Նկարագրելիքս բռնկումներով ու շիջումներով բոցավառում մըն էր։ Կրակոտ պատանի մըն էր, դասին շատ կարեւորութիւն չէր տար, սակայն չէր ալ խանգարեր ու իր բնաւորութեամբ սիրելի կը դարձնէր ինքզինք։ Առանձնապէս մտերիմ չէինք, ուստի զարմացայ, երբ օր մը խնդրեց, որ եթէ դէմ չեմ՝ տունս կ’ուզէ գալ, խօսելիք ունի։ Եկաւ ու փոթորիկը սկսաւ։ Կը խօսէր արագ, կրքոտ, յուզումով։ Աղջիկ մը կը սիրէր, սակայն իր հայրը դէմ էր որեւէ յարաբերութեան, ըսելով որ իր սիրելու ժամանակը չէ, դասերուն թող հետեւի։ Բայց, օրիո՛րդ, ինչպէ՞ս թէ՝ ժամանակը չէ. ինք առանց այդ աղջկան չէր կրնար ապրիլ.և նայէ՛,և կը ցուցնէ դաստակը,և նայէ՛, անոր անունը երակներուս մէջ է, եթէ սիրտը պատռէք՝ հոն է ան, ի՞նչ ընեմ հիմա…։ Կը խօսէր ու յայտնի էր, որ խորհուրդի չէր եկած, պարզապէս յորդող զգացումները մէկու մը հետ կիսելու անզսպելի պահանջք ունէր։ Ու իմս լսողի դերէն աւելին չէր։ Ամիս մը կամ երկու անցած էր հաւանաբար, երբ զբօսանքներուն ուրիշ աղջկայ հետ կը խօսէր…։ Անկե՞ղծ էր. այո՛, երկու պարագային ալ. ատոր անունը պատանեկան սիրահարութիւն է։ Լսենք Աւ. Իսահակեանին սքանչելի բնորոշումը. Ապրած իմ կեանքից մի սուրբ երազի Բուրմունքը մնաց սրտումս անմոռաց- Այն որ ջերմ լացի առանց տանջանքի, Խորունկ սիրեցի առանց տենչանքի… Մտածող մարդը տարիներու թաւալումին հետ առաւել կը հասուննայ, կեանքի ճանաչողութիւնը առաւել ներողամիտ ու շրջահայեաց կը դարձնէ զինք, ու եթէ ան այլեւայլ պատճառներով աշխարհէն չարացած չէ՝ մարդոց հանդէպ ուշադրութիւնն ու բարեմտութիւնը կը խորանան։ Իր գործը սիրող մանկավարժը առաւել կը կա-պուի տղոց, առաւել լայնահոգի կերպով կ’ընդունի անոնց պա-տանեկան բուռն կամ անհա-ւասարակշիռ վարմունքները ու անոնց կը վերաբերի որպէս զաւակի։ Այդպէս եղաւ իմ պա-րագային եւս։ Մատղաշ հոգի-ները շատ զգայուն են, անմի-ջապէս կը զանազանեն իրենց հանդէպ իրաւ սէրը կամ անտարբերութիւնը եւ կ’արձագանգեն անմիջապէս։ Անոնց սէրը տարբեր կերպերով կը զգաս։ Քեզմէ՞ դուրս կը քաշեն խորամանկ հարցումով, թէ՞ այլ տեղէ կ’իմանան ծննդեանդ օրը, կամ այլ տօնական օրերու կ’որոշեն ուրախացնել զքեզ։ Քանի՜ անգամներ ծաղիկներով ու անուշեղէնով բեռնուած «խուժած» են տունս ու հոգիս տակնուվրայ ըրած… Եթէ բոլոր դէպքերը անուններով յիշէի՜…։ Բայց ահա այդ օրը յստակ մնացեր է ու բոլոր լաւ յիշողութիւններու պէս՝ ոչ նոյնքան ուժգին, սակայն ջերմ ալիք մը հոգիիս վրայ կը նուագէ այն անվերադարձ օրերու կարօտի թախծոտ նուագները։ Ինքս իսկ մոռցած տարեդարձս (զոր տօնելու սովորութիւն չունիմ)՝ կը մտնեմ դասարան (երրորդ յարկ, ձախ կողմ, միջանցքի աջի առաջին դասասենեակը,և կը նշեմ իրենց համար) ու բուռն ծափահարութիւնները անակնկալի կը բերեն զիս։ Մինչեւ ամպիոն գետինը ծածկուած է վարդի թերթիկներով, սեղանին ծաղիկներ ու