Արեւմտեան Հայաստանի պատմական Կապադովկիոյ շրջանին մէջ՝ Աքսարայի նահանգի Կիւզելիւրթ գաւառը գտնուող Վանական հովիտը (Մանասթըր Վատիսի) իր պատմական յուշարձաններով եւ բնութեան գեղեցկութեամբ կը գրաւէ տեղացի ու օտարերկրեայ զբօսաշրջիկները։ Շուրջ հինգ քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող հովիտին մէջ պահպանուած են 28 եկեղեցիներ, երկու ստորգետնեայ քաղաքներ եւ ժայռափոր հարիւրաւոր քարայրներ։ Տարածքը կը կրէ հռոմէական եւ բիւզանդական ժամանակաշրջաններու հետքերը՝ վկայելով զանազան քաղաքակրթութիւններու դարաւոր ներկայութեան մասին։ Կիւզելիւրթի բնակիչ Պիւլէնթ Թեքէլի նշած է, որ հովիտին պատմութիւնը կապուած է տարբեր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու հետ։ Անոր խօսքով՝ տարածքը գործածուած է տակաւին խեթերու ժամանակաշրջանէն, իսկ յետագային՝ բիւզանդական եւ յունական համայնքներուն կողմէ։ Պատմական արժէքէն բացի, Վանական հովիտը յայտնի է նաեւ իր գեղատեսիլ բնութեամբ եւ զբօսաշրջային արահետներով՝ գրաւելով արշաւներու սիրահարները։ The post Կիւզելիւրթի վանական հովիտը՝ պատմական ժառանգութեան եզակի կեդրոն first appeared on Western Armenia TV .