Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ անկէ Անկախութեան հռչակագիրի հեռացման վերաբերող վերջին շրջանի իշխանութիւններուն գրեթէ ամէնօրեայ յայտարարութիւններուն վրայ 29 Հոկտեմբերին եկաւ աւելնալու ազդու այլ տեսակէտ մը, զոր արտայայտեց Հայաստանի վարչապետը՝ դիտել տալով, որ «Անկախութեան հռչակագրի տեքստը (բնագիրը) հակապետական է»։ Նիկոլ Փաշինեան տուաւ իր կողմէ յղացուած բացատրութիւն մը՝ նշելով, որ անով «անհնար է անկախ պետութիւն ունենալ»: «Այս տեքստը պետութիւն ունենալու անհնարինութեան մասին է: Մենք պէտք է դասեր քաղենք մեր պատմութիւնից», ընդգծեց ան՝ աւելցնելով. «Աշխարհակարգը փլուզւում է, եւ մենք այս պայմաններում կարողացանք խաղաղութիւն հաստատել»: Ան կրկին կրկնեց գրեթէ ոչ ոքի կողմէ հաւատքի արժանացող իշխանականներուն այն տեսակէտը, որ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած գաղափարախօսութենէն հրաժարիլը ոեւէ կապ չունի Ատրպէյճանի կամ որեւէ արտաքին կողմի հետ: «Դա բխում է Հայաստանի շահերից», ըսաւ Փաշինեան: Ան նաեւ մասամբ բացայայտեց նոր Սահմանադրութեան նախագիծը խորհրդարանին մէջ հաստատելու իշխանութեան ծրագիրը: Կը ծրագրեն ընդդիմադիր պատգամաւորներուն նկատմամբ հանրային ճնշում բանեցուի, եթէ անոնք դէմ քուէարկեն նախագիծին: Բայց մինչ այդ պիտի աշխատին ստանալու ընդդիմութեան բարձրացուցած հարցումներուն պատասխանները: «Իրանք շատ, ես չգիտեմ` դիտաւորեալ արեցին, թէ, տենց, պատահական` չիմացութեան բերումով, բայց իրանք երէկուայ հարցուպատասխանի արդիւնքներով հնարաւորութիւն տուեցին, որպէսզի մենք պրոցեսը (գործընթացը) տանենք էնպէս, որ ընդդիմութեան վրայ մեծ հանրային ճնշում գեներացուի (բանեցուի), որպէսզի նրանք իրենց քուէարկութեամբ հնարաւոր դարձնեն նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէն», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ան։ Կառավարութեան ղեկավարը մանրամասնեց` հանրային ճնշում պիտի բանեցուի, երբ ունենան ընդդիմութեան հարցումներուն պատասխանները, առաջարկ ընեն, բայց եւ այնպէս անկէ ետք ալ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը մերժէ աջակցիլ իշխանութեան: Այդ ատեն, ըստ վարչապետին, պիտի տրուի քաղաքական գործընթացին մեկնարկը: «Շատ տարօրինակ բան տեղի կ՛ունենայ, որ սովորաբար խորհրդարանի առաջ ընդդիմութիւնն է ցոյց անում, բայց կարող է էս անգամ իշխանութիւնը ցոյց անի, մի անգամ տենց բան եղել է` 2019 թուի Հոկտեմբերին, եւ ժողովուրդը պահանջի, որ կողմ քուէարկեն, որ թողեն, որ ինքը որոշում կայացնի», նշեց Փաշինեան: Խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Ուժեղ Հայաստան»ի ներկայացուցիչները վերջին շաբաթներուն պարբերաբար «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի տարբեր պաշտօնեաներուն հարցուցին թէ ի՞նչ երաշխիք կայ, որ Ատրպէյճան նոր Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք պիտի ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը: Նոյն հարցը անոնք բարձրացուցին նաեւ 28 Հոկտեմբերին կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, որմէ ետք ալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդդիմութեան առաջարկեց թեր քուէարկել նոր Սահմանադրութեան նախագիծին ու կատարել հանրաքուէ: «Եկէք մենք բերենք Սահմանադրութեան նախագիծը, դուք հելէք ստեղից ասէք` «Մենք էս Սահմանադրութեան նախագիծը դատապարտում ենք, սա վատն է», գնանք Սահմանադրութեան հանրաքուէի: Գնանք, դա ձեր համար առիթ է, մեզ, ժողովուրդը կ՛ասի «չէ» Սահմանադրութեանը` մենք