անուշեղէն, գրատախտակին՝ բարեմաղթութիւն…։ Քեզի կը մնայ նայիլ անոնց պայծառ դէմքերուն եւ ուրախութեան յուզումէդ լալ…։ Տարի մը Ճեմարանին տնօրէնութիւնը արգիլեց ուսուցչական տօնին առթիւ դպրոցին մէջ նուէրներ տալ, նաեւ՝ ծաղիկներ։ Նուէր տալու առթիւ պահ մը միայն կ’ուզեմ փոքրիկ շեղում տալ, ելլել դպրոցի շրջանակէն եւ տուներ մտնել։ Տղան կամ աղջիկը շատ բաներ նախ տունէն կը սորվին, իսկ մեր՝ մեծերուս աշխարհին մէջ միշտ չէ որ նուիրելը ներքին մղում է, այլ, աւելի յաճախ՝ պարտականութիւն՝ հաճելի կամ ակամայ, երբեմն՝ տհաճ։ Այդ մէկը մեր կեանքի պարտադրուած կեղծիքներէն է, որմէ հրաժարելու քաջութիւնը չենք ունենար։ Չենք կրնար առաջնորդուիլ սկզբունքով մը՝ նուիրել երբ կ’ուզես, ոչ թէ հարկադրուած։ Վերջապէս՝ հանրայայտ ասոյթ մը կայ՝ «Մի՛ ըներ ուրիշի այն, ինչ չէիր ուզեր որ քեզի ընէին»։ Մարդկային յարաբերութեան ոսկէ օրէնք, զոր խախտելը անպայման դժգոհութիւններու, նաեւ տգեղ դէպքերու ծնունդ կու տայ։ Գիւղիս մէջ գիրքերէ ստացած գաղափարներով ու բնութեամբ դաստիարակուած՝ նիւթին արժէքը չէր ճնշած էութիւնս։ Հալէպ եկայ ոչ Հայաստանի «կեանքէն», այլ ուսանողական միջավայրէս, ուր նիւթականը չէր իշխեր մեր հոգիներուն, ընկերներու միջեւ գրեթէ իմս ու քուկդ հասկացութիւնը չկար, մեր համեստ «ունեցածը» կրնայինք գործածել միասին։ Հալէպ յայտնուեցայ նիւթի աշխարհին մէջ։ (Հարցը Հալէպը չէ, նոյնը կրնար պատահիլ, եթէ Երեւան «կեանք մտնէի»։) Քանի մը դէպքով անդրադարձայ, թէ որքան տգեղ կրնայ ըլլալ նուէր տալը եւ ստանալը։ Նաեւ անդրադարձայ, որ աղքատութիւնը մեծապէս հոգեկան վիճակ է եւ ոչ՝ նիւթականի չգոյութիւն։ Երբեք նուէր չեմ ակնկալեր, սակայն սիրով տրուած մէկ հատիկ ծաղիկը կամ չնչին արժէքով առարկան կրնայ զիս երջանիկ ընել։ Շատերէն երկու դէպք միայն յիշեմ։ «Բարեկամներ», որ դրամի պակաս չունէին, առաջին անգամ տունս այցելելու առիթով նուէր բերած էին։ Լուսամփոփ մըն էր։ Բնական է որ նուէրը պէտք է բանայի իրենց ներկայութեան։ Տեսնելով որ ձեռքիս մէջ լուսամփոփը իր ձեւը կորսնցուց, ամուսինը շատ հանգիստ ձայնով ըսաւ, թէ փոքրիկ անսարքութիւն կայ, վերցուց ու սկսաւ նորոգել։ Չէր յաջողեր ու աւելի ճիգ կը թափէր։ Կինը կը հասկցնէր որ չշարունակէ, ես ալ – անյարմար վիճակէն զիրենք հանելու համար- ըսի, որ ես ետքը կը շտկեմ։ Գացին։ Լուսամփոփը երբեք լոյս չամփոփեց։ Տունի մէկ անկիւնը մնացած անգործածելի իրը բերած էին «աղքատ ազգականին» նուէր։ Վստահ եղէք, ունեւորի մը նման բան չէին ըներ։ Աղբահաւաքին տուի, թերեւս կրնար մէկու մը «նուիրել»։ Ուրիշ մըն ալ տուներու մէջ գործածելու համար չնախատեսուած իր մը բերաւ, որուն տուփը կը մատնէր, թէ երկար մնացած էր դարակներու մէջ։ Յարմար առիթը եկած էր անկէ ազատելու, նոյն ատեն՝ լաւութիւն ընելու։ Շատ խորհած եմ այս երեւոյթին