Երեք տա­րիներ ան­ցած են Հա­մասի 7 Հոկ­տեմբե­րի յար­ձա­կումնե­րէն ցայ­սօր։ Իս­րա­յէլի հետզհե­տէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րածած հա­կայար­ձա­կումնե­րը խլե­ցին աւե­լի քան 70 հա­զար պա­ղես­տինցի­ներու կեան­քեր։ Սա պաշ­տօ­նական տո­ւեալն է, որուն պէտք է աւելցնել անա­սուննե­րը, ձի­թենի­ները եւ ամ­բողջ կեն­դա­նու­թիւնը տա­րածաշրջա­նի։ «Թոյլ չենք տար որ Կազ­զան մար­դու իրա­ւունքնե­րու թա­ղուած գե­րեզ­մա­նի մը վե­րածո­ւի»։ Եր­կար ու դա­ժան տա­րիներ պա­ղես­տինցի­ներու մար­դու իրա­ւունքը պաշտպա­նելու եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դի­մադ­րե­լու հա­մար տա­րած պայ­քա­րին հա­մար 2026-ին, Հրանդ Տինք Մի­ջազ­գա­յին Մրցա­նակին ար­ժա­նացած իրա­ւապաշտպան Ռա­ճի Սու­րա­նի, մրցա­նակա­բաշ­խութե­նէ ետք կա­տարո­ւած ժո­ղովի մը ըն­թացքին ար­տա­սանած էր այս նա­խադա­սու­թիւնը։ Ան այս տո­ղերով կը պար­զէր իրո­ղու­թիւն մը։ Կազ­զան այ­լեւս գե­րեզ­ման մըն է, ուր կազ­զա­ցիներ կը յա­մառին ապ­րիլ։ Մի այլ պա­ղես­տինցի, Աթ­թա Սաիտ Հա­սան Շե­ւիք եւս, յար­ձա­կումնե­րու եր­րորդ տա­րելի­ցին, հե­տեւեալը կ՚ըսէր BBC-ի թղթակ­ցին։ «Կեն­դա­նի ենք, բայց կ՚ապ­րինք ըն­դարձակ գե­րեզ­մա­նատան մը մէջ»։ Կազ­զա­յի Շու­ճայյէ թա­ղամա­սէն Աթ­թա Սաիտ Հա­սան Շե­ւիք կը պատ­մէ թէ Իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րուն կորսնցու­ցած է որ­դին, դուստրը, քոյ­րը եւ անոր երա­խանե­րը։ Շե­ւիք ըն­տա­նիքի մնա­ցեալ ան­դամնե­րուն հետ կը թա­փառի աջ ու ձախ. «Այ­լեւս լու­ծում մը գտնո­ւելու է, տա­րինե­րէ ի վեր կեղ­տի, խայ­տա­ռակու­թեան մէջ կ՚ապ­րինք» կ՚ըսէ Շե­ւիք։ Սա­միրա Ապ­տուլլահ Ալ Ուա­տիյա 7 Հոկ­տեմբե­րին հար­կադրո­ւած է Շու­ճայյէի իր բնա­կարա­նը լքել, որ­մէ ետք ոչ մէկ տեղ 40 օրէ աւե­լի չեն բնա­կած։ Պա­տերազ­մի ըն­թացքին որ­դի­ները կորսնցու­ցած Սա­միրա­յի հա­մար պա­տահար­նե­րը կա­րելի է բնու­թագրել մէկ բա­ռով, որն է սար­սա­փը։ Կազ­զա­յի հա­մար կնքուած զի­նադա­դար­նե­րը թուղթի վրայ կը մնան, քա­նի Իս­րա­յէլ յա­րատեւ կեր­պով կը շա­րու­նա­կէ պա­ղես­տինցու ցե­ղը կո­տորել։ Իս­րա­յէլի Արտ Գործ Նա­խարա­րը առանց ամչնա­լու պա­ղես­տինցի­ները կ՚որա­կէ անա­սուն մար­դիկ ըլ­լա­լով եւ կը պնդէ թէ պէտք է ոչնչա­ցուին։ Կը փոր­ձեն պա­ղես­տինցի­ները սո­վի ճամ­բով կրթել, հի­ւան­դա­նոց­նե­րը հրթի­ռակո­ծելով, ջու­րի սան­ձը խան­գա­րելով, սննդամ­թերքի նե­րածու­մը ար­գի­լելով մեզ կար­գի բե­րել կ՚ու­զեն։ Բայց գե­րեզ­մա­նը կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր կեն­դա­նու­թիւնը»։ Պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րը, թո­ւան­շաննե­րը պաղ են, կը տես­նենք ու կ՚անցնինք։ Բայց գո­նէ ան­գամ մը այդ թի­ւերը լսե­լու պա­հուն յի­շեցէք ձեր մեր­ձա­ւոր­նե­րը, հա­րազատ­նե­րը ու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րով Կազ­զա­յի մէջ մա­հացող­նե­րու թի­ւը 74 հա­զար է։ Տե­ղական աղ­բիւրնե­րու