Միայն թէ դուն չտխրիս Միայն թէ չտխրի «միայն» բա­­ռը, այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, որո­­շեցի մեր լե­­զուի ամե­­նէն միայ­­նակ բա­­ռի նե­­րաշ­­խարհի մէջ պտոյտ մը կա­­տարել եւ յայտնա­­բերել անոր լուռ յու­­զումնե­­րը։ «Միայն» բառն է ան. Մար­­դա­­­կերպ կեր­­պար մը իս­­կա­­­կան։ Օր մը միայ­­նակ աղօ­­թող հա­­ւատա­­ցեալ է ան, մէկ այլ օր՝ «Միայն քեզ կը սի­­րեմ» փսփսա­­ցող սի­­րահար, մէկ օր «Միայն Սուրբ» եր­­գող դպիր է ան, մէկ այլ օր՝ «Տատ­­րա­­­կի պէս միայ­­նա­­­ցած» պան­­դուխտ մը լալ­­կան։ Դուք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, քա­­նի որ հա­­ւատա­­րիմ էք «Ոչ միայն հա­­ցիւ» սկզբունքին, այ­­սօր, գի­­շերա­­յին այս խա­­ղաղ ժա­­մերուն, լու­­սամփո­­փի մը լոյ­­սին տակ նստած, պի­­տի կար­­դաք պատ­­մութիւն մը որ իր աւար­­տին հո­­գեկան գո­­հացում մը պի­­տի տայ միայն։ Մա­­նանան է միայն իմ աչքս «Միայն» բա­­ռը մեր գրա­­կան լե­­զուի մէջ հո­­գեւոր սկիզբ ու­­նե­­­ցաւ։ Ոչ միայն Աս­­տո­­­ւածա­­շունչ Մա­­տեանի, այլ այդ դա­­րաշրջա­­նի բո­­լոր այլ գիր­­քե­­­րու մէջ ան աղօ­­թող կամ խոս­­տո­­­վանող մար­­դու խօս­­քի մէջ տեղ գտաւ։ «Միայն» բա­­ռը 346 ան­­գամ գոր­­ծա­­­ծուեր է Սուրբ Գիր­­քի մէջ։ Առա­­ջին հայ ըն­­թերցողն ալ լսեր է այս խօս­­քե­­­րը. «Մի՚ երկնչիր, միայն հա­­ւատա», «Ո՞վ կար» թո­­ղուլ զմեղս բայց միայն Աս­­տո­­­ւած», «Կանգնե­­ցայ… միայն օդ եւ սօ­­սաւիւն լսէի», «Բայց միայն ի մա­­նանան են աչք մեր»։ Ս. Գիր­­քը մե­­զի տո­­ւաւ նաեւ բո­­լորիս ծա­­նօթ սկզբունք մը. «Ոչ հա­­ցիւ միայն կեց­­ցէ մարդ»։ Դուք կը փա­­փաքիք լսել նաեւ, թէ 10րդ, 13-րդ, 15-րդ դա­­րերու մա­­տենա­­գիր այ­­րե­­­րը ի՚նչ կը գրէին երբ միայ­­նակ կը ճգնէին լուռ խու­­ցի մէջ։ Շա­­րու­­նա­­­կենք մեր պատ­­մութիւ­­նը… Անունս միայն ու­­նիմ Իր մա­­տեանի աւար­­տին հայ գրի­­չը յի­­շատա­­կարան մը գրի առաւ եւ մե­­զի տո­­ւաւ իր զօ­­րաւոր իշ­­խա­­­նի, եռա­­պատիւ վա­­նահօր, ազ­­նո­­­ւափայլ պա­­տուի­­րատո­­ւի կամ շնոր­­հա­­­զարդ նկա­­րազար­­դո­­­ղի անու­­նը։ Իսկ իր անու­­նը՝ անար­­ժան էր յի­­շել։ Խու­­սա­­­փեցաւ ածա­­կան­­նե­­­րէ։ Հին սո­­վորու­­թիւն։ Այդպէս ալ ըրաւ Սա­­նահի­­նի մէջ 1485 թո­­ւակա­­նին Աւե­­տարան մը գրի առած Խա­­չատու­­րը։ Ո՞վ էր Խա­­չատու­­րը, ի՞նչ ար­­ժա­­­նիք­­ներ ու­­նէր։ Չենք