մասին. մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան գիտակցաբար նման վիրաւորանք հասցնել ուրիշի։ Եւ ահա հոն է հոգիին աղքատութիւնը, որ Քրիստոսին ըսածը չէ։ Ես գիտակիցները չեմ անտեսեր, լաւին գոյութիւնը բնական կը գտնեմ։ Սակայն աշակերտները տարբեր ընտանիքներէ կու գային եւ բնականօրէն կրնային նմանակել, ուստի յաճախ հարկ զգացի անոնց հետ զրուցել նուէր տալու եւ ստանալու ընդունելի կերպերու մասին։ Մարդկային հակում է՝ երբ ուսանող տղան կամ աղջիկը իսկապէս կը յարգեն կամ կը սիրեն որոշակի ուսուցիչ մը՝ կ’ուզեն առիթով մը անոր նուէր տալ։ Բոլորովին այլ բան է ընդհանրացած՝ չգրուած օրէնքի անցած երեւոյթը, որ այդ օրը ծնողները կը մտահոգուին՝ ի՞նչ գնել ու նուիրել ուսուցիչին (ո՞ր մէկուն, որ ուրիշները չնեղուին եւ…)։ Յարգանք դրսեւորելու կերպեր շատ կան, իսկ ստիպողական նուէրը ստացողին համար ստորացուցիչ է։ Ուսուցիչը իր գործը նման նուէրի ակնկալիքով չ’ըներ։ Անկեղծօրէն տրուած նուէրներ յաճախ ստացած եմ։ Բանաստեղծական պատկեր մը կայ, զոր չեմ կրնար անգամ մը եւս չյիշել. Բալիկ Ազարիկեան, որ դասարանին մէջ կ’ամչնար մօտենալ ու հետս խօսիլ՝ ամէն գարնան կը յաջողէր իրենց պարտէզէն քաղած մանուշակի փունջ մը անձայն կախել բնակարանիս դուռէն ու անհետանալ…։ Եւ այդպէս՝ դպրոցէն ներս նուէր տալը արգիլող որոշումին թեր ու դէմ կարծիքներ կային։ Ես համաձայն էի. անցեալին պատահած դէպքեր կը յուշէին որոշումին տեղին ըլլալը։ Դպրոցական տարիքիս ռուսերէնի ուսուցչուհի մը ունէինք՝ Սիպերիայէն Հայաստան աքսորուած (Հակառակ երեւոյթն էր՝ սովորաբար աքսորավայրը Սիպերիան էր։) հսկայ ռուս կին մը։ Մարտ 8-ը Սովետի մէջ մեծ տօն էր։ Սովորութիւն էր նաեւ ուսուցչուհիներուն նուէրներ տալ։ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետքն էր, երկիրը՝ աղքատ, գիւղին խանութը՝ չափազանց աղքատիկ, ու նուէր գտնելը ընտրութիւն չունէր։ Եւ ահա առաւօտուն, երբ Լիտիա Եւկէնովնան զինուորական քալուածքով կը մտնէ դասարան ու սենեակը կը լեցնէ իրմով՝ մէկիկ-մէկիկ, արարողակարգի մը պէս՝ կը մօտենանք ու ուսուցիչի սեղանին կը դնենք մեր նուէրները։ Ան ապշած կը նայի մերթ սեղանին ու մերթ մեզի եւ չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ բերած ենք այդքան «հոտով» օճառ…ու թուղթէ տուփերով փուտրա…, գիւղին միակ խանութը եղած յարմար (խղճուկ) նուէրները։ Ան արագ կը վերցնէ միայն մանուշակի փոքրիկ փունջը ու կը փախչի ուսուցչարան։ Մենք իրմէ պակաս շուարած չէինք…։ Յաջորդ դէպքը, որ Հալէպի դպրոցներէն մէկուն մէջ դասաւանդածս ատեն պատահեցաւ՝ տգեղ երեւոյթ մըն էր։ Ուսուցչաց տօնին օրը (Տարօրինակ զուգորդութեամբ՝ վաղը՝ Հոկտեմբեր 5-ին Հայաստանի մէջ «Ուսուցիչների Միջազգային օր» է։) մտայ դասարան մը, ուր տեսարանը շուկայ կը յիշեցնէր. աղջիկ մը ընկերուհիները շուրջը