հա­մաձայն այդ թի­ւը շատ աւե­լի բարձր է, քա­նի կա­րելի չէ եղած շէն­քե­րու, դպրոց­նե­րու,հի­ւան­դա­նոց­նե­րու կամ շու­կա­ներու փլա­տակ­նե­րուն տակ ան­թաղ մնա­ցած­նե­րուն թի­ւը ճշդել։ Միւս կող­մէ նոյն 7 Հոկ­տեմբեր թո­ւակա­նին կը յի­շատա­կուի նաեւ Հա­մասի գոր­ծադրած յար­ձա­կումնե­րուն հա­զար եր­կու հա­րիւր իս­րա­յէլա­ցի զո­հերը։ Թէեւ յի­շատա­կումնե­րը կը կա­տարո­ւին բո­վան­դակ Իս­րա­յէլի տա­րած­քին, բայց յատ­կա­պէս կ՚առանձնա­նայ 378 ան­ձե­րու մա­հացած եւ 44-ին ալ պա­տանդ վեր­ցո­ւած «Նո­վա» երաժշտա­կան փա­ռատօ­նի կա­յացած վայ­րը։ Ի՞նչ կ՚ու­զէք մա­նուկնե­րէն Պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րը թէեւ հե­ռու են կա­տարո­ւածը ցո­լաց­նե­լու առու­մով, բայց փո­խան­ցո­ւած տե­ղեկու­թիւննե­րէն կա­րելի է են­թադրել հա­կառա­կոր­դը, ոչնչաց­նե­լու ուղղեալ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու տա­րողու­թիւնը։ Մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­ման կեդ­րո­նին հա­մաձայն 2023-ի Հոկ­տեմբե­րէն այ­սօր սպա­նուած են 21.745 երա­խաներ։ Անոնցմէ 293-ը նո­րածին­ներ էին եւ շուրջ հա­զարը տա­կաւին չէր լրա­ցու­ցած առա­ջին տա­րին։ 123 մա­նուկներ մա­հացան սնունդի ան­բա­ւարա­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ, կամ այլ խօս­քով սո­վամահ եղան։ Երեք տա­րինե­րու ըն­թացքին 46 հա­զար երա­խայ վի­րաւո­րուե­ցան, իսկ 11 հա­զարը ան­դա­մահա­տուե­ցան։ Ըն­տա­նեզուրկ մնա­ցած, ռումբերու, պայ­թումնե­րու հե­տեւան­քով քու­նը խան­գա­րուած, բու­ժօգնու­թիւն չստա­ցած։ Իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րէն տու­ժողնե­րու շար­քին են տա­րեց­նե­րը, կա­նայք, հաշ­մանդամ­նե­րը, անա­սուննե­րը ու վեր­ջա­պէս հո­ղը։ Պա­ղես­տի­նի վի­ճակագ­րութեան կեդ­րո­նի հա­մաձայն քա­ղաքի 82 տո­կոսը գետ­նին հա­ւասա­րեցո­ւած է։ Ամ­բողջո­վին փլած են 134 հա­զար 422 շէն­քեր։ Տե­ղահա­նուած 1,65 մի­լիոն պա­ղես­տինցի ձմրան նա­խօրեակին բնա­կու­թեան լուրջ դժո­ւարու­թիւններ կը դի­մագ­րա­ւեն։ Քա­ղաքի են­թա­կառու­ցո­ւած­քը ամ­բողջո­վին վնա­սուած է։ Բնակ­չութեան 70 տո­կոսը օրա­կան հա­զիւ 6 լիթր ջուր կը ստա­նայ։ Լրագ­րողներ՝ ձեր անու­նը տա­կաւին կը յի­շուի Հա­մաշ­խարհա­յին բազ­մա­թիւ լրա­տուա­միջոց զուրկ են Կազ­զա մտնե­լու ար­տօ­նու­թե­նէն։ Եր­րորդ տա­րեդար­ձի մա­սին լրա­հոսը կը հա­ղոր­դո­ւի Իս­րա­յէլեան յի­շատա­կումնե­րու սահ­մա­նու­մով։ Լրագ­րողնե­րու կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու փո­խանցմամբ ցարդ սպա­նուած են 263 լրագ­րողներ։ Իս­րա­յէլի բան­տե­րուն մէջ կը պա­հուին 50 լրագ­րողներ, որոնցմէ 23-ը ձեր­բա­կալուած։ Կայ նաեւ երեք ան­յայտ կո­րած­ներ։ Լրագ­րո­ղու­թեան պար­տա­կանու­թիւնը կա­տարած պա­հուն սպա­նուած սի­րելի պաշ­տօ­նակից­ներ Սա­մէր Ապու Տաք­քա, Էնէս Էլ Շե­րիֆ, Մաիրամ Էպու Տաք­քան եւ Ֆաթ­մա Հա­սու­նա­յի ազ­նիւ յի­շատա­կին յար­գանքով։ Ձեր անուննե­րը տա­կաւին կը յիշուին։