Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 16-ին գումարուած COP17-ի ղեկավարներու վեհաժողովի աւարտին որդեգրուած է «Երեւանի հռչակագիր. գործել յանուն բնութեան» խորագիրը կրող փաստաթուղթը, որ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ արագացնելու կենսաբազմազանութեան պահպանման եւ բնութեան վերականգնման ջանքերը։ Հռչակագիրը կը շեշտէ, թէ կենսաբազմազանութիւնը երկրագունդին վրայ կեանքի հիմքն է եւ կենսական նշանակութիւն ունի սնունդի ապահովման, մարդկային առողջութեան, կլիմայական փոփոխութիւններուն դիմակայելու եւ կայուն զարգացման համար։ Մասնակիցները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ մինչեւ 2030 կասեցնելու կենսաբազմազանութեան կորուստը եւ շրջելու այդ ընթացքը, իսկ մինչեւ 2050 հասնելու բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելու նպատակին։ Հռչակագիրը կ՚ընդգծէ, որ հակառակ վերջին տարիներու միջազգային ջանքերուն, արձանագրուած յառաջընթացը տակաւին անբաւարար է։ Ուստի անհրաժեշտ կը նկատէ բնապահական հարցերը ընդգրկել պետական քաղաքականութեան եւ տնտեսական որոշումներուն մէջ, ապահովել բաւարար գանձատրում եւ ամրապնդել միջազգային գործակցութիւնը։ Յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի նաեւ գիտական հետազօտութիւններուն, նորարարութեան, բնութեան վիճակին հետեւելու միջոցներու կատարելագործման, ինչպէս նաեւ բնիկ ժողովուրդներու, տեղական համայնքներու, կիներու, երիտասարդներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան։ Փաստաթուղթը կոչ կ՚ուղղէ արագացնելու Քունմինկ–Մոնրէալի կենսաբազմազանութեան համաշխարհային համաձայնութեան 23 նպատակներուն իրագործումը՝ շեշտելով, որ բնութեան պաշտպանութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն քաղաքական յանձնառութիւններ, այլեւ գործնական քայլեր, համապատասխան նիւթական միջոցներ եւ միջազգային զօրակցութիւն։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
COP17. Ղեկավարներու վեհաժողովի աւարտին որդեգրուած է «Երեւանի հռչակագիր»-ը

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Elle devait être achevée en 2023. En 2026, les travaux n’ont toujours pas commencé : l’énigme de la plus grande centrale solaire d’Arménie
Nor Haratch / 49 minutes ago

2023-ին պիտի աւարտէր, 2026-ին տակաւին չէ սկսած. Հայաստանի մեծագոյն արեգակնային կայանին առեղծուածը
Nor Haratch / 1 hour ago

COP17 : le sommet des dirigeants s’achève sur l’adoption de la Déclaration d’Erevan
Nor Haratch / 1 hour ago

Le vol « interdit » du président israélien ravive les tensions entre Ankara et Bakou
Nor Haratch / 2 hours ago
Related coverage

Nouvelles perturbations d’accès aux sites web officiels des institutions étatiques en Azerbaïdjan
Nouvelles d'Arménie / 10 hours ago

Le secteur minier devrait être un pionnier dans le développement d’institutions d’actionnariat ouvert en Arménie affirme Nikol Pachinian
Nouvelles d'Arménie / 11 hours ago

Le Premier ministre arménien et le président kirghize signent à Erevan une déclaration conjointe entre l’Arménie et la Kirghizie
Nouvelles d'Arménie / 12 hours ago

« 10 milliards de dollars en perspective » : Les hommes d’affaires de Diyarbakir attendent l’ouverture de la frontière arméno-turque
Nouvelles d'Arménie / 12 hours ago