«Յանկարծ» թատերախումբը կը շարունակէ գրաւել հանդիսատեսին ուշադրութիւնը իր նորարարական ներկայացումներով։ Եթէ նախորդ բեմադրութիւնը նուիրուած էր արհեստական բանականութեան՝ մարդու ինքնութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան, այս անգամ ուշադրութեան կեդրոնին են անհատին եւ շրջակայ միջավայրին փոխազդեցութիւնները։ Հոկտեմբեր 19-ին, Պերայի Մուամմէր Կարաճայի թատրոնին մէջ ներկայացուած է «52 Հերց» բեմադրութիւնը, որուն հեղինակները չորս դերասանուհիներն են։ Թատերախումբը փորձարարական մօտեցումներով կը շարունակէ անդրադառնալ արդիական նիւթերու՝ հանդիսատեսը հրաւիրելով խորհելու մարդուն եւ իր միջավայրին փոխյարաբերութիւններուն շուրջ։ The post «Յանկարծ» թատերախումբը՝ բեմական նորարարութիւններով first appeared on Western Armenia TV .