Translate this article

Showing in English.

5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day

Diario Armenia Argentina· Jun 12
Foreign Relations

What does TRIPP actually mandate?

Իրականութեան մէջ ի՞նչ կը պարտաւորեցնէ ԹՐԻՓՓ-ը

Dr. Kevork Hakobyan

Դոկտ. Գէորգ Յակոբեան

(translated from English)

(թարգմանուած՝ անգլերէնէ)

The TRIPP (Trump Route for International Peace and Prosperity) framework agreement is only seven pages long. It was signed a few days after the elections in Armenia [...]

ԹՐԻՓՓ-ի (TRIPP.- Trump Route for International Peace and Prosperity – «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ճամբայ») շրջանակային համաձայնագիրը ընդամէնը եօթ էջէ կը բաղկանայ։ Անիկա ստորագրուած է Հայաստանի մէջ ընտրութիւններէն քանի մը [...]

Read more >>

Leer más >>

What does TRIPP actually mandate?

Dr. Kevork Hakobyan (translated from English)

Դոկտ. Գէորգ Յակոբեան (թարգմանուած՝ անգլերէնէ)

The TRIPP (Trump Route for International Peace and Prosperity) framework agreement consists of only seven pages. It was signed a few days before the elections in Armenia. Both of these circumstances justify its careful reading and study. What does Armenia actually receive in the TRIPP framework agreement in the form of rights and benefits that are legally guaranteed, enforceable, and not dependent on future political developments beyond Armenia’s control? This question requires a clear answer.

ԹՐԻՓՓ-ի (TRIPP.- Trump Route for International Peace and Prosperity – «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ճամբայ») շրջանակային համաձայնագիրը ընդամէնը եօթ էջէ կը բաղկանայ։ Անիկա ստորագրուած է Հայաստանի մէջ ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ։ Այս երկու հանգամանքներն ալ կը հիմնաւորեն անոր մանրակրկիտ ընթերցումն ու ուսումնասիրութիւնը։ Իրապէս ի՞նչ կը ստանայ Հայաստանը ԹՐԻՓՓ-ի շրջանակային համաձայնագիրին մէջ՝ այնպիսի իրաւունքներու եւ օգուտներու ձեւով, որոնք իրաւապէս երաշխաւորուած են, հարկադիր կատարման ենթակայ են եւ կախեալ չեն ապագայի քաղաքական զարգացումներէ, որոնք Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս են։ Այս հարցումը կը պահանջէ յստակ պատասխան։

Let’s start with the structure of the agreement. According to Article 3(2), the TRIPP Development Corporation (TDC) will be 74 percent controlled by TDC US, a subsidiary of the United Nations Development Corporation (DFC) registered in Delhi. Armenia owns 26 percent. Armenia provides its sovereign territory, transit corridors, land acquisition obligations with its own financial resources, regulatory support, and assumption of political risks.

Սկսինք համաձայնագիրի կառուցուածքէն։ Յօդուած 3(2)-ին համաձայն՝ ԹՐԻՓՓ Զարգացման Ընկերութիւնը (TDC) 74 առ հարիւրով պիտի վերահսկուի TDC US-ի կողմէ, որ Ա․Մ․Ն․ Միջազգային Զարգացման ընկերութեան (DFC) Տելըուըրի մէջ գրանցուած դուստր ընկերութիւնն է։ Հայաստանին կը պատկանի 26 առ հարիւրը։ Հայաստանը կը տրամադրէ իր ինքնիշխան տարածքը, տարանցիկ միջանցքները, հողերու ձեռքբերման պարտաւորութիւնները՝ իր սեփական ֆինանսական միջոցներով, կարգաւորիչ աջակցութիւնը եւ քաղաքական վտանգներու ստանձնումը։

What does the US side guarantee in return? Article 5(6) gives a very clear answer: “The United States intends to provide and/or assist in securing financing for TRIPP projects, subject to the availability of funds.” An “intention” contingent on the availability of funds is not a legal obligation. It is simply an aspiration couched in treaty language.