էլ հրաժարական կը տանք, կը գնանք: Վատ բան ե՞մ ասում: Սիրելի՛ ժողովուրդ, լուծում եմ առաջարկում, պահանջէք, թող բան ըլնի», յայտարարեց նախարարը: Ընդդիմութեան հարցումներուն պատասխան տալու խոստում ընող վարչապետ Փաշինեան 29 Հոկտեմբերին նաեւ ինքնիրեն հակասելով ըսաւ, թէ այդ պատասխանները Հայաստանի սահմանէն դուրս են` ամենայն հաւանականութեամբ նկատի ունենալով, որ բարձրացուած հարցերը պիտի քննարկէ Ատրպէյճանի նախագահին հետ: «Եթէ իրադրութիւնը լինի էնպիսին, որ ես ասեմ` այո՛, երաշխաւորում եմ, էդ Սահմանադրութեանը դէմ քուէարկելը կը նշանակի դէմ քուէարկել խաղաղութեանը, այսինքն` կողմ քուէարկել պատերազմին այդպիսով… Ես հէնց էդ նկատի ունէի, որ ասում էի, որ կը փորձեմ, կը փորձեմ, որովհետեւ ես էսօր չունեմ էդ հարցի պատասխանը, որովհետեւ էդ հարցի պատասխանը արդէն դուրս է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից եւ լիազօրութիւններից Հայաստանի կառավարութեան: Եւ էդ հարցի պատասխանը երբ որ ստանամ, կը գամ կ՛ասեմ` երաշխաւորո՞ւմ եմ, թէ՞ չեմ երաշխաւորում: Բայց ես էսօր էդ հարցի պատասխանը չունեմ», յայտարարեց վարչապետը: Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը խորհրդարանին մէջ հաստատելու համար իշխող ուժին կը պակսի առնուազն 6 քուէ: Նիկոլ Փաշինեան նախորդ շաբաթ կը յայտարարէր, թէ պիտի փորձէ համոզել ընդդիմութիւնը, իսկ չյաջողելու պարագային չբացառեց նոյնիսկ արտակարգ ընտրութիւնները: Այսօր, սակայն, նշեց, թէ ընդդիմութեան 28 Հոկտեմբերին ուղղած հարցումներէն ետք պիտի ընթանան այդ նոր ծրագիրով, եւ գուցէ արտակարգ ընտրութեան կարիք ալ չըլլայ: Այդ նոր ծրագիրը, որ տակաւին ամբողջութեամբ բացայայտուած չէ, Փաշինեան դարձեալ կապեց իր` իշխանութեան մնալ-չմնալու հարցին: «Երբ որ էդ հարցը հնչի, ես յստակ ասեմ` այո՛, երաշխաւորում եմ եւ որպէս երաշխիք դնում եմ իմ քաղաքական վստահելիութիւնը եւ մանդատը, որ այո՛, էդպէս է: Բայց էլի եմ ասում` քանի որ մենք Սահմանադրութեան հարցը ընդհանրապէս արտաքին միջավայրում չենք քննարկել, հիմա ընդդիմութիւնը քանի որ հարցը դնում է էդ տեսակէտից, եւ մեզ պէտք է, որ ընդդիմութիւնը կողմ քուէարկի, եթէ մենք գնանք եւ աշխատենք եւ բերենք երաշխիքներ… Ես դրա համար եմ ասում` երէկ իրադրութիւնը փոխուել է», ըսաւ Փաշինեանը: Վարչապետը իրավիճակը այնպէս ներկայացուց, թէ նոր Սահմանադրութեան հարցին ընդդիմութիւնն է, որ տուաւ տարածաշրջանային նշանակութիւն՝ զայն կապելով խաղաղութեան օրակարգի հետ: Բայց թէ՛ վարչապետը, թէ՛ կառավարութեան այլ անդամներ բազմիցս պնդած են, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը պիտի ունենայ տարածաշրջանային նշանակութիւն: Աւելի՛ն` Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Ատրպէյճանի նախապայմանն է, որպէսզի ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը: Արտակարգ ընտրութիւններուն գծով Փաշինեան ըսաւ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ատիկա տեղի պիտի ունենայ միայն մէկ պարագայի. «Էդ նշանակում է, որ մենք կը գնանք արտահերթ ընտրութիւնների մի պայմաններով, երբ որ 100 տոկոսով երաշխաւորուած է, որ էսօրուայ խորհրդարանի ընդդիմութիւնը յաջորդ խորհրդարանում չի լինի: Երբ որ 100 տոկոսով կ՛երաշխաւորուի, որ էսօրուայ ընդդիմութիւնը յաջորդ խորհրդարանում չի լինի, եւ նաեւ զուգահեռ հանրային ճնշում գեներացուած կը լինի, էսօրուայ խորհրդարանի ընդդիմադիր մասը ոչ միայն հանրային ճնշմամբ, այլեւ ինքնապահպանման բնազդից ելնելով կողմ կը քուէարկի»: «Ասպարէզ»