գի­­տեր… «Եւ արդ, … աղա­­չեմ … յի­­շեցէք յա­­ղօթս ձեր զիս՝ զԽա­­չատուր անար­­ժան աբե­­ղաս, որ զա­­նունս միայն ու­­նիմ»։ 1497 թո­­ւակա­­նին Վա­­նայ ծո­­վէն ո՚չ շատ հե­­ռու, Բերկրի գե­­ղեց­­կա­­­գոյն աւա­­նի Ար­­գե­­­լան վան­­քի մէջ Աղ­­թա­­­մարէն եկած Յով­­սէփ անու­­նով կրօ­­նաւոր մը կը գոր­­ծէր։ Ար­­գե­­­լան գե­­ղատե­­սիլ վան­­քը կը գտնուէր Ծաղ­­կանց լեռ­­նե­­­րու հա­­րաւա­­յին լան­­ջին, բարձր քա­­րաժայ­­ռի մը վրայ։ Առաջ­­նորդա­­նիստ էր ան, ու­­նէր բազ­­մանդամ միաբա­­նու­­թիւն եւ գրչու­­թեան կեդ­­րոն։ Յով­­սէ­­­փը հոն «Շա­­րակ­­նոց» մը գրի առաւ. աւար­­տին, Յի­­շատա­­կարա­­նի մէջ յի­­շեց սոսկ իր անու­­նը, տա­­լով հե­­տեւեալ բա­­ցատ­­րութիւ­­նը. «Արդ, ես՝ յե­­տինս եւ ան­­պի­­­տանս յա­­մենայ­­նի Յով­­սէփ սոս­­կա­­­նուն կրօ­­նաւոր՝ անո­­ւամբ միայն եւ ոչ գոր­­ծով, վասն զի յոյժ հե­­ռացեալ եմ յա­­մենայն բա­­րեգոր­­ծութեանց, ծոյլ եւ պղերգ»։ Միայն սուրբ 1278 թո­­ւականն է։ Արա­­րատեան գա­­ւառի Մող­­նոյ Սուրբ Գէորգ վան­­քի մէջ Սի­­մէոն անուն վա­­նակա­­նը «Տօ­­նական» մը գրի առաւ։ Այդ օր, ո՚չ միայն ազգս հարստա­­ցաւ մէկ այլ թան­­կա­­­գին մա­­տեանով, այլ նաեւ մեր մայ­­րե­­­նին ճո­­խացաւ Հայր Աս­­տուծոյ ուղղո­­ւած ըն­­տիր ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով։ Ահա կը մէջ­­բե­­­րեմ 750 տա­­րի առաջ գրո­­ւած այդ աղօ­­թող խօս­­քե­­­րը. «Փառք, փառք ամե­­նակալ մե­­ծանուն Տէր…, միայն սուրբ, միայն ողոր­­մած, միայն բա­­րերար, միայն գթած, միայն մար­­դա­­­սէր, միայն իշ­­խան, միայն թա­­գաւոր, միայն հզօր, միայն առատ, միայն բաշ­­խող բա­­րեաց, միայն տո­­ւող ողոր­­մութեան, միայն բժիշկ հի­­ւան­­դաց, օրհնու­­թիւն եւ գո­­վու­­թիւն եւ փառք քեզ, ի Սի­­մեոնէ»։ Նոյն օրե­­րուն Գրի­­գոր Օշա­­կան­­ցի վա­­նակա­­նը ող­­բաց, թէ երկրի վրայ չու­­նէր մխի­­թարող մը. սկսաւ միայ­­նակ աղօ­­թել. «Միայն տէր իմ արա­­րող, յոյսն ան­­մահ, վեր­­նա­­­կան, վեր­­նա­­­կան»։ Թա­­թոս Թո­­խաթե­­ցին ձայ­­նակցե­­ցաւ իր հո­­գեւոր եղ­­բայրնե­­րուն եւ ըսաւ.