Ի՞նչ կ’երաշխաւորէ ամերիկեան կողմը ասոր դիմաց։ Յօդուած 5(6)-ը շատ յստակ պատասխան կու տայ. «Միացեալ Նահանգները մտադրութիւն ունի տրամադրելու եւ/կամ աջակցելու ԹՐԻՓՓ ծրագիրներու ֆինանսաւորման ապահովման՝ միջոցներու առկայութեան պարագային»։ Միջոցներու առկայութենէն կախեալ «մտադրութիւնը» իրաւական պարտաւորութիւն չէ։ Ան պարզապէս ձգտում մըն է, որ պայմանագրային լեզուով ձեւակերպուած է։

More troubling is the disparity between binding and non-binding commitments. Armenia “shall,” “shall adopt,” and “shall approve” commitments to provide legislative changes, permits, regulatory procedures, land acquisition, tax exemptions, and specific border management provisions. The United States, however, often only “intends” or “expects,” including in terms of funding, privileges, and implementation. This is not a drafting detail, but the legal substance of the agreement. Armenia assumes tangible sovereign obligations, while a significant portion of the expected benefits remain contingent, future-oriented, and dependent on political conditions.

Առաւել մտահոգիչը պարտադիր եւ ոչ պարտադիր պարտաւորութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնն է։ Հայաստանը «պիտի», «կ’ընդունի» եւ «կը հաստատէ» ձեւակերպումներով կը պարտաւորուի ապահովել օրէնսդրական փոփոխութիւններ, արտօնագրեր, կարգաւորիչ ընթացակարգեր, հողերու ձեռքբերում, հարկային արտօնութիւններ եւ սահմանային ծառայութիւններու մասնաւոր կառավարման դրոյթներ։ Մինչդեռ Միացեալ Նահանգները շատ յաճախ միայն «մտադրութիւն ունի» կամ «կ’ակնկալէ»՝ ներառեալ ֆինանսաւորման, արտօնութիւններու եւ իրականացման հարցերուն մէջ։ Ասիկա խմբագրական մանրամասնութիւն մը չէ, այլ համաձայնագիրի իրաւական էութիւնը։ Հայաստանը կը ստանձնէ շօշափելի ինքնիշխան պարտաւորութիւններ, մինչ ակնկալուող օգուտներուն զգալի մասը կը մնայ պայմանական, ապագային ուղղուած եւ քաղաքական պայմաններէ կախեալ։

Throughout the agreement, the language on sovereignty is emphatic, but in practice limited. The document repeatedly states that Armenia retains full sovereignty over the areas where the TRIPP will be implemented. However, Article 6(2) grants the TDC exclusive rights to use and develop the land for an initial 49 years, renewable for up to 99 years, and fully transferable to special purpose vehicles (SPVs) consisting of concessionaires, contractors, and operators selected by the TDC. Article 4(3) expressly authorizes the TDC to select these third parties. Armenia has no legally enforceable veto power. In other words, the flag remains Armenian, but practical control does not.

Համաձայնագիրին ամբողջ ընթացքին ինքնիշխանութեան վերաբերող ձեւակերպումները ընդգծուած են, սակայն գործնական իմաստով՝ սահմանափակ։ Փաստաթուղթը բազմիցս կը յայտարարէ, թէ Հայաստանը կը պահէ ԹՐԻՓՓ-ի իրականացման տարածքներուն վրայ իր ամբողջական ինքնիշխանութիւնը։ Սակայն Յօդուած 6(2)-ը TDC-ին կու տայ հողերու օգտագործման եւ զարգացման բացառիկ իրաւունքներ՝ նախնական 49 տարուան համար, որոնք կրնան երկարաձգուիլ մինչեւ 99 տարի եւ ամբողջութեամբ փոխանցուիլ յատուկ նպատակով ստեղծուած ընկերութիւններու (SPV), որոնց մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան TDC-ի ընտրած կոնցեսիոներները, կապալառուները եւ գործարկողները։ Յօդուած 4(3)-ը բացայայտօրէն կ’արտօնէ TDC-ին ընտրել այս երրորդ կողմերը։ Հայաստանը չունի իրաւապէս կիրառելի վեթոյի իրաւունք։ Այլ խօսքով՝ դրօշակը հայկական կը մնայ, սակայն գործնական վերահսկողութիւնը՝ ոչ։

Article 5(5) further complicates this problem. It stipulates that in the event of a conflict with Armenian law, the agreement shall be applied in accordance with the Constitution. This is not a typical rule of treaty. When combined with Article 3(6), which obliges Armenia to adopt “derogations” in its legislation in the areas of joint-stock companies, procurement, and public-private partnerships, a special legal regime for TRIPP is created that may exceed Armenia’s usual legislative protections in the areas of transparency, competition, and anti-corruption oversight. Future governments will inherit these obligations for up to 99 years.

