Հոկտեմբեր 18-ին, Կլենտէլի «Ալեքս» թատրոնին մէջ, Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը ներկայացուցած է իր տարեկան համերգը՝ նշելով միութեան հիմնադրութեան 35-ամեակը եւ հայ երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ հնչած են երգահանին ստեղծագործութիւններն ու հայկական ժողովրդական երգեր՝ հայկական ժողովրդական նուագարաններու նուագախումբին եւ «Լիլիա» պարախումբին մասնակցութեամբ։ Համերգը եւս մէկ անգամ ընդգծած է ազգային երաժշտական ժառանգութեան պահպանման եւ զայն սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը։ Երեկոն աւարտած է «Կիլիկիա» երգին միասնաբար կատարումով։ The post «Կոմիտաս» երգչախումբը նշած է երկու յոբելեան first appeared on Western Armenia TV .