9Հոկ­տեմ­բեր Ուրբաթ երե­­կոյ, Երե­­ւան «Յա­­ռաջ» կեդ­­րո­­­նի մէջ կա­­յացաւ անուանի գրա­­կանա­­գէտ Մարկ Նշա­­նեանի «Բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն եւ Յե­­ղափո­­խու­­թիւն» խո­­րագ­­րեալ հատորի շնոր­­հանդէ­­սը։ Ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը՝ որ լոյս տե­­սած է Պոլ­­սոյ մէջ, «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան «ԿԱՄ» մա­­տենա­­շարէն, կը քննար­­կէ հայ գրա­­կանու­­թեան եր­­կու կա­­րեւոր դէմ­­քե­­­րու, Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի եւ Վա­­հէ Օշա­­կանի քեր­­թո­­­ղական գոր­­ծե­­­րը ու աշ­­խա­­­տան­­քը։ «Առա­­ջին ակ­­նարկով պա­­տահա­­կան թո­­ւացող այս հան­­դի­­­պու­­մը խոր­­քին մէջ երկխօ­­սու­­թիւն մըն է եր­­կու տար­­բեր աշ­­խարհնե­­րու մի­­ջեւ։ Մէկ կող­­մէն Սո­­վետա­­կան Հա­­յաս­­տանն ու Չա­­րեն­­ցի «Հայ­­րե­­­նիք»ի որո­­նու­­մը, միւս կող­­մէն սփիւռքեան գո­­յավի­­ճակին մա­­սին Վա­­հէ Օշա­­կանի վկա­­յու­­թիւնը։ Հե­­ղինա­­կը գրա­­կանա­­գիտա­­կան ու փի­­լիսո­­փայա­­կան վեր­­լուծումնե­­րով կը քննէ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի գոր­­ծին մէջ պատ­­մութեան, սու­­գի եւ գրա­­կան լե­­զուի հար­­ցե­­­րը, ինչպէս նաեւ Վա­­հէ Օշա­­կանի ար­­ձակն ու քեր­­թո­­­ղու­­թիւնը լոյս տակ բե­­րելով անոնց մի­­ջեւ գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ան­­տե­­­սանե­­լի կա­­պը։ «Կամ» մա­­տենա­­շարի եր­­րորդ միաւո­­րը հան­­դի­­­սացող «Բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն եւ յե­­ղափո­­խու­­թիւն» հա­­տորը հայ գրա­­կանու­­թեան, լե­­զուին եւ պատ­­մութեան նո­­ւիրուած խո­­րունկ հա­­մեմա­­տական մըն է եւ ար­­ժէ­­­քաւոր աղ­­բիւր մը բո­­լոր ըն­­թերցող­­նե­­­րու հա­­մար» գրո­­ւած է հրա­­տարակ­­չա­­­տան ծա­­նօթագ­­րութեան մէջ։ Յա­­ռաջ կեդ­­րոնն կա­­յացած շնոր­­հանդէ­­սի պա­­հուն հե­­ղինա­­կը շուրջ 1,5 ժամ տե­­ւողու­­թեամբ բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ իր կա­­տարած ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մա­­սին։ Յա­­տուկ անդրա­­դար­­ձաւ ժո­­ղովրդա­­կան սահ­­մա­­­նու­­մով բնու­­թագրո­­ւած խօս­­քին ու մե­­ղեդիի որ գե­­ղագի­­տական եղա­­նակ­­նե­­­րով ազ­­գա­­­յինի վե­­րածո­­ւելուն մա­­սին։ Այս հաս­­տա­­­տու­­մի վառ ապա­­ցոյց իբ­­րեւ օրի­­նակ բե­­րելով Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի կա­­տարած հսկայ գոր­­ծը, պատ­­մեց թէ ան­­տե­­­սած, ար­­հա­­­մար­­հո­­­ւած գեղ­­ջուկ եր­­գը վար­­դա­­­պետի գե­­ղագի­­տական մի­­ջամ­­տութեամբ դար­­ձաւ «ազ­­գա­­­յին», պաշ­­տա­­­մունքի առար­­կայ դարձնե­­լով Կո­­միտա­­սը։ Գրա­­գէտ­­նե­­­րու եւ գրա­­սէր­­նե­­­րու կո­­կիկ բազ­­մութեան մը մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­յացող շնոր­­հանդէ­­սը աւար­­տին հա­­սաւ աս­­մունքով, ուր Թու­­մա­­­նեան Թան­­գա­­­րանի աշ­­խա­­­տակից տի­­կին Մայ­­տա Պոշ­­կե­­­զենեան ար­­տա­­­սանեց Չա­­րեն­­ցեան բա­­նաս­­տեղծու­թիւն։