Յօդուած 5(5)-ը աւելի կը խորացնէ այս խնդիրը։ Ան կը սահմանէ, որ հայկական օրէնքներուն հետ հակասութեան պարագային կը գործադրուի այս համաձայնագիրը՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեամբ։ Ասիկա պայմանագիրներու գերակայութեան սովորական դրոյթ մը չէ։ Երբ զայն կը միացնենք Յօդուած 3(6)-ին, որով Հայաստանը կը պարտաւորուի իր օրէնսդրութեան մէջ ընդունիլ «շեղումներ» բաժնետիրական ընկերութիւններու, գնումներու եւ պետական-մասնաւոր գործընկերութեան ոլորտներուն մէջ, կը ստեղծուի ԹՐԻՓՓ-ի համար յատուկ իրաւական դրութիւն մը, որ կրնայ գերազանցել Հայաստանի սովորական օրէնսդրական պաշտպանութիւնները՝ թափանցիկութեան, մրցակցութեան եւ հակակաշառակերական վերահսկողութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ապագայ կառավարութիւնները պիտի ժառանգեն այս պարտաւորութիւնները՝ մինչեւ 99 տարուան հեռանկարով։

A number of additional provisions also deepen the asymmetry. Article 6(1) obliges Armenia to expropriate, release and transfer land, including private property, in the TRIPP areas, entirely at its own expense, without any clear mechanism for compensation and without an upper limit on costs. Article 8(3) obliges Armenia to entrust those border services functions that have direct contact with citizens to private operators, without requiring them to meet Armenia’s national security screening criteria and without excluding adverse beneficial ownership.

Լրացուցիչ շարք մը դրոյթներ նոյնպէս կը խորացնեն անհամաչափութիւնը։ Յօդուած 6(1)-ը Հայաստանի վրայ կը դնէ ԹՐԻՓՓ-ի տարածքներուն մէջ, ներառեալ մասնաւոր սեփականութիւնները, հողերու օտարման, ազատման եւ փոխանցման պարտաւորութիւնը՝ ամբողջովին իր միջոցներով, առանց փոխհատուցման որեւէ յստակ մեխանիզմի եւ առանց ծախսերու վերին սահմանի։ Յօդուած 8(3)-ը Հայաստանը կը պարտաւորէ սահմանային ծառայութիւններու այն գործառոյթները, որոնք անմիջական կապ ունին քաղաքացիներուն հետ, վստահիլ մասնաւոր գործարկուներու՝ առանց պահանջելու, որ անոնք համապատասխանին Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ստուգման չափանիշներուն եւ առանց բացառելու անբարենպաստ շահառու սեփականութիւնը։

For a strategically sensitive border zone, this omission raises serious concerns.

Ռազմավարական զգայուն սահմանային գօտիի մը համար այս բացթողումը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ։

Article 9 provides for extensive tax exemptions for the TDC structure, including exemption from dividends, capital gains, and transfer taxes, without a reciprocal financial mechanism that would return value to the Armenian state, except for its 26 percent stake, the real value of which is entirely dependent on financial obligations that the agreement did not guarantee. At the same time, Article 3(7) provides specific protection for the US ownership of TDC US from acquisition by third parties, while there is no comparable protection for Armenian SPVs.

Յօդուած 9-ը TDC-ի կառոյցին համար կը նախատեսէ լայնածաւալ հարկային արտօնութիւններ՝ ներառեալ շահաբաժիններու, դրամագլուխի աճի եւ փոխանցման հարկերէն ազատումը՝ առանց այնպիսի փոխադարձ ֆինանսական մեքանիզմի, որ Հայաստանի պետութեան արժէք վերադարձնէ, բացի իր 26 առ հարիւր բաժնեմասէն, որուն իրական արժէքը ամբողջովին կախեալ է այն ֆինանսական պարտաւորութիւններէն, որոնք համաձայնագիրը չերաշխաւորէր։ Միեւնոյն ժամանակ, Յօդուած 3(7)-ը յատուկ պաշտպանութիւն կը տրամադրէ TDC US-ի ամերիկեան սեփականութեան՝ երրորդ կողմերու ձեռքբերումէն, մինչդեռ հայկական SPV-ներուն համար համարժէք պաշտպանութիւն գոյութիւն չունի։

There is also no mandatory arbitration or dispute resolution mechanism in the event of disputes. Article 10 only provides for consultations. All of these provisions could be negotiated separately, but together they form a coherent pattern.

