Լոյսը եւ արեւի շողը հայ ժողովուրդին համար եղած են կեանքի ու յաւերժութեան աստուածը, որուն անմիջական կարեւորութիւնը անժխտելի է բոլոր էակներուն համար: Լուսանկարչութեան արուեստին հիմքը կազմուած է երկու բաղադրիչներէ, առաջինը՝ մութ խցիկն է (camera obscura)։ Ան ծանօթ էր «Aristotle / Greece»-ի եւ «Mozi / China»-ի ն.ք. 4-րդ դարէն սկսեալ, որպէս անուղղակի միջոց՝ տեսողութեան եւ աստղաբանութեան հարցերը քննարկելու, մասնաւորապէս արեւի խաւարումը դիտելու առանց աչքերը վնասելու: Եւ Իպն ուլ-Հայսամ (Ibn al-Haytham) առաջինն էր որ պատրաստեց գործնական camera obscura-ն. ան գործածուած է մինչեւ 16-րդ դար անփոփոխ կերպով, մինչդեռ 1550-ին անոր միացած է երկկորնթարթ ոսպնեակը, իսկ 1568-ին խտրոցը (diaphragm) եւ աւելի ուշ 18-րդ դարուն բարեկարգուած ու ստեղծուած է physiognotrace / camera lucida-ն, որպէս գծագրիչներու կողմէ հարազատ դիմանկարներու ուրուագիծեր պատրաստելու միջոց: Գալով երկրորդ բաղադրիչին, ան կը վերաբերի քիմիկոսներու, երբ 17-րդ դարուն Angelo Sala եւ Wilhelm Homberg կը նկատեն, թէ կարգ մը բաղադրութիւններ կը կորսնցնեն կամ կը փոխեն իրենց գոյնը կամ գոյնի խտութիւնը՝ երբ լոյսի ալիքներու ենթարկուին, ինչ որ հետաքրքրութիւն մը կը ստեղծէ հետապնդելու այս երեւոյթը։ 1826/27-ին ֆրանսացի Nicephore Niepce կը յաջողի ստանալ հնագոյն լուսանկարը, որ տակաւին պէտք էր լուծէր շատ մը ճարտարարուեստական խնդիրներ, ինչպէս՝ նկարը ստանալու տեւողութիւնը, նկարի հաստատումը, աշխատանքի գործնական ընթացքը, նկարին յստակութիւնը ու մէկէ աւելի օրինակներու կարելիութիւնը: Մրցակցութեան մէջ կը մտնեն աշխարհի զանազան կողմեր՝ Ֆրանսա, Անգլիա, Պրազիլ, Ամերիկա ու վերջապէս 1851-ին, անգլիացի Frederick Scot Archer կը յաջողի ստանալ գործնական լուսանկարներ: Այնուհետեւ աշխարհը կը վայելէ այս նորաստեղծ գիւտի (լուսանկարչութեան արուեստի) բարիքը, որ մինչեւ օրս չէ դադրած արագ եւ իրարայաջորդ զարգացումի քայլեր արձանագրելէ: Այս առիթով կ’արժէ իմանալ՝ ժամանակակից օրկանական լուսաքիմիայի հիմնադիր, հայ նշանաւոր գիտնական քիմիկոս՝ Ջակոմո «Յակոբ» Չամիչեանի մասին, որ ծնած է Իտալիա (Treaste) 1857-ին, եղած է Padua եւ Polonia համալսարաններու կառավարիչ։ Ան ունի 400-է աւելի գիտական աշխատութիւններ։ Պարգեւատրուեր է շատ մը շքանշաններով, առաջադրուեր է որպէս նոպէլեան մրցանակի թեկնածու եւ հիմքը դրեր է կենսաճարտարագիտութեան։ Ջակոմո մահացեր է 1922-ին: Հայ անհատը, նորը որոնելու եւ զարգանալու հետեւողականութեամբ, մօտէն հետեւած է լուսանկարչութեան արուեստի զարգացման քայլերուն: Եւ հիմնուելով Getty research institute, university of California – Ph. D. Julia Grimes-ի վկայութեան մը, անջնջելի ներդրում եւ առանցքային դեր ունեցած է 19-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ որպէս քիմիկոս, ոսկերիչ եւ դեղագործ։ 1857-ին հայու զաւակ Pascal Sebah կը հիմնէ Կոստանդնուպոլսոյ առաջին լուսանկարչութեան El Shark արուեստանոցը, որուն յաջող ընթացքով կը բացուի իր երկրորդ արուեստանոցը՝ Գահիրէ: Ան իր բարձր ճաշակով, համադրելով գոյնի լուսաւորութիւնը, ստուերը, շքեղութիւնը, որակը, հակադրելով շարժուձեւը կը ստեղծէ անզուգական պատկերներ՝ յաւերժացնելով հիւրերը, Պոլսոյ կեանքը եւ բնութիւնը: Նոյնպէս Abdallah Freres studio-ն հիմնուած 1858-ին հայ երեք եղբայրներու՝ Գէորգ, Ստեփան, Վիգէն Ապտալլաներու կողմէ՝ իրենց արուեստագէտի ճաշակով ու ճարտարագիտական կարողութիւններով: 1867-ին հիմնարկի պատասխանատուն կը դառնայ սուլթաններու պալատական լուսանկարիչը՝ յաւերժացնելով սուլթաններ, գահաժառանգներ, այցելու իշխաններ, կայսրեր ու կայսրուհիներ, միջազգային ցուցահանդէսներու ներկայացնելով Պոլսոյ գեղատեսիլ համայնապատկերները: Մեծ է ներդրումը տասնեակ հայ լուսանկարիչներու, որոնք ծաղկեցուցին լուսանկարչութիւնը Արեւելեան Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի ու Կեդրոնական Ասիոյ շրջագիծին մէջ: Հայ լուսանկարիչը միջազգային լուսանկարչութեան արուեստին պարգեւած է նաեւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ ու գիւտարար հնարողներ, ինչպէս՝ համաշխարհային դիմանկարներ կերտող լուսանկարիչ՝ Յովսէփ Քարշեան, ծանօթ՝ Karsh of Ottawa։ Տաղանդաւոր վարպետ արուեստագէտ մը, որ կրցած է կեանքն ու մարդը միաձուլել խորապէս ներկայացնելով անձնաւորութեան նկարագիրը, յուզաշխարհը, գեղեցիկ պահեր որսալով: Ծնած է Տիգրանակերտ 1908-ին, ապրած Հալէպ՝ 1922-ին, ապա հաստատուած Օնթարիօ, մահացած Պոսթըն 2002-ին: Իւսուֆ Քարշ իր յուշերուն մէջ գրած է. «Ես տեսայ, թէ ինչպէ՛ս կոտորեցին հարազատներս…»: Մինչ օրս ոչ ոք կրցած է լուսանկարել այնքան հարազատօրէն, այնքան պերճախօս արտայայտութեամբ որքան Karsh of Ottawa կոչուած հայ վարպետը: Ան իր մնայուն տեղը գրաւած է որպէս լուսանկարչական արուեստի ինքնուրոյն դպրոց մը, աշխարհի մեծագոյն թանգարաններուն, արուեստի պալատներուն մէջ՝ Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Անգլիա եւ Քանատա: Լրագրղ, խմբագիր, լուսանկարիչ Մկրտիչ Արա Տէրտէրեան, ծանօթ՝ Ara Gullar, կոչուած է Իսթանպուլի աչքը։ Ան իր ժամանակի լաւագոյն 7 լուսանկարիչներէն մէկն էր, 1961-ին British Journal of Photography-ն իր -year book-ը նուիրած է անոր: Արա ուսման տարիներուն աշխատած է շարժարուեստի բոլոր ճիւղերուն մէջ, 1950-ին լրագրական ասպարէզ մուտք գործած է Yeni Hayat թերթով: Ստանձնած է Time Life, Paris Match, Stern հանդէսներու Միջին Արեւելքի լուսանկարչական տեղեկագրութիւնները, եւ Magnum photo իր լուսանկարները տարածած է 100-է աւելի հրատարակութիւններու մէջ: Իր գործերէն նշանաւոր են՝ Նոյան Տապանի, Նեմրութ լեռան, Ափրոտիսիասին լուսատեղեկագրութիւնները, 1992-ին Միմար Սինանի ստեղծագործութիւններու լուսանկարները: Ծնած է Պոլիս 1928-ին, մահացած 2018-ին: Լուտեր Ճորճ (Կարապետ) Սիմճեան Գիւտարար 200-է աւելի լուսանկարչական պարտականութիւն հետապնդող գործիքներու ու սարքերու: Ծնած է Այնթապ, 1905-ին, Մեծ Եղեռնի օրերուն հասած է Միացեալ Նահանգներ, մահացած՝ 1997-ին: Ունի 200-է աւելի գիւտեր, լուսանկարչական ճարտարագիտութեան մարզէն ներս: Իր անունին միացած են՝ մանրադիտակի լուսարձակը, դրամատուներու ATM-ը, ռազմական թռիչքներու համար պատրաստուած սաւառնակներու թափը ու հեռաւորութիւնը չափող վարժասարքը, հեռատեսիլի հաղորդավարին պաստառը, ինքնագործ նկարիչ սարքը, շպարի ինքնագործ ճօճուող աթոռը, բժշկական գերձայնային սարքերը, ինքնագործ նամակները արժեւորող չափիչը եւ այսօրուան համակարգին ծառայող զանազան պիտանի սարքեր…: Սեփականատէրն է միջազգային ճանաչում վայելող շարք մը հսկայ ընկերութիւններու ցանցի մը: Հալէպ կը հանդիսանայ Սուրիոյ տարածաշրջանի լուսանկարչութեան մայրաքաղաքը, որմէ այս արուեստը տարածուած է Սուրիոյ զանազան շրջաններ՝ հայ լուսանկարիչներու ջանքերով: Ուրեմն լուսանկարչութեան առաջին հետքերը արձանագրուած են վաճառաշահ Հալէպի մէջ եւրոպացի վաճառական, Վիեննայէն գաղթած Ալպերթ Պոխէի ընտանիքին կողմէ, 1865-ին, որպէս ընտանեկան ժամանցի ու հաճոյքի միջոց: 1880-ին Գրիգոր Մըսրլեան հաստատուելով Հալէպ կը հիմնէ տեղական առաջին լուսանկարչական աշխատանոցը, Պէյլունի բաղնիքին հարեւանութեամբ: Ան եղած է Երուսաղէմի միաբանութենէն Եսայի եպիսկոպոսի լուսանկարչական դպրոցի (1864 – 1881) կրտսեր սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկը: Ու իրմով կը սկսի լուսանկարչութեան սերունդաշարը Հալէպի մէջ՝ հասնելով սուրիական զանազան քաղաքներ: Այս առթիւ Տոքթ. Ճէպէճեան կը յիշատակէ, թէ Խանտաքի Ճէպէճեան հիւանդանոցին դիմաց, 1915-էն ետք գործող հայկական որբանոցին մէջ Շաւարշ անունով ուսուցիչ մը որբերուն կը սորվեցնէր գծագրութիւն ու լուսանկարչութիւն: Իրարայաջորդ սերունդներէ օրինակներ կը յիշենք միայն՝ Ֆօթօ Չոլաքեան (1905), Ֆօթօ Տէրունեան (1920), Ֆօթօ Յարութիւն Զուլումեան (1920) (նշանաւոր Գառզու ֆրանսահայ նկարիչի ծնողքը), Ֆօթօ Փափազեան (1930) Լաթաքիա, Ֆօթօ Պոյաճեան (1930) Դամասկոս, Ֆօթօ Արտօ (որ պատրաստած է վարպետ լուսանկարիչներ) (1940), լուսանկարչական պիտոյքներու ներածող Ֆօթօ Նուպար Շահինեան եւ լուսանկարչական սարքերու նորոգող Ֆօթօ Կիւլպէնք 1940-1950-ական սերունդ, Ֆօթօ պրն. Տիգրան Խարապոյեան (1950) նկարչական ճաշակը օտար շրջանակներու մէջ տարածող, նոյն շրջանին՝ Ֆօթօ Գօգո (ազգային վարժարաններու եւ միութիւններու առիթներու լուսանկարներ), Յ. Չամսարեան (1950), Ֆօթօ Հայկ եւ Հրաչ Աւետիսեաններ (1960) պետական այրերու նկարիչ եւ դիմանկարներ կերտող, Ֆօթօ Ճորճ Սայեղ (1960) գունաւոր նկարներ կերտող մասնագէտ, Ֆօթօ Արշո (1950) լուսանկարչական սենտիքայի կարկառուն վարիչ, Արտո Անտոնեան (1960) Հալէպի «ալ-Ճամահիր» օրաթերթի առաջին լուսանկարիչը եւ մարզական խիզախ ու խանդավառող լուսանկարներ յօրինող, եւ վերջապէս Պետրոս Կարապետեան լուսանկարչական գործիքներու ու իրերու տեղական արտադրող (1950), Զոհրապ Մարգարեան (1960) լուսանկարչական քատրեր պատրաստող: Լիակատար նկարչական ճարտարարուեստ մը խնամուած հալէպահայուն կողմէ, որ մինչեւ օրս զայն պահած է պատնէշի վրայ, իր ձեռքին պահելով լուսանկարչութեան արուեստին ու ճարտարարուեստին բանալիները: Սուրիոյ տարածքին, մինչեւ այսօր՝ 2026, առաջատար դիրքեր պահած են շատ մը հայ լուսանկարիչներ, ինչպէս՝ «Վենիւս» Պօղիկեան եղբայրք (Գաբրիէլ Պօղիկեան լուսանկարչատունը հիմնած է 1950-ին) եւ «Թաճ Քալըր» (Տիգրան Թէրզեան եւ զաւակունք) լուսանկարչական հաստատութիւնները, Հայկ Ուրֆալեան (պետական թերթերու եւ հանդիպումներու լուսանկարիչ) եւ ուրիշներ: Վերջապէս հայ լուսանկարիչը եղաւ Միջին Արեւելքի լուսանկարչութեան հիմնադիրը՝ Գահիրէ, Երուսաղէմ, Պէյրութ, Թեհրան, Հալէպ եւ այլուր, հաստատեց լուսանկարչական արուեստանոցներ, տարածեց լուսանկարչութիւնը դարձնելով զայն ժողովրդային արուեստ, զարգացուց արհեստը, ստեղծելով տաղանդաւոր արուեստագէտներ, եւ տեղական ջանքերով պատրաստեց նկարչական պիտանի գործիքներ ու քայլ պահելով միջազգային լուսանկարչական նորութիւններուն հետ, հաստատեց արեւելեան քաղաքներու տեսողական մշակոյթը, դրաւ իր լուսանկարչական դրոշմը Միջին Արեւելքի դրոշմաթուղթերուն վրայ եւ հիմնեց Արեւելքի շարժարուեստի լուսանկարչատուները, օրինակ՝ studio Nasibian, Գահիրէ: Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան The post ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԸ appeared first on Գանձասար .