Երեւանի փոխքաղաքապետ Լեւոն Յովհաննիսեան ընդունած է Լիոնի Մեթրոփոլի (Քաղաքակոյտ) փոխնախագահներ Օլիվիէ Արաուժոյի եւ Պասթիէն Ժուանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ ընթացող գործակցութեան առնչուող հարցեր։ Յովհաննիսեան շեշտած է երկու քաղաքներուն գործընկերային յարաբերութիւններուն ամրապնդման կարեւորութիւնը՝ շեշտելով գոյութիւն ունեցող համաձայնագրին ծիրէն ներս նախատեսուած ծրագրերուն նոր թափ հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը։ Լիոնի պատուիրակութիւնը ընդունած է նաեւ Երեւանի փոխքաղաքապետ Սարգիս Մադաթեան։ Այս երկրորդ հանդիպումը գլխաւորաբար նուիրուած է բնապահական ծրագրերուն եւ այդ մարզին մէջ գործակցութեան զարգացման կարելիութիւններուն։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են գործնական քայլերու ձեռնարկելու՝ հետագայ գործակցութիւնը ապահովելու եւ ընդլայնելու նպատակով։