Վէճերու պարագային եւս պարտադիր իրաւարարութեան կամ վէճերու լուծման մեքանիզմ գոյութիւն չունի։ Յօդուած 10-ը միայն խորհրդակցութիւններ կը նախատեսէ։ Այս բոլոր դրոյթները առանձին-առանձին բանակցութեան նիւթ կրնային ըլլալ, սակայն միասին կը կազմեն հետեւողական օրինաչափութիւն մը։

The asymmetry becomes more visible from a geopolitical perspective when we consider what TRIPP does and does not establish. The strategic goal of connecting Azerbaijan’s main territory of Nakhichevan with Armenia’s territory is embodied in infrastructure rights, concession provisions, and special governance mechanisms. Meanwhile, Armenia’s expected reciprocal benefits are nowhere enshrined in the form of binding rights. There are no contractual guarantees for Armenia’s transit rights through Azerbaijani territory, no obligation to lift the Turkish-Azerbaijani blockade, and no minimum investment threshold that must be met before Armenia’s commitments come into effect.

Անհամաչափութիւնը աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն աւելի տեսանելի կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք, թէ ԹՐԻՓՓ-ը ի՛նչ կը հաստատէ եւ ի՛նչ չի հաստատեր։ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքը Նախիջեւանին Հայաստանի տարածքով կապելու ռազմավարական նպատակը կը մարմնաւորուի ենթակառուցուածքային իրաւունքներով, կոնցեսիոն դրոյթներով եւ յատուկ կառավարման մեխանիզմներով։ Մինչդեռ Հայաստանի ակնկալուող փոխադարձ օգուտները ոչ մէկ տեղ պարտադիր իրաւունքներու ձեւով ամրագրուած են։ Չկան պայմանագրային երաշխիքներ Հայաստանի տարանցիկ իրաւունքներուն համար Ատրպէյճանի տարածքով, չկայ պարտաւորութիւն թուրք-ատրպէյճանական շրջափակումը վերացնելու, եւ չկայ նուազագոյն ներդրումային շեմ, որ պէտք է ապահովուի նախքան Հայաստանի պարտաւորութիւններու ուժի մէջ մտնելը։

A framework that clearly establishes one side’s primary strategic interest while leaving the other side’s interests to future political goodwill is not an incomplete agreement waiting to be implemented. It is an already complete agreement that serves one side’s interests to a greater extent.

Շրջանակ մը, որ մէկ կողմի հիմնական ռազմավարական շահը յստակօրէն կը հաստատէ, մինչ միւս կողմի շահերը ապագայի քաղաքական բարի կամքին կը ձգէ, թերի համաձայնագիր մը չէ, որ իրագործման կը սպասէ։ Ան արդէն ամբողջացած համաձայնագիր մըն է, որ աւելի մեծ չափով կը սպասարկէ մէկ կողմի շահերը։

The reciprocity clauses and the assurances of Armenia’s sovereignty are real provisions, but they operate in a system of governance where 74 percent foreign control, shareholder agreements governed by New York law, and elected officials of the UN shape the practical reality of decisions. The formal protections that exist under majority foreign control do not mean real and enforceable equality. Critics rightly point out that Azerbaijan is not a party to this agreement, and that requiring binding guarantees for Armenia’s transit rights in a UN-Armenia bilateral document may be considered a legally flawed approach. This is true, but that reality deepens, not alleviates, the concern. The preamble itself states that ensuring connectivity between the main territory of Azerbaijan and Nakhichevan is one of the main strategic goals of the agreement. Thus, Armenia assumes tangible and 99-year infrastructure obligations, the main strategic beneficiary of which is a third party not bound by this document.

Փոխադարձութեան վերաբերող դրոյթները եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան մասին հաւաստիքները իրական դրոյթներ են, սակայն անոնք կը գործեն այնպիսի կառավարման համակարգի մը մէջ, ուր 74 առ հարիւր օտար վերահսկողութիւնը, Նիւ Եորքի իրաւունքով կարգաւորուող բաժնետիրական համաձայնութիւնները եւ Ա․Մ․Ն․-ի ընտրած պատասխանատուները կը ձեւաւորեն որոշումներու գործնական իրականութիւնը։ Օտար մեծամասնութեան վերահսկողութեան ներքեւ գոյութիւն ունեցող ձեւական պաշտպանութիւնները չեն նշանակեր իրական եւ գործադրելի հաւասարութիւն։ Քննադատները արդարացիօրէն կը մատնանշեն, որ Ատրպէյճանը այս համաձայնագիրի կողմ չէ, եւ Ա․Մ․Ն․-Հայաստան երկկողմ փաստաթուղթի մը մէջ Հայաստանի տարանցիկ իրաւունքներուն համար պարտադիր երաշխիքներ պահանջելը իրաւականօրէն սխալ մօտեցում կրնայ նկատուիլ։ Ասիկա ճիշդ է, սակայն այդ իրողութիւնը մտահոգութիւնը կը խորացնէ, ոչ թէ կը մեղմացնէ։ Նախաբանը իսկ կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանին միջեւ կապի ապահովումը համաձայնագիրի հիմնական ռազմավարական նպատակներէն մէկն է։ Այսպիսով, Հայաստանը կը ստանձնէ շօշափելի եւ 99-ամեայ ենթակառուցուածքային պարտաւորութիւններ, որոնց գլխաւոր ռազմավարական շահառուն երրորդ կողմ մըն է, որ այս փաստաթուղթով կապուած չէ։

