Translate this article

5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day

Torontohye Canada· Aug 30
Opinion

ՏԻՐՈՒԿԻՆ ՀԵՏ | Ամպերէն վեր… եւ հոս՝ նորեկ «Նարեկ»

Երբեմն աչքերս կը փակեմ, ո՛չ թէ աշխարհէն փախչելու, այլ՝ տեսնելու այլ աշխարհ մը, որ սովորական աչքերով դժուար է նշմարել։ Այդ պահերուն հոգիս կը բարձրանայ ամպերէն վեր՝ դէպի լոյսով շաղախուած հովիտ մը, ուր քամին աւելի խաղաղ է, լոյսը՝ աւելի մեղմ, իսկ մարդկային սրտերը՝ աւելի ընդարձակ։Այդ հովիտին մէջ տուները քարերով չեն շինուած, այլ՝ վստահութեամբ։ Փողոցները՝ հոն ապրողներուն սրտերուն պէս լայն են։ Դռները երբեք ամբողջովին չեն փակուիր, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ իր դիմացինը օտար չի՛ նկատեր, այլ՝ ընտանիքի մէկ մասնիկը։ Այդ աշխարհին մէջ մէկը բոլորին համար կ՚աշխատի, իսկ բոլորը՝ մէկուն։ Հոն մարդը չի՛ հարցներ՝ «Ի՞նչ պիտի շահիմ», այլ կը մտածէ՝ «Ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ»։Ամէն առաւօտ եկեղեցւոյ զանգերը ո՛չ միայն աղօթքի կը կանչեն, այլեւ կը հրաւիրեն սիրոյ, ծառայութեան եւ միաբանութեան։ Ակումբի սրահները կը լեցուին կենդանի ձայներով, մշակութային տան բեմերը երբեք չե՛ն մթնիր, որովհետեւ ամէն սերունդ իր երգը, իր լեզուն, իր պարն ու իր ժառանգութիւնը կը փոխանցէ յաջորդին։ Այդ աշխարհին մէջ մրցակցութիւն կայ, բայց ո՛չ փառքի համար, այլ՝ նուիրումի։ Կը շրջիմ այդ երեւակայական հովիտին մէջ եւ ամէն անկիւնէ նոր պատմութիւն մը կը ծնի։ Օր մը կը տեսնեմ տարեց այրի մը, որ եկեղեցւոյ բակին մէջ դժուարութեամբ կը քալէ։ Դեռ չեմ հասցներ մտածելու, թէ ո՞վ պիտի հասնի անոր օգնութեան, երբ երեք երիտասարդներ արդէն մօտեցած են օգնութեան։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը շնորհակալութեան կը սպասէ, անոնք կ՚օգնեն, որովհետեւ օգնութիւնը իրենց համար պարտականութենէ աւելի՝ կեանքի բնական շունչ է։Յաջորդ օրը դպրոցի մը մէջ եմ։ Նկարատետրը տուն մոռցող աշակերտ մը արցունքոտ աչքերով կը մտնէ դասարան։ Մինչ ան կը փորձէ պահել իր տխրութիւնը, դասընկերները անոր կը բաժնեն իրենց ունեցածը եւ քանի մը վայրկեան ետք ան ո՛չ միայն նկարատետր կ'ունենայ, այլ նաեւ գունաւոր մատիտներ, ռետիններ եւ ամենակարեւորը՝ ամբողջ դասարանին սէրն ու հոգածութիւնը։ Այդտեղ սէրը այլեւս դասաւանդուող նիւթ մը չէ, այլ՝ կենդանի օրինակ։Այդպէս է նաեւ մշակութային տան մէջ։ Փոքրիկ մը երգին բառերը կը մոռնայ, բոլորը կը սպասեն մինչեւ փոքրիկը կրկին հանգիստ շունչ մը առնէ, ապա՝ նոյն տողը կը սկսին երգել միաձայն։ Այդ աշխար

ՏԻՐՈՒԿԻՆ ՀԵՏ | Ամպերէն վեր… եւ հոս՝ նորեկ «Նարեկ»

You've reached the free article limit

You've reached the free limit of 15 articles per day. Create a free account to unlock 50 articles per day and 25 full-article translations per day.

Create free account

or Sign in

We use cookies for analytics and advertising, including Google ad partners who may use cookies to serve personalized ads. See our Privacy Policy for details and your choices.