Այս գրութիւնը թերթէ մը վերցուած կտրօն մըն է, գրուած գրեթէ քառասուն տարի առաջ, Արտէն Ա. Քհնյ. Աշճեանի գրիչով, Ամերիկայի մէջ դար մը առաջ գոյութիւն ունեցած հայկական գրադարաններու մասին: Իր հետաքրքրութեան համար կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն: Աղձնեցի ստորագրող թղթակից մը Նիւ Եորքէն, Մարսէյլի Արմէնիա թերթին 3 Ապրիլ1898-ին գրած է նամակ մը, որով կը յայտարարէ թէ «Գրադարաններու ծնողքն եղող Հայ Երիտասարդաց Թանգարանի Միութիւնը ծնած էր 1890-ին, Ճէրզիի Ճէրզի Սիթի Հայցի մէջ» (Արմէնիա, 27 Ապրիլ 1898): Թերթին 12 Հոկտ. 1898-ի համարին մէջ ուրիշ մէկէ մը յայտնի կը լինի որ «Թանգարանի Միութիւնը»ը ունի 86 անդամ, ցրուած Նիւ Եորքի եւ արուարձաններուն մէջ: Ընթերցարան մը բացած է, ուր կը ստացուին 11 օրագրեր եւ հանդէսներ. 500-ի կը հասնի մատեաններուն թիւը»: Աղձնեցի իր թղթակցութեան մէջ անդրադառնալով Ուսթրի հայոց 1888 Սեպտ.ին կազմած «Կաճառ Հայկական» միութեան, կը հաստատէ որ Կաճառը «ունեցած է իր սեփական գրադարանը… Շատ չանցած Ուսթրի գրադարանը իւր ճիւղեր կը տարածէ Թօրէնսի, Մօլտընի եւ ուրիշ բազմաթիւ գիւղեր»: Աղձնեցիի գրածը կը վերջանայ այսպէս. «Գրադարանները զարգացուցին ժողովրդի ըnթերցանութեան ճաշակը, որուն հետեւեցաւ, իբր արդիւնք, ընթերցարաններու հաստատուիլը»: Ուսթրի Կաճառ Հայկականի անմիջական նպատակը – արտասահամանէն հայ հոգեւորական մը ապահովել Ուսթրի եւ մերձակայ քաղաքներու հայ գաղթականներու կրօնական կարիքներու գոհացումին համար – իրագործուեցաւ Կ. Պոլսէն Յովսէփ Ծ. Վրդ. Սարաճեանի ժամանումովը 1889-ի ամռան: Շուտով լուծուեցաւ Կաճառը, սակայն հայկական գրադարանը իր տրամաբանական տունը գտաւ Ուստրի նորակառոյց – հոգ չէ թէ փայտաշէն – Ս. Փրկիչ հայ եկեղեցւոյ սրահին մէջ (կը թուի թէ որոշ շրջան մը Ուսթր գրելէ ետք, սկսեր են քաղաքին անունը գրել Ուստր. խմբ.): Մուշեղ Արք. Սերոբեան Պոսթոնի մէջ հրատարակած իր Ամերիկահայ Տարեցոյցի 1913-ին մէջ այսպէս կը ներկայացնէ Ուստրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ գրադարանին հաստատութիւնը, քաղելով զայն Սարաճեան Վարդապետի արձանագրութենէն. «1891 թուականի սկզբնաւորութեան հետ Ամերիկայի անդրանիկ հայ