Աշխոյժ եւ անձանձիր Առաջնորդի մը – յանձինն Գերաշնորհ տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանի – ներկայութիւնը կը վայելէ գանատահայ համայնքը: Վերջին զոյգ մը տարիներուն ընթացքին հոգեւոր գանձարանը կը բազմանայ, կը հարստանայ՝ նոր հովիւներով՝ այս վերջինին տէր Հրաչ քհնյ. Մուրատեանի ժամանումով: Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռէն, մեզի, կարծես նոր խունկ ու մասունք կը հասնի Մոնթրէալ: Տէր Հրաչի մեղմ այլ խորունկ թոնականութիւնը, աւանդապահ այլ այժմէապահ սկզբունքները՝ միաժամանակ, համոզիչ ու յորդորական մտածելակերպն ու հետեւաբար դիւրայաղորդ խօսակցութիւնը կը զգենուր առողջ ու ինքնավստահ գոյներ: Խմբագրատան մէջ՝ իր աչքերով եկած էր տեսնելու ե’ւ ծանօթանալու ե’ւ ըմբոշխնելու «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի 51-ամեայ ոսկեայ պատմութիւնը: * * * Տէր Հրաչ քհնյ. Մուրատեան, ծնած է 1984ին՝ Մայր Հայրենիքի Արարատի շրջանի Խորը Վիրապ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի 10-ամեայ դպրոցին մէջ: Յետոյ ընդունուած է Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցը: 4 տարի Bacheler-ը աւարտելէ ետք, կը շարունակէ, երկու տարի, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը ուր կը ստանայ Մագիստրոս (Masters) աստիճանը: 2006-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ծառայելով Մայր Աթոռի տարբեր բաժիններու՝ ճարտարապետական, դիւանատան, վեհարան: Իբրեւ գնդերէց իր հոգեւոր ներկայութիւնը բերած է հայոց բանակին մէջ: (Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ – Ա.Պ.Բ.) 2009-2011: Իր ընտանեկան կեանքի շղթան կը կապէ երէցկնոջ հետ, բախտաւորուելով 2 մանչ զաւակներով՝ Նորիկ եւ Արամ: 2013-ի Ապրիլին կը ձեռնադրուի քահանայ եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ կը նշանակուի Պուլկարիոյ Հայոց թեմ: Տէր Հայրը շուրջ տասներեք տարիներ իր հովուական ծառայութիւնը կը մատուցանէ Փլովտիվի հայ համայնքին եւ շրջակայ փոքր ծուխերին: Ծառայութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողմէ վստահուած է նաեւ Առաջնորդական տեղապահի (2014-15 թթ.) եւ փոխառաջնորդի (2025-26 թթ.) պատասխանատու պաշտօնները: Եւ վերջապէս 2026-ի Յուլիս 8-ին հայ համայնքը կը բախտաւորուի, զինք ունենալով իբրեւ Լաւալի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ օգնական հովիւ: * * * Շարունակելով մեր հանդիպումը ՝ Ահաւասիկ գեղեցիկ առիթ մը, որ աւելի մօտէն ճանչնայինք պուլկարահայ գաղութը հաւաստի աղբիւրէ շաղախուած՝ հոգեւորականի տեսանկիւնով: Ուրեմն՝ «Եկեղեցին միաւոր է բոլոր միութիւններու գլուխին կեցած՝ ոչ թէ կառավարիչ այլ որպէս Սրբութիւն: Միութիւններ տարբեր ծրագիրներ կրնան ծաւալել: Հոգեւորը պէտք է աջակցի ոգեւորելով անոնց ձեռնարկները այդ գործակցութիւնը ծաւալելու համար: Բոլորին հանդէպ անկողմնակալ մօտեցումը ամենաառողջ երեւոյթն է գործի յաջողութեան. Իսկ այդ վիճակին հասնելու համար առաջին ազդակը վստահութիւն ստեղծելն է հոգեւորական-միութենական յարաբերութեանց մէջ: Մեր բոլորին ուժը պէտք է գործածուի ի նպաստ ազգայինին: Հայ ժողովուրդի տարբեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որքան ալ տարբեր ըլլան իրենց մտածումներուն եւ մօտեցումներուն մէջ պէտք է միաւորուին ազգային գաղափարի շուրջ: Տարակարծութիւնները բնական են եւ նոյնիսկ՝ առողջ, սակայն մեր բոլորին գաղափարական հիմքը պէտք է ըլլայ մէկ՝ հայապահպանութիւնը եւ մեր ազգային ինքնութեան պահպանումը: Փա՜ռք Աստուծոյ, կրնամ ըսել, որ Պուլկարիոյ մէջ իմ հովուական ծառայութեան ընթացքին, հնարաւորինս յաջողած եմ առաջնորդուիլ այս գաղափարով՝ մարդիկը համախմբելով ոչ թէ անձի, այլ ազգային գաղափարի շուրջ: Եթէ մեր տարբերութիւնները մէկ կողմ դնենք եւ մեր ուժերը համախմբենք մէկ ընդհանուր նպատակի շուրջ, այն ատեն է, որ կրնանք աւելի զօրաւոր ըլլալ: Ոչ թէ անձի, այլ գաղափարի շուրջ պէտք է միաւորուինք: Որովհետեւ անձերը կ’անցնին, բայց գաղափարը կը մնայ: Եւ երբ այդ գաղափարը ազգային է, անիկա կը դառնայ սերունդները իրարու կապող ուժը: Ուստի, եթէ կ’ուզենք, որ հայութիւնը ապրի, պահպանուի եւ յարատեւէ, պէտք է մեր անձնական տարբերութիւններէն վեր բարձրանանք եւ մէկտեղուինք այն արժէքներուն շուրջ, որոնք մեզ հայ կը պահեն: Իմ հասկացողութեամբ՝ հայ ազգի յարատեւութեան գաղտնիքը հոն է՝ անձերէն վեր՝ գաղափար, տարակարծութիւններէն վեր՝ միասնութիւն եւ ամէն բանէ առաջ՝ ազգայինը»: Տէր Հրաչ փափաք յայտնեց հանդիպումներ ունենալ, բանախօսական հաւաքներ սարքել՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան կամ երիտասարդներու առնչող նիւթերու մասին. Վերջապէս նախկին իր փորձառութիւններն ու յաջողութիւնները մեզի աւելի կը ներշնչէին անոնց իրականացման: Ձեռքի ջերմ սեղմումով բաժնուեցանք իրարմէ: Այս սեղմումով ես զգացի փոխանցիկ խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն, մանաւանդ վստահութիւն ներշնչող աշխատանքի պատրաստակամութիւն, որուն վրայ պիտի հիմնուէր ու իրականանար Յոյսի ու միացեալ հաւաքական գործունէութեանց պսակումը: Տէր Հրաչ կը հաւատայ, որ միասնական աշխատանքը կեանքի ընթացքէ աւելի համանքահայ կեանքի ընթացիկ պատգամ մը պէտք է ըլլայ: Հանդիպումը վարեց՝ Պերճ Գոգորեան