Տէսին-Շարփիէօյի Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնը (CNMA) Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, երեկոյեան ժամը 7.30-ին պիտի հիւրընկալէ Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Սիւզաննա Խոջամիրեանը։ Հանդիպումը նուիրուած է թանգարանի հարուստ հաւաքածոներուն եւ մասնաւորաբար անոր ֆրանսալեզու արխիւային նիւթերուն։ Երեկոյթի ընթացքին ներկաները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու թանգարանին մէջ պահպանուող գրական եւ գեղարուեստական ժառանգութեան մէկ մասին՝ ձեռագրերու, վաւերաթուղթերու եւ այլ նիւթերու ընդմէջէն բացայայտելով Հայաստանի եւ ֆրանսախօս աշխարհին միջեւ դարերու ընթացքին հաստատուած մշակութային կապերը։ Հանդիպումը նաեւ առիթ պիտի հանդիսանայ երկու հաստատութիւններուն՝ Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնին եւ Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին միջեւ համագործակցութեան համաձայնագրի ստորագրութեան։ Այս փաստաթուղթը կը միտի զարգացնել փոխադարձ կապերը եւ հիմք ստեղծել հասարակաց մշակութային ու գիտական ծրագրերու իրականացման։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնի սրահին մէջ, Տէսին-Շարփիէօ, 24 Ապրիլ 1915 փողոց, թիւ 32 հասցէին։ Մուտքը ազատ է։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի ֆրանսալեզու հաւաքածոները պիտի ներկայացուին Տէսինի մէջ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Ֆրանսայի մէջ ցեղապաշտական յարձակում, Յորդանանի մէջ՝ եկեղեցւոյ դէմ ահաբեկչութիւն
Nor Haratch / 16 hours ago

Ռոբերտ Քոչարեանի եւ որդւոյն կալանքը երկու ամիս երկարաձգուեցաւ
Nor Haratch / 16 hours ago

Ֆրանսայի մէջ բողոքի նոր ցոյցեր
Nor Haratch / 17 hours ago

«Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամ
Nor Haratch / 18 hours ago
Related coverage

Reconnaissance internationale pour Anaid B
France Arménie / Oct 23

Décès tragique du lieutenant-colonel Antranig Sarkissian
Haïastan Média / Oct 23

L’appel de Robert Guédiguian en faveur de Jean-Luc Mélenchon
Nouvelles d'Arménie / Oct 15

Kıbrıs Bizans Müzesi'ndeki Ermeni manevi mirası
Western Armenia TV / Oct 13