Translate this article

5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day

Torontohye Canada· Sep 15
Opinion

Յունաստան է այս տարի, երթա՞նք

Քանի մը ամիս առաջ, ինչպէս սովորաբար, ելաւ Համազգայինի «YouthLinks»-ի լուրը, թէ այս տարի Յունաստան պիտի ըլլայ եղեր: Ժողովի ընթացքին ընկեր Շանթին հարցուցի, թէ ինք ալ լսա՞ծ է այս լուրը, պատասխանը դրական էր:Բոլորս խանդավառուած էինք: Սկսայ օդանաւի տոմսեր փնտռելու: Քոյրերս ալ ուզեցին մասնակցիլ, ուրեմն՝ երեքով պիտի երթայինք: Լուրը հոս-հոն տարածելով իմացանք, որ Գանատայէն արդէն ինը հոգի պիտի մասնակցի: Ի՜նչ լաւ բան:Օրերը հաշուելու սկսանք, շատ չէր մնացած: Վերջապէս հասաւ օրը: Ուրախ տրամադրութեամբ հասանք օդակայան: Թռիչքի ժամը հասաւ. միացուցի Միւսիօ Ազնաւուրի կեանքին մասին ֆիլմը, որ շատ հաճելի էր օդանաւին մէջ… Ազնաւուրին հայրը միշտ կ'ըսէր՝ «Տղա՛ս, ո՞ւր էինք եւ ո՞ւր հասանք»: Այդ խօսքը շատ պտտեցաւ մտքիս մէջ: Կարծես բոլոր հայերը նման պատմութիւն մը ունին: Երբ հասնինք Յունաստան, անպայման մասնակիցներուն պատմութիւնները պիտի լսէինք ՝ թէ ամէն մարդ ո՞ւր էր եւ ո՞ւր հասած է հիմա, կամ ո՞ւր կը բնակի որպէս հայ՝ սփիւռքի որ մէկ կտորին մէջ:Հասանք Աթէնք, գիշերուան ժամը 11:30-ին: Հայորդի մը մեզ դիմաւորեց օդակայանը եւ տարաւ պանդոկ: Ստացանք մեր սենեակները եւ բաւական լաւ տեղաւորուեցանք: Յաջորդ առաւօտ տեսնուեցայ ընկերուհի Արինին հետ. տարիներէ ի վեր զինք կը ճանչնայի միայն WhatsApp-ով՝ որպէս համազգայինական: Քանի մը հարցերու համար հետը կապ պահած էի, բայց մտքէս անգամ չէր անցներ, որ օր մը կրնամ զինք անձամբ տեսնել: Է՜հ, կ'ըսեն չէ՞. «Լեռը լեռան չի հանդիպիր, բայց մարդը մարդուն կը հանդիպի»: «YouthLinks»-ը հինգշաբթի կը սկսէր, իսկ մենք երեքշաբթի ուշ գիշերին հասած էինք: Որոշեցինք երթալ ճաշարան մը : Նէոս Կոսմոս շրջանը կիրոսի (gyros) տեղ մը գտանք. իմանալով որ օտար ենք՝ մեզ անգլերէնով դիմաւորեցի

Յունաստան է այս տարի, երթա՞նք

You've reached the free article limit

You've reached the free limit of 15 articles per day. Create a free account to unlock 50 articles per day and 25 full-article translations per day.

Create free account

or Sign in

We use cookies for analytics and advertising, including Google ad partners who may use cookies to serve personalized ads. See our Privacy Policy for details and your choices.