Նետերլանտներու Արտաքին գործոց նախարար Թոմ Պերէնտսէն Հոկտեմբեր 27-ին, Երեւան այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ իր երկիրը պատրաստ է օգնելու հայ ծաղկաբոյծներուն՝ իրենց արտադրանքին համար նոր շուկաներ գտնելու, ինչպէս նաեւ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու հայեւազերպայճանական հակամարտութեան հետեւանքով անհետ կորսուած անձերու որոնման աշխատանքներուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պերէնտսէն անդրադարձած է Ռուսաստանի սահմանած ներածման սահմանափակումներուն, որոնք դժուարութիւններու մատնած են հայկական ձեռնարկութիւնները, յատկապէս ծաղիկ արտադրողները։ Ան յայտնած է, թէ Նետերլանտները պատրաստ են աջակցելու հայ ծաղկաբոյծներուն՝ ռուսական շուկայէն անկախ արտածման նոր կարելիութիւններ ստեղծելու եւ նետերլանտական ու եւրոպական շուկաներ մուտք գործելու համար։ Այս առնչութեամբ նախարարը, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի ընկերակցութեամբ, այցելած է «Moon Rose» ընկերութեան ջերմոցները, ուր ծանօթացած է արտադրութեան եւ հայկական ծաղիկներու արտածումը ընդարձակելու կարելիութիւններուն։ Մարդասիրական մարզէն ներս Պերէնտսէն յայտարարած է, թէ իր երկիրը նոր նիւթական օժանդակութիւն պիտի յատկացնէ Անհետ կորսուած անձերու միջազգային յանձնախումբին։ Այս աջակցութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ զինեալ հակամարտութիւններու, մասնաւորաբար Արցախեան պատերազմներու ընթացքին անհետ կորսուածներու ճակատագիրը պարզելու, անոնց աճիւնները գտնելու եւ ինքնութիւնը ճշդելու աշխատանքներուն։ Օժանդակութեան գումարը չէ հրապարակուած։