« Աս­­տո­­­ւած.., Դու զօ­­րաւոր ես եւ միայն»։ Միայ­­նա­­­փայտ սե­­ղանը Զի ցուրտ էր միայ­­նութիւ­­նը, «միայն» բա­­ռը փա­­փաքե­­ցաւ ըն­­կերներ ու­­նե­­­նալ։ «Միայն»-ի շուրջ հա­­ւաքո­­ւեցան 41 այլ բա­­ռեր։ Ինչպէս ըն­­տա­­­նիքի զա­­ւակ­­նե­­­րը, նոյնպէս ալ այդ բա­­ռերը ու­­նէին իւ­­րա­­­յատուկ նկա­­րագիր։ Ան, որ մէ­­կու­­սա­­­ցած կեանք կը վա­­րէր կո­­չուե­­ցաւ «միայ­­նա­­­կեաց»։ Ընթրի­­քի ժա­­մուն անոնցմէ մէ­­կը սե­­ղանա­­տուն չե­­կաւ, փա­­փաքե­­ցաւ մնալ առանց ըն­­կերնե­­րու։ Զայն կո­­չեցին «միայ­­նա­­­կեր»։ Մէ­­կը, որ աշ­­խա­­­տասէր էր, կը նա­­խընտրէր իր գոր­­ծը առանց օգ­­նա­­­կանի կա­­տարել՝ «Միայ­­նա­­­գործ» անո­­ւանո­­ւեցաւ։ Մէկ հա­­տը ճկուն չէր իր կար­­ծիքնե­­րու եւ որո­­շումնե­­րու մէջ, անու­­նը դրին «Միայ­­նա­­­կողմ»։ Անոնք ու­­նէին քոյր մը։ Օրիոր­­դի­­­կը վճռած էր մնալ կոյս։ «Միայ­­նուհի» կո­­չեցին այդ աղջկան։ 737 թո­­ւակա­­նին նոյն կո­­չու­­մին ար­­ժա­­­նացաւ Սա­­հակա­­դուխտը՝ Դո­ւինի կա­­թողի­­կոսա­­րանի աւա­­գերեց Սա­­հակի դուստրը, նշա­­նաւոր գիտ­­նա­­­կան, շա­­րակա­­նագիր Ստե­­փանոս Սիւ­­նե­­­ցիի քոյ­­րը, որ մա­­նուկ հա­­սակէն ստա­­ցեր էր «զվարս կու­­սութեան»՝ առանձնա­­ցաւ Գառ­­նիի ձո­­րի քա­­րայրնե­­րէն մէ­­կուն մէջ, ապ­­րե­­­ցաւ ճգնա­­կեցու­­թեամբ։ Իսկ ի՞նչ անուն տալ մե­­նակեացի փոքր բնա­­կատե­­ղիին, խրճի­­թին կամ սե­­նեակին։ Մեր մայ­­րե­­­նին առա­­տաձեռն է. ու­­նինք երեք գո­­յական. միայ­­նա­­­նոց, միայ­­նաստան եւ միայ­­նա­­­րան։ Իսկ դուք կը յի­­շէ՞ք այն սե­­ղանա­­տու­­նը, ուր բո­­լոր վա­­նական­­նե­­­րը միաս­­նա­­­բար կ’ու­­տէին իրենց հա­­ցը։ Այդ մե­­ծածա­­ւալ սրա­­հը ու­­նէր ընդհա­­նու­­րի հա­­մար շի­­նուած գե­­ղաքան­­դակ սե­­ղան։ Վար­­պետ ատաղ­­ձա­­­գործ մը, բա­­րեպաշտ իշ­­խա­­­նի մը պա­­տուէ­­րով, հսկայ ծառ մը կտրած, անոր միակ­­տոր փայ­­տը տա­­շած, յղկած, եւ փո­­րագ­­րած էր զայն շի­­նելու հա­­մար։ Այդ սե­­ղանը օրհնե­­ցին եւ կո­­չեցին «միայ­­նա­­­փայտ»։ Միայն 100 բառ Նա­­րեկա­­ցիի հետ Չենք գի­­տեր, թէ ար­­դեօք Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին իր վան­­քի սե­­ղանա­­տան մէջ մաս կը կազ­­մէր հա­­ւաքա­­կան ընթրիք­­նե­­­րուն։ Սա­­կայն, ճշմա­­րիտ գի­­տենք, թէ ի՚նքն էր որ իր մտքի մէջ, նոյ­­նիսկ հա­­ցի ժա­­մուն, կը զրու­­ցէր Աս­­տուծոյ հետ, յա­­ճախ գոր­­ծա­­­ծելով «միայն»-ը։ Խա­­ղաղ գի­­շեր մըն էր, ես միայ­­նա­­­ցայ Մա­­տեանի հետ եւ պատ­­րաստե­­ցի այս ընտրա­­նին. «Միայն քո է քա­­ւել, բժշկել», «Դու միայն Աս­­տուած երկնա­­ւոր», «Միայն դու պաշտպան», «Եւ դու միայն իս­­կա­­­պէս գթած, օրհնեալ, մար­­դա­­­սէր», «Միայն