ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնի փոխտնօրէն Ճիոթի Հոսակրահար յայտարարած է, թէ տեղեակ չէ Արցախի մէջ հայկական եկեղեցիներու կործանման մասին հրապարակուած տեղեկութիւններուն։ Հոկտեմբեր 26-ին, Երեւանի Մատենադարանին մէջ, բնութեան եւ մշակոյթի նուիրուած միջազգային հանդիպման մը ընթացքին, NEWS.am-ի թղթակիցը անոր հարցուցած է, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն արդեօք ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար՝ նկատի ունենալով եկեղեցիներու աւերման մասին բազմաթիւ տեղեկութիւնները։ Հոսակրահար պատասխանած է, թէ չի կրնար մեկնաբանել այդ դէպքերը, որովհետեւ անոնց մասին տեղեկութիւն չունի։ Երբ լրագրողը յիշեցուցած է մշակութային յուշարձաններու դէմ կատարուած աւերածութիւններուն մասին հրապարակումները, փոխտնօրէնը գոհացած է ըսելով. «Ներողութիւն, պէտք է մեկնիմ»։ Այս պատասխանը ուշագրաւ է, քանի որ Արցախի հայկական եկեղեցիներուն եւ պատմական յուշարձաններուն սպառնացող վտանգները երկար ժամանակ է արձանագրուած են։ 2026 Ապրիլին, արբանեակային լուսանկարներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող «Caucasus Heritage Watch» ծրագիրը հաստատած էր Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին մայր տաճարին կործանումը։ 2019-ին օծուած եկեղեցին ամբողջութեամբ քանդուած էր Մարտի սկիզբէն մինչեւ Ապրիլի առաջին օրերը։ Նոյն ուսումնասիրողները փաստագրած են նաեւ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին աւերումը։ Աւելին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն արդէն իսկ տեղեկութիւններ ստացած էր Արցախի մշակութային ժառանգութեան կրած վնասներուն մասին։ 2024 Հոկտեմբերին, կազմակերպութեան պատասխանատուներէն Քրիսթա Փիքաթ յայտարարած էր, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ տարբեր աղբիւրներէ հաղորդումներ ստացած է մշակութային արժէքներու հաւանական ոչնչացման մասին եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի կացութեան։ 2020-ին իսկ ԻՒՆԷՍՔՕ փորձած էր մասնագիտական առաքելութիւն մը ուղարկել Արցախ՝ տեղւոյն մշակութային ժառանգութեան վիճակը ուսումնասիրելու համար, սակայն նախաձեռնութիւնը չէր յաջողած։ 2021 Դեկտեմբերին, Արդարադատութեան միջազգային ատեանը Ազերպայճանէն պահանջած էր անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնել՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ վանդալութեան եւ պղծութեան արարքները կանխելու եւ պատժելու համար։ Մինչ այդ, Հոկտեմբեր 28-ին, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանի գրասենեակը յայտարարած է, թէ մանրամասն տեղեկութիւններ եւ փաստաթուղթեր փոխանցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնի տնօրէն Լազար Էլունտու Ասոմոյին եւ փոխտնօրէն Ճիոթի Հոսակրահարին՝ ներկայացնելով հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, խաչքարերու, գերեզմանատուներու եւ այլ յուշարձաններու աւերման ու վնասման արձանագրուած դէպքերը։ Գրասենեակը միջազգային կազմակերպութիւններէն պահանջած է չգոհանալ մտահոգութիւն յայտնելով, այլ գործնական միջոցներու դիմել՝ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան հետագայ կորուստները կանխելու համար։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Արցախի եկեղեցիներուն աւերումը. ԻՒՆԷՍՔՕ-ի փոխտնօրէնը «տեղեակ չէ»

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Les Pays-Bas renforcent leur soutien économique et humanitaire à l’Arménie
Nor Haratch / 1 hour ago

Նետերլանտներէն՝ տնտեսական եւ մարդասիրական աջակցութիւն Հայաստանին
Nor Haratch / 1 hour ago

La reine Sophie d’Espagne en visite au monastère de Geghard
Nor Haratch / 1 hour ago

Սպանիոյ Սոֆիա թագուհին այցելած է Գեղարդավանք
Nor Haratch / 1 hour ago
Related coverage

Artsakh monuments : Les églises et monastères arméniens de l’Artsakh font partie intégrante du patrimoine culturel de l’humanité
Nouvelles d'Arménie / 20 hours ago

История двух братьев-героев из Лернаховита Кашатага
Western Armenia TV / Oct 28

Պոլիս… շնորհակալությո՛ւն
Western Armenia TV / Oct 28

Քաշաթաղի Լեռնահովիտի երկու հերոս եղբայրներուն պատմութիւն
Western Armenia TV / Oct 27