Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հիւրընկալած է հայկական խոհանոցի համտեսի իւրայատուկ ձեռնարկ մը՝ կենսաբազմազանութեան նուիրուած COP17 խորհրդաժողովին եւ «Հատիկ» ծրագրին ծիրէն ներս։ Ձեռնարկին մասնակցած է «Միշլէն» աստղի արժանացած ֆրանսահայ անուանի խոհարար Ալէն Ալեքսանեան։ Լիոնի Մեթրոփոլին (Քաղաքակոյտ) կողմէ, Երեւանի քաղաքապետարանին գործակցութեամբ իրականացուած «Հատիկ» ծրագիրը կը նպատակադրէ պահպանել Հայաստանի բնիկ սերմնատեսակները, արժեւորել անոնց սննդական ու մշակութային նշանակութիւնը եւ նպաստել երկրին պարէնային ինքնաբաւութեան ու կլիմայական փոփոխութիւններուն դիմակայելու կարողութեան։ Ծրագիրը կը վայելէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան նիւթական աջակցութիւնը։ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ ընդգծած է ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան խոր արմատները՝ շեշտելով, թէ կենսաբազմազանութեան պահպանումը նաեւ մշակութային ժառանգութեան եւ աւանդական գիտելիքներու փոխանցման հարց է։ Ան յայտնած է, թէ այս ամառ գիտնականներ Հայաստանի ինը մարզերու շուրջ 300 հողագործներէ հաւաքած են կլիմայական տարբեր պայմաններու դիմացկուն սերմնատեսակներ։ Լիոնի Մեթրոփոլի միջազգային յարաբերութիւններու եւ զբօսաշրջութեան պատասխանատու փոխնախագահ Օլիվիէ Արաուժօ եւս շեշտած է ֆրանքեւհայկական գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Ան յիշած է նաեւ իր այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն։ Իր կարգին, խոհարար Ալէն Ալեքսանեան ընդգծած է, թէ խոհարարութիւնը կրնայ նպաստել բնութեան եւ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան։ Անոր համոզումով՝ հողին բարիքները, տեղական սերմերն ու աւանդական կերակրատեսակները պահպանելը նաեւ յաջորդ սերունդներուն հանդէպ պատասխանատւութիւն մըն է։ Պաշտօնական ելոյթներէն ետք ներկաները ճաշակած են Ալեքսանեանի ղեկավարութեամբ եւ Ֆրանսահայ արհեստագիտական ուսումնական կեդրոնի ուսանողներուն մասնակցութեամբ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտեստներու նորովի տարբերակներ՝ Վանի մշոշ, աւելուկով պատրաստուած խորտիկներ, գաթա, անուշապուր եւ այլ համադամներ։ Ձեռնարկը առիթ մը եղած է հայկական խոհանոցին հարուստ ժառանգութիւնը ներկայացնելու եւ միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելու ֆրանքեւհայկական գործակցութեան նոր կարելիութիւնները՝ երկրագործութեան, բնապահութեան եւ մշակոյթի մարզերէն ներս։