թա­­գաւոր», «Միայն բա­­րեգործ», «Միայն խնա­­մակալ», «Միայն հրա­­շագործ», «Միայն արա­­րիչ», «Միայն բազ­­մա­­­գութ», «Միայն միշտ սուրբ», «Օրհնեալդ միայն ի շրթունս ան­­բիծս լե­­զուաց եր­­ջանկաց։ Գո­­հանամ զքէն, բա­­րեգութ, միայն մար­­դա­­­սէր, արա­­րիչ երկնի եւ երկրի, Որ­­դի Աս­­տուծոյ»։ Ոչինչ միայն գրե­­ցի Օրեր եղան հայ մար­­դը հե­­ռացաւ իր տու­­նէն։ Պան­­դուխտ էր ան։ Բա­­րեգութ տա­­ղասաց­­ներ եկան սա­­զով, եր­­գե­­­ցին անոնց վիշ­­տը։ Բայց, ի՚նչ դառն վի­­ճակ, օր մը տա­­ղասա­­ցը ի՚նքը եղաւ օտա­­րան­­դի։ Անոնցմէ մէ­­կը ակա­­նաւոր իմաս­­տա­­­սէր, քե­­րական, ման­­կա­­­վարժ, տա­­ղասաց ու հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ Սի­­մէոն Ջու­­ղա­­­յեցին էր։ 1605 թո­­ւակա­­նին, «Մեծ բռնա­­գաղ­­թի» օրե­­րուն, պա­­տանի Սի­­մէոնը իր ըն­­տա­­­նիքի հետ տե­­ղահա­­նեցին եւ Նոր Ջու­­ղա տա­­րին։ Տա­­րիներ ան­­ցան, Ջու­­ղա­­­յեցին համ­­բա­­­ւի տի­­րացաւ, բայց հայ­­րե­­­նազրկու­­թեան վիշ­­տը մնաց իր սրտի մէջ։ Օր մը իր տան առանձնու­­թեան մէջ նստե­­ցաւ, տխրե­­ցաւ ու գրեց. «Տքնե­­ցայ միայն ի տա­­նիս, / Յի­­շեցի զծնօղքս եւ զսի­­րելիս. / Լա­­ցի կա­­րօտով, կա­­րօտով»։ Մել­­քի­­­սեդեք Եպիս­­կո­­­պոսը լալ­­կան, ափը իր երե­­սին դրած՝ բո­­ւի մը նման նստե­­ցաւ եւ սրտա­­կից եղաւ հայ պան­­դուխտնե­­րուն. «Բա­­ժանեալ սի­­րելեացս, եղ­­բարցս զա­­տական, / Իբ­­րեւ զբու միայն ան­­կեալ կայ ի տան»։ Վա­­նայ ափին Արծկէ քա­­ղաքի մէջ Անդրէաս տա­­ղասա­­ցը մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ ղա­­րիպը «փայտ չո­­րացեալ» է։ Ան գոր­­ծա­­­ծեց նաեւ «տատ­­րակ» նմա­­նու­­թիւնը. «Է՜, ղա­­րիպիկս բե­­հալ է, / Քան զտատ­­րակ միայ­­նա­­­ցեալ է՜»։ Դա­­րեր ան­­ցան, բայց հա­­յու պան­­դուխտու­­թիւնը չան­­ցաւ։ 1910-1915 թո­ւական­­նե­­­րուն Մեք­­լոն Կիւրճեանը եղաւ ղա­­րիպնե­­րու խիղ­­ճը։ Գրեց Կիւրճեանը, գրեց, օր մը ափ­­սո­­­սաց եւ խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ. «…Եւ սա­­կայն չմոռ­­նամ ըսել որ տա­­կաւին ոչին­­չը միայն գրած եմ այդ սար­­սա­­­փելի կեան­­քէն»։ Խրատ մը միայն Խա­­ղաղ օրեր էին։ Պոլ­­սոյ մէջ տի­­կին Էլ­­պիս Կե­­սարա­­ցեանը որո­­շեց իր կեան­­քը դե­­ռատի հա­­յու­­հի­­­ներու ազ­­գա­­­նուէր դաս­­տիարա­­կու­­թեան նո­­ւիրել։ 1879 թո­ւակա­­նին այդ նպա­­տակով