«Ժամանակաւոր են ղեկավարները: Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները, հայրենի հողի վրայ հաստատուած ժողովուրդները: Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որը մահուան դիմաց մահը յաղթահարելով կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը»։ Սիմոն Վրացեան, Հ.Հ. վերջին վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 108-ամեակը կը ներկայանայ որպէս հայ ժողովուրդի պատմականօրէն անկիւնադարձային ու անկրկնելի իրողութիւն մը։ Ան ամբողջ ազգի մը աներեր կամքի ու քաղաքական գիտակցութեան խորհուրդն է, որ 1918-ի Մայիսին վերածուեցաւ անկախ գոյավիճակի հաստատման ու պետական հիմնաշէնքի ստեղծման։ Ճակատագրական պահու իրագործումը հայ ժողովուրդի դարերու գոյամարտին գերագոյն արտայայտութիւններէն մէկը հանդիսացաւ, որովհետեւ ցեղասպանութեան, տեղահանութեան եւ համատարած կորուստի մոխիրներէն վեր բարձրացող ազգ մը կրցաւ վերահաստատել իր քաղաքական ինքնութիւնը եւ աշխարհին յայտարարել, թէ հայութիւնը տակաւին կենդանի է եւ վճռած է ապրիլ ազատ ու ինքնիշխան կամքով։ Սիմոն Վրացեանի խօսքը՝ «Ժամանակաւոր են ղեկավարները։ Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները», այսօր, աւելի քան երբեք, կը պահպանէ իր բովանդակ քաղաքական իմաստը։ Ան յիշեցում մըն է, թէ պետականութիւնը անձերու կամ անցողակի իշխանաւորներու սեփականութիւնը չի կրնար ըլլալ։ Պետութիւնը ազգի հաւաքական կամքին մարմնացումն է, իսկ հայրենիքը՝ սերունդներու արիւնով ու զոհողութեամբ ամրապնդուած պատմական իրաւունք։ Այս ճշմարտութիւնը հայ ժողովուրդը բազմիցս ապացուցած է իր պատմութեան ընթացքին, երբ կորսնցուցած է պետականութիւնը, բայց չէ հրաժարած պետականօրէն ապրելու իր կամքէն։ 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը այդ կամքին յաղթանակն էր։ Ան հայ մարդուն տուաւ քաղաքացի ըլլալու արժանապատուութիւն, սեփական դրօշին, բանակին ու պետական հաստատութիւններուն տէր կանգնելու պատիւ։ Դարեր շարունակ օտար լուծին տակ գոյատեւած ժողովուրդ մը, առաջին անգամ՝ արդի ժամանակաշրջանին վերագտաւ իր պետական տունը։ Այդ պատճառով ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը ազգային մտածողութեան վերածնունդն էր, որ հայ ժողովուրդին մէջ արմատաւորեց պետականութեան հանդէպ ակնածանք, պատասխանատուութիւն եւ գուրգուրանք։ Նորաստեղծ պետականութիւնը, սակայն, անցաւ պատմական բարդ հանգրուաններէ։ Անկախութենէն՝ խորհրդային լուծը, ապա կրկին վերանկախացման ճանապարհը ցոյց տուին, թէ վարչակարգերը կրնան փոխուիլ, իշխանութիւնները կրնան տկարանալ ու քայքայիլ, բայց հայրենիքի գաղափարը կը շարունակէ գոյատեւել ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ։ Վերանկախացած Հայաստանի վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը եւս արձանագրեց բազմաթիւ ղեկավարներ՝ իրենց յաջողութիւններով ու ձախողութիւններով, քաղաքական մօտեցումներով կամ սխալներով, որոնք անցած են պատմութեան դատաստանին։ Սակայն, ներկայ իշխանութիւնը առանձնապէս մտահոգութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ անոր վարքագիծին մէջ աւելի յստակ դարձած է ազգային արժէքներու նսեմացման եւ համազգային նպատակներէն նահանջի միտումը։ Պետական խորհրդանիշերը, ազգային յիշողութիւնը եւ հայրենատէր ըլլալու գիտակցութիւնը այսօր կը գտնուին քաղաքական անտարբերութեան եւ գաղափարական խեղաթիւրման վտանգին դիմաց։ Ազգի պատմական ձգտումները ներկայացնելու փոխարէն՝ կը փորձուի հասարակութիւնը հեռացնել իր ազգային արմատներէն, տկարացնել հայրենիքին հետ հոգեւոր կապը եւ հանրային մտածողութիւնը սահմանափակել նեղ վարչական ու առօրեայի հաշիւներուն մէջ։ Այս ընթացքը վտանգաւոր կը դառնայ, որովհետեւ ժողովուրդ մը, որ կը հեռանայ իր պատմական յիշողութենէն, ժամանակի ընթացքին կը տկարանայ նաեւ իր ազգային դիմադրողականութեամբ։ Այդ պատճառով, Հայաստանի Հանրապետութեան 108-ամեակը պարտաւորեցնող պատգամ ունի ամբողջ հայութեան համար։ Հայրենիք եւ Սփիւռք կոչուած են վերամիաւորուելու Հայաստանի պետական գաղափարին շուրջ։ Անկախութիւնը պէտք է մնայ ազգային գիտակցութեան սեւեռակէտը եւ չվերածուի տօնական արարողութեան կամ խորհրդանշական յիշատակի։ Անկախութիւնը կերտուած է նուիրաբերումով. անոր պահպանումը նոյնպիսի հաւաքական կամք ու մշտական զգաստութիւն կը պահանջէ։ Յաւերժական են հայրենիքները, երբ ժողովուրդները պատրաստ են անոնց գոյատեւման համար շարունակական զօրաշարժի։ Հայրենիքի անվտանգութիւնը, պետական ինքնիշխանութիւնը եւ համազգային ձգտումներու պաշտպանութիւնը չեն կրնար պայմանաւորուիլ օրուան իշխանութիւններով կամ մեծապետական ուժերու անցողակի շահերով։ Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, թէ այն ժողովուրդները, որոնք կը պահպանեն իրենց ազգային նկարագիրը եւ պետական կամքը, կրնան դիմագրաւել ճակատագրական փորձութիւններ։ Այսօր, երբ տարածաշրջանը յղի է նոր սպառնալիքներով ու քաղաքական անորոշութիւններով, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման խորհուրդը կը մնայ անփոխարինելի ուղենիշ։ Ան մեզ կը յիշեցնէ, թէ պետականութիւնը ձեռք բերուած իրաւունք է, որուն պահպանումը կը պահանջէ կազմակերպուած ու գաղափարապէս միաւորուած ազգ մը, ազգային գիտակցութիւն եւ հայրենիքին հանդէպ անվերապահ հաւատարմութիւն։ Ժամանակաւոր են իշխանութիւնները, ժամանակաւոր են քաղաքական հաշիւները, բայց հայ ժողովուրդը, իր հայրենիքով ու անկախ ապրելու կամքով, կը շարունակէ մնալ յաւերժական իրականութիւն։ «Ազատ Օր»ի խմբագրական
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Յաւերժական են հայրենիքն ու պետականութեան գաղափարը
«Ժամանակաւոր են ղեկավարները: Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները, հայրենի հողի վրայ հաստատուած ժողովուրդները: Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որը մահուան դիմաց մահը յաղթահարելով կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը»։ Սիմոն Վրացեան, Հ.Հ. վերջին վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 108-ամեակը կը ներկայանայ որպէս [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Տուները կորսնցուցած արցախցիներուն հարցերը լուծելու փոխարէն, իշխանաւորները խորհուրդ կու տան Երեւանէն դուրս փնտռել
Diario Armenia / 11 hours ago