The Washington Trilateral Agreement of August 9, 2025, which also included Azerbaijan, created political obligations for Armenia regarding mutual communications. However, these obligations did not become legally binding documents before Armenia signed them. The sequence is important: Armenia’s obligations now have contractual force, while the mutual benefits still remain at the level of political agreements.

2025-ի 9 Օգոստոսի Ուաշինկթընեան եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները, որոնց մէջ ներգրաւուած էր նաեւ Ատրպէյճանը, քաղաքական պարտաւորութիւններ ստեղծած էին Հայաստանի փոխադարձ կապուղիներու վերաբերեալ։ Սակայն այդ պարտաւորութիւնները չվերածուեցան իրաւապէս պարտադիր փաստաթուղթերու՝ նախքան Հայաստանի ստորագրութիւնը։ Հերթականութիւնը կարեւոր է. Հայաստանի պարտաւորութիւնները այժմ պայմանագրային ուժ ունին, մինչ փոխադարձ օգուտները տակաւին քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու մակարդակին վրայ կը մնան։

Legal impartiality requires recognizing that Armenia did not enter into these negotiations from a position of strength. No legal criticism can change that geopolitical reality. The UN’s support for development financing and infrastructure rehabilitation can bring real, albeit long-term, benefits. But strategic vulnerability is not a reason to sign without careful consideration; on the contrary, it is a reason for closer scrutiny.

Իրաւական անկողմնակալութիւնը կը պահանջէ ընդունիլ, որ Հայաստանը այս բանակցութիւնները չի վարած ուժի դիրքերէ։ Ոչ մէկ իրաւական քննադատութիւն կրնայ փոխել այդ աշխարհաքաղաքական իրողութիւնը։ Ա․Մ․Ն․-ի զարգացման ֆինանսաւորման աջակցութիւնն ու ենթակառուցուածքներու վերականգնումը կրնան իրական, թէեւ երկարաժամկէտ, օգուտներ բերել։ Սակայն ռազմավարական խոցելիութիւնը պատճառ չէ առանց մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան ստորագրելու. ընդհակառակը, ան աւելի խիստ քննութեան պատճառ մըն է։

A state with limited leverage cannot afford to find, after ratification, that its obligations were binding while its benefits were not. Armenia’s pursuit of connectivity, prosperity, and regional integration through TRIPS is a legitimate and necessary goal.

Սահմանափակ լծակներ ունեցող պետութիւն մը չի կրնար իրեն արտօնել, որ վաւերացումէն ետք միայն յայտնաբերէ, թէ իր պարտաւորութիւնները պարտադիր էին, մինչ իր օգուտները՝ ոչ։ Հայաստանի ձգտումը ԹՐԻՓՓ-ի միջոցով հասնելու կապակցուածութեան, բարգաւաճման եւ շրջանային համարկման, օրինական եւ անհրաժեշտ նպատակ մըն է։

The question raised in this article is not whether Armenia should participate in this process. The question is whether the current legal architecture of that participation sufficiently protects Armenian interests and sovereignty, and whether the ratification process should continue before these issues can be properly discussed. Seven pages have already been signed. The 99 years have not yet begun.

Այս յօդուածին բարձրացուցած հարցը այն չէ, թէ Հայաստանը պէ՞տք է մասնակցի այս գործընթացին։ Հարցը այն է, թէ արդեօք այդ մասնակցութեան ներկայ իրաւական ճարտարապետութիւնը բաւարար կերպով կը պաշտպանէ՞ հայկական շահերն ու ինքնիշխանութիւնը, եւ արդեօք վաւերացման գործընթացը պէ՞տք է շարունակուի՝ նախքան այս հարցերուն պատշաճ քննարկումը։ Եօթ էջը արդէն ստորագրուած է։ 99 տարիները տակաւին չեն սկսած։

Comments

Sign in to join the conversation.

No comments yet — be the first to comment.

We use cookies for analytics and advertising, including Google ad partners who may use cookies to serve personalized ads. See our Privacy Policy for details and your choices.