բոլորած՝ կը ցուցադրէր կնոջական հագուստներ ու այնպէս տարուած էին, որ մտնելս սեղանին թակելով յայտնելու հարկ զգացի։ Ան շփոթմունքով արագ հաւաքեց լաթերը, պարկերու մէջ լեցուց ու կը ջանար նստարանին դարակը խցկել։ Սակայն պահուն ամբողջ ընթացքին չկրցաւ կեդրոնանալ, պարկերը դարակին մէջ չէին բաւեր։ Նաեւ՝ դժգոհ էր իր վիճակէն, քանի որ բերած լաթերուն կոյտը տեսած էի, որոնցմէ ինծի բաժին հանելու նպատակ չունէր, եթէ, անշուշտ, ես երբեք նպատակ ունենայի զայն ստանալ։ Տկար էր ուսման մէջ, իսկ հայերէնի պահը իրեն համար որեւէ իմաստ չունէր, հետեւաբար հայերէնի ուսուցիչը «գրաւելու» հարկ չկար։ Մտայնութիւնը յստակօրէն տպուած էր դէմքին. խղճացի պատանի տարիքի աղջիկը՝ այդ մանր հաշուենկատութեան համար, որ, բնականաբար, ծնողքէն կու գար։ Վերջին զբօսանքին շուկան ուսուցչարան փոխադրուած էր, իսկ արձակուելուն՝ բեռնաւորուած ուսուցչուհիները հակասական տրամադրութեան դրոշմը կը կրէին՝ հպարտութիւն՝ սիրուած ըլլալնուն (որ իրաւունք է), նաեւ՝ սխալ վիճակի մէջ ըլլալու անյարմարութիւն։ Յուսամ միտքս հասկնալի է, ու ոչ ոք կը վիրաւորեմ։ Պարզապէս երեւոյթին կոպիտ անճաշակութիւնը կը մատնանշեմ։ Բայց ահա մեծ հաճոյք զգացած եմ Ճեմարանին մէջ եղած դէպքէ մը, երբ գործարք չկար ու մղումը անկեղծ էր։ Այն տարին էր, երբ արգիլուեցաւ ուսուցչաց տօնին օրը նաեւ ծաղիկներ նուիրել։ Վեցերորդ պահը ըրած ու շատ յոգնած՝ բակէն կ’ելլէի, երբ փոքրամարմին աղջիկ մը առջեւս ելաւ ու գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը երկարեց։ Զարմացայ, քանի որ եղած էի իրենց դասարանին մէջ ու ոչինչ նկատած էի։ Դպրոց մտած էր ետնամուտքէն, յաջողած էր առանց պրն. Անդրանիկէն տեսնուելու «մայրիկ»-ներէն մէկուն քով պահ տալ ծաղիկները ու ահա, ժպտադէմ ու յաղթանակած՝ դէմս ելաւ…։ Կը տաք, երբ ձեր ինչքերէն կը տաք, սակայն շատ քիչ է ձեր տուածը։ Ճշմարիտ տուչութիւնը այն է, երբ դուք ձեզմէ կը տաք։1 1 Ճպրան Խալիլ, «Մարգարէն», Վահէ Վահեանին թարգմանութեամբ։ Լալա Միսկարեան-Մինասեան The post ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՍ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԻԹ. appeared first on Գանձասար .
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՍ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԻԹ.
Նկարագրելիքս բռնկումներով ու շիջումներով բոցավառում մըն էր։ Կրակոտ պատանի մըն էր, դասին շատ կարեւորութիւն չէր տար, սակայն չէր ալ խանգարեր ու իր բնաւորութեամբ սիրելի կը դարձնէր ինքզինք։ Առանձնապէս մտերիմ չէինք, ուստի զարմացայ, երբ օր մը խնդրեց, որ եթէ դէմ չեմ՝ տունս կ’ուզէ գալ, խօսելիք ունի։ Եկաւ ու փոթորիկը սկսաւ։ Կը խօսէր արագ, կրքոտ, յուզումով։ Աղջիկ […]

Comments
No comments yet — be the first to comment.







