առանձին վարժութիւններու եզրափակիչներու ուղեգիր, մինչ Համլեթ Մանուկեան նժոյգ թափերու վարժութեան ձեռք ձգեց լաւագոյն արդիւնքը: Իւրաքանչիւր վարժութեան որոշուեցան աւարտական մրցաշարքի մասնակից 8 մարզիկները: Արթուր Դաւթեան յաջողութեամբ յաղթահարեց յենա- ցատկի զտումի փուլը 14.633 կէտեր ձեռք ձգելով եւ գրա- ւելով 2-րդ դիրքը: Ան հաւասար կէտեր ձեռք ձգեց առաջին դիրքը գրաւող բրիտանացի Ճէյք Ճարմանի հետ, բայց լրացուցիչ ցուցանիշներով առաջին դիրքը զիջեցաւ անոր: Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Քարլոս Եուլօ (Ֆիլի- փեան կղզիներ), 14.266 կէտ ձեռք ձգեց եւ 6-րդ դիրքը գրա- ւեց իր կարգին հասնելով աւարտական մրցաշարք: Համլեթ Մանուկեան 14.933 կէտ ձեռք ձգեց նժոյգ թա- փերու վարժութեան գրաւելով առաջին դիրքը եւ ինքզինք հաստատելով իբրեւ մետալներու գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը: Նոյն վարժութեան, Մամիկոն Խաչատրեան 14.733 կէտ ձեռք ձգեց եւ գրաւելէ ետք 4-րդ դիրքը ապահովեց իր դիրքը աւարտական հանգրուանին: Հայաստանի հաւաքականին համար աւարտականի 4-րդ տոմսը շահեցաւ Արթուր Աւետիսեան: Օղակներու վար- ժութեան մրցումին, ան 14.233 կէտ ձեռք ձգեց զտումի փուլը աւարտելով 4-րդ դիրքին վրայ: