ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը 26 հոկտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, որ գրասենեակը հրատարակութեան կը պատրաստէ ապօրինաբար Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով մեղադրական եզրակացութեան եւ դատավճիռի` Տարօն Սիմոնեանի 15 մասերէ բաղկացած վերլուծութեան ժողովածուն, որուն կը յաջորդեն Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի եզրայանգումները, դիտարկումներն ու քաղաքական առաջնահերթութիւնները` հայ գերիներու ազատ արձակման հարցով: Ժողովածուն կը ներառէ «Փաստինֆօ» լրատուական կայքի` 5-23 հոկտեմբեր 2026-ին հրապարակած 15 մասերէ բաղկացած շարքը, որ պատրաստուած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Տարօն Սիմոնեանի կողմէ: Շարքը «Փաստինֆօ»-ն հրապարակած է նաեւ անգլերէն եւ ռուսերէն, իսկ Free Armenian Prisoners կայքը զայն ամբողջութեամբ վերահրատարակած է հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուներով: Յօդուածները կը վերահրատարակուին «Փաստինֆօ»-ի եւ հեղինակին` Տարօն Սիմոնեանի թոյլտուութեամբ` կայքին վրայ հրապարակուած տարբերակներու հիման վրայ: Անոնց հեղինակային եւ խմբագրական ձեւակերպումները, ներառեալ գնահատողական արտայայտութիւնները, կը պատկանին սկզբնական հրապարակումներուն: Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած ներածութիւնը, եզրակացութիւնը եւ այլ նիւթերը ներկայացուած են առանձին բաժիններով: Բացառութեամբ «Փաստինֆօ»-ի մէջ հրապարակուած Տարօն Սիմոնեանի յօդուածներուն` սոյն փաստաթուղթի բովանդակութեան համար պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Ըստ յայտարարութեան, Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը միջազգային լսարանին համար պատրաստած է նաեւ անգլերէն յատուկ զեկուցում, որ կ՛ամփոփէ գործի փաստերը, մեղադրական եզրակացութեան եւ դատավճիռի էջային յղումներով կը ներկայացնէ դատավճիռի ներքին հակասութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներու գնահատականներն ու Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակին առաջարկները: Սոյն հայերէն ժողովածուն ոչ թէ կը կրկնէ, այլ կը լրացնէ այդ զեկուցումը` գործի փաստերը հասանելի դարձնելով հայալեզու հանրութեան Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը կը ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի գործին վերաբերեալ իրաւական ժողովածու
ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը 26 հոկտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, որ գրասենեակը հրատարակութեան կը պատրաստէ ապօրինաբար Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով մեղադրական եզրակացութեան եւ դատավճիռի` Տարօն [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Արցախեան հակամարտութէան կարգաւորման գործընթացը
Diario Armenia / 3 hours ago

Սիմոն Զաւարեանի ծննդեան 160-ամեակին եւ մահուան 113-րդ տարելիցին առթիւ
Diario Armenia / 3 hours ago

María Anabel Balassanian: una argentina que eligió vivir en Armenia y publicó allí su primer libro
Diario Armenia / 12 hours ago

Acusaron de “separatistas” a dos conjuntos artísticos de Artsaj y los excluyeron de un festival en Viena
Diario Armenia / 21 hours ago
Related coverage

27 de octubre: La historia interrumpida de Armenia y las lecciones no aprendidas de 27 años. Por Hovhan Mandakuni
Soy Armenio / 10 hours ago

Bailando sobre las ruinas: Cómo Occidente está sacrificando Armenia en su guerra geopolítica
Nor Sevan / Oct 26

Israel suministrará misiles y sistemas de lanzacohetes múltiples a Azerbaiyán
Nor Sevan / Oct 23

Karekín II recibió al clero de la Diócesis Católica de Trieste
Nor Sevan / Oct 21