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը իմ նախաձեռնութեամբ խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակի համար համատեղ առաջարկած են Թրամփի թեկնածութիւնը»
Diario Armenia / 11 hours ago

Ազդակի խմբագրական. Թարգմանչացը եւ պետութիւն-եկեղեցի մէկութիւնը
Diario Armenia / 12 hours ago

Diego Masaragian fue designado secretario nacional de Discapacidad del gobierno argentino
Diario Armenia / 12 hours ago
Related coverage

VIDEO: ENTREVISTA A DANIEL KETCHIBACHIAN, CEO DE AEROPUERTOS ARGENTINA – «SERÁ TODO BIOMÉTRICO» – GRAN INVERSIÓN POR AMPLIACIONES EN EZEIZA Y AEROPARQUE – INFOBAE.
Guía Armenia Menc / Oct 12

VIDEO: VIAJE A KHUSTUP, SYUNIK – «DESCUBRE ARMENIA», POR LEO MOUMDJIAN.
Guía Armenia Menc / Oct 10

11 DE OCTUBRE, 15 HS EN BERISSO: ARMENIA EN DESFILE CLAUSURA DE FIESTA PROVINCIAL DEL INMIGRANTE.
Guía Armenia Menc / Oct 10

RUMBO A LOS 20 AÑOS: GUÍA ARMENIA MENC FESTEJA HOY SU 19° ANIVERSARIO.
Guía Armenia Menc / Oct 8