Խարբերդի մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական վանքին վերջնական կործանումը կանխելու նպատակով կառոյցին շուրջ փշալարեր քաշուած են։ Ըստ աղբիւրին՝ Խարբերդի Հոլվենք գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ վանքը, որ կառուցուած է 6-րդ դարուն, ձգուած է ճակատագրի քմահաճոյքին։ Հայերու Ցեղասպանութենէն առաջ մեծ վանական համալիր մը եղած Սուրբ Գէորգը 1915-էն ետք վերածուած է հոն բերուած գաղթականներու բնակավայրի։ Երիտթուրքերու «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան իշխանութեան օրով վանքը յատկացուած է Պաղէշէն Խարբերդ բերուած համիտիէ գունդի զինուորներէն Սատըք Էրզէնին։ Ժամանակի ընթացքին վանքը սկսած է աւերուիլ։ Գունդի անդամները, որոնք հոն գանձեր կը փնտռէին, բազմիցս վնասած եւ աւերած են սրբավայրը։ Յետագային եւս գանձագողերու թիրախ դարձած այս սրբավայրէն գրեթէ ոչինչ մնացած է։ Վանական համալիրին միակ պահպանուած մնացորդները կիսափուլ պատերն ու ճաքած սիւներն են։ Վանքին տարածքը գործածուած է զբօսախնճոյքներ կազմակերպողներուն կողմէ, որոնք զայն խիստ աղտոտած են։ Բացի այդ, վանքին շուրջ գտնուող թթենիներուն մէկ մասը կտրուած է։ Ի վերջոյ, տեղական իշխանութիւնները որոշած են վանական համալիրին շուրջ փշալարեր քաշել՝ անոր աւերակները պահպանելու եւ հետագայ վնասները կանխելու նպատակով։ The post Փշալարեր՝ Խարբերդի Սուրբ Գէորգ վանքին շուրջ first appeared on Western Armenia TV .