գրքոյկ մըն ալ գրի առաւ՝ «Նա­­մակա­­նի առ ըն­­թերցա­­սէր հա­­յու­­հիս»։ Այդ գիր­­քի մէջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կար մի միայն բա­­րի խրատ։ Ձե­­զի հա­­մար կազ­­մե­­­ցի եռա­­ծաղիկ փունջ մը. «Մի՚ լքա­­նիք վատ թմրու­­թեան մէջ, այլ յու­­սով միայն ապ­­րե­­­ցէք», «Մի՚ լի­­նիք նա­­խան­­ձորդ պա­­տիր փա­­ռասի­­րու­­թեան, այլ նա­­խան­­ձորդ միայն առա­­քինա­­կան փա­­ռաց»։ Տի­­կին Կե­­սարա­­ցեանը ձայ­­նը եղաւ նաեւ ող­­բա­­­ցող Հա­­յաս­­տա­­­նին. «Այ­­գի­­­ներս ոտ­­նա­­­կոխ եղած, ժա­­ռան­­գութիւնքս յափշտա­­կուած, զա­­ւակունքս գե­­րի վա­­րուած. ես միայն մնա­­ցած եմ մերկ եւ թա­­փուր»։ Հայ­­րե­­­նասէր մըն էր միայն 1915 թո­­ւակա­­նին եր­­կու հայ­­րե­­­նասէր ըն­­կերներ որո­­շեցին ազ­­գին ցա­­ւը եր­­գել միայն։ Մէ­­կը Ակնցի էր միւ­­սը Սե­­բաս­­տա­­­ցի՝ Սիաման­­թօն եւ Վա­­րու­­ժա­­­նը։ Ակնցին զար­­հուրան­­քով դի­­տեց հայ­­կա­­­կան աւան­­ներ դա­­լանի եկած խու­­ժան մը անաս­­նա­­­դէմ. «…Ու իրենցմէ մին գո­­չեց, արիւ­­նա­­­խում խու­­ժանն այսպէս իր շուրջն հա­­ւաքե­­լով. / Ան­­հա­­­ւատին եւ օրե­­րը եւ ոս­­կի­­­ները եւ կի­­ները եւ արե­­ւը մերն են միայն»։ Դա­­նիէլը, դեռ եր­­կինքը չէր շա­­ռագու­­նած, իր պա­­տու­­հա­­­նէն դի­­տեց հա­­զալով գոր­­ծա­­­րան գա­­ցող սե­­ւամազ, սե­­ւաբախտ, կուրծքը տան­­ջուած բա­­նուո­­րու­­հի մը, որուն ետե­­ւէն շո­­ւայտ սրի­­կայ մը մը սու­­լէր եւ շուն մը կը հա­­չէր։ Տղան ցան­­կա­­­ցաւ գրկել, ամ­­փո­­­փել եւ պաշտպա­­նել այդ աղջկան։ Նպա­­տակը՞ Դա­­նիէլին… «Միայն թէ դուն չըլ­­լաս տժգոյն ու քաղ­­ցած, / Արե­­ւուն տակ չհա­­զաս, / Մօրդ վե­­րեւ չմա­­րի ճրագն, ու, ո՚վ քոյր, / Դուն գոր­­ծա­­­տուն ա՚լ չեր­­թաս»։ Ծի­­ծաղ մը միայն «Միայն» բա­­ռը, մտա­­ծեցի, ար­­դեօ՞ք մի միայն տրտմու­­թեան բառն է։ Ո՚չ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կաս­­կած չկայ, թէ ան ծա­­ռայած պի­­տի ըլ­­լայ նաեւ ծի­­ծաղի եւ սի­­րոյ։ Այդ խօս­­քե­­­րուն եւ եր­­գե­­­րուն հաս­­նե­­­լու հա­­մար միայն պէտք էր բա­­ռի պատ­­մութեան աւե­­լի խո­­րերը իջ­­նել։ Յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծիս մէջ կը խոս­­տա­­­նամ ձե­­զի բե­­րել միայն կեն­­սուրախ եր­­գեր եւ քեր­­թո­­­ւած­­ներ, միայն թէ դուք շա­­րու­­նա­­­կէք հա­­ւատա­­րիմ մնալ «Ոչ միայն հա­­ցիւ…» սկզբունքին։