Հայաստա­նի եւ Ռու­սիոյ դաշ­նութեան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ բա­ւակա­նին ցուրտ մի­ջավայ­րի մէջ։ Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի աւար­տէն ետք հայ հա­սարա­կու­թիւնը ծան­րօ­րէն հիաս­թա­փեցաւ իր ռազ­մա­կան գոր­ծընկե­րոջ վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան դի­մաց։ Այս զար­գա­ցու­մէն ետք հայ­րե­նի երկրի մէջ հետզհե­տէ ծա­ւալե­ցաւ այ­լընտրան­քա­յին նոր յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մտադ­րութիւ­նը։ Ռու­սաստան այս երե­ւոյ­թը դի­տեց արեւմտա­մէտ քա­ղաքա­կանու­թիւն ըլ­լա­լով եւ փոր­ձեց զա­նազան եղա­նակ­նե­րով կար­գի բե­րել Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը։ Սա­կայն այդ տե­սակի պատ­ժա­միջոց­նե­րը հա­կառակ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­ցին եւ Հա­յաս­տան մա­նաւանդ գիւ­ղա­կան ար­տադրու­թեան ար­տա­հան­ման հա­մար գտաւ այլ մի­ջոց­ներ։ Այժմ Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը իր սպառ­նա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ այս ան­գամ Հա­յաս­տա­նին մա­տակա­րարո­ւած կա­զի սա­կերուն մի­ջոցաւ։ «ՌԻԱ Նո­վոս­թի»ին տո­ւած հար­ցազրոյ­ցին ըն­թացքին այս մա­սին յայ­տա­րարեց Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան ԱՊՀ եր­կիրնե­րու չոր­րորդ բա­ժան­մունքի տնօ­րէն Մի­խայիլ Քա­լու­կին: «Հա­յաս­տա­նի հետ մենք ու­նինք պայ­մա­նագ­րա­յին իրա­ւական բա­ւական ըն­դարձակ շտե­մարան, որ կ՛ամ­րագրէ երկկող­մա­նի յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ար­տօ­նեալ, դաշ­նակցա­յին կար­գա­վիճա­կը: Եթէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան բազ­մա­զանեց­ման ծի­րին մէջ կը փա­փաքին վե­րանա­յիլ այդ կար­գա­վիճա­կը, այդ մէ­կը իրենց իրա­ւունքն է: Սա­կայն այն ատեն հարկ պի­տի ըլ­լայ նաեւ հրա­ժարիլ այն առա­ւելու­թիւննե­րէն, զորս Մոս­կո­ւան կը տրա­մադ­րէ միայն իր դաշ­նա­կից­նե­րուն: Այդ առա­ւելու­թիւննե­րու օրի­նակ­նե­րէն մէկն է կա­զի գի­նը», ըսաւ ան: Քա­լու­կի­նի հա­մաձայն՝ ռու­սա­կան կող­մը դէմ չէ, որ Հա­յաս­տան կազ գնէ այլ եր­կիրնե­րէ, նման կա­րելիու­թիւն ար­ձա­նագ­րո­ւած է 2013 թո­ւակա­նին Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սիոյ մի­ջեւ կնքո­ւած կա­զի վե­րաբե­րող հա­մաձայ­նա­գիրին մէջ։ «Սա­կայն պէտք է հասկնալ՝ ի՞նչ է ռու­սա­կան մա­տակա­րարումնե­րուն այ­լընտրան­քը: Տամ որոշ տո­ւեալ­ներ. Ռու­սիայէն Հա­յաս­տան մուտք կը գոր­ծէ հան­րա­պետու­թեան կող­մէ սպա­ռուող կա­զին մին­չեւ 85 առ հա­րիւ­րը՝ տա­րեկան շուրջ 2.2-2.7 մի­լիառ խո­րանարդ մեթր: Մա­տակա­րարումնե­րը կը կա­տարո­ւին առանց ար­տածման տուրքե­րու, հա­զար խո­րանարդ մեթ­րի դի­մաց 177.5 տո­լար ճշդո­ւած գի­նով: Հա­յաս­տա­նը նաեւ Ռու­սիայէն նաւ­թամթերք կը ստա­նայ առանց տուրքե­րու», յայտնեց ան։ Ան հաս­տա­տեց, որ Հա­յաս­տա­նը ոչ մէկ տեղ պի­տի գտնէ կա­զի գնման նոյնքան ար­տօ­նեալ պայ­մաններ, որ­քան այ­սօր կ՛առա­ջար­կէ Ռու­սիան։ Քա­լու­կին նաեւ խօ­սեցաւ Կիւմրիի մէջ Ռու­սիոյ ռազ­մա­կան խա­րիս­խին մա­սին՝ նշե­լով, որ Հա­յաս­տան կ՛ու­զէ Ռու­սիոյ վրայ դնել այդ կա­յանի հա­ւանա­կան դուրսբեր­ման պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։ Այդ փոր­ձե­րը, ռուս դի­ւանա­գէտին հա­մաձայն, «մաս կը կազ­մեն հայ­կա­կան ներ­կայ քա­ղաքա­կան միտ­քի հե­տաքրքրա­կան առանձնա­յատ­կութեան», ար­դա­րեւ՝ «Երե­ւանի մէջ իշ­խող վեր­նա­խաւը յա­ճախ կը սպա­սէ, որ կա­րեւո­րագոյն որո­շումնե­րը տրո­ւին ար­տա­քին դե­րակա­տար­նե­րու կող­մէ», դի­տել տո­ւաւ Քա­լու­կին: Միաժա­մանակ, ըստ ռուս պաշ­տօ­նատա­րին, Մոս­կո­ւան պատ­րաստ է քննար­կել Կիւմրիի մէջ տե­ղակա­յուած ռազ­մա­կայա­նին վե­րաբե­րող բո­լոր հար­ցե­րը: Երկխօ­սու­թիւնը պի­տի կա­ռու­ցո­ւի ռու­սա­կան զօ­րախումբի ներ­կա­յու­թիւնը կար­գա­ւորող հա­մաձայ­նութիւննե­րուն վրայ, ընդգծեց ան։ Յի­շեց­նենք, թէ ասի­կա առա­ջին ան­գամ չէ, որ այդ ռազ­մա­կայա­նին դուրսբեր­ման մա­սին կը խօ­սուի. Ռու­սիոյ նա­խագա­հը 1 Սեպ­տեմբե­րին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին հետ հան­դի­պու­մէն ետք նշեց, որ՝ «Եթէ Հա­յաս­տա­նը կը կար­ծէ, թէ ռու­սա­կան ռազ­մա­կայա­նին կա­րիքը չու­նի, մենք վաղն իսկ կը հե­ռանանք»: Ի պա­տաս­խան՝ Փա­շինեան ըսաւ, որ ռազ­մա­կայա­նի հար­ցը Փու­թի­նի հետ չէ քննար­կո­ւած, բայց եթէ «Ռու­սիան որո­շէ դուրս բե­րել ռազ­մա­կայա­նը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թե­նէն, մենք պի­տի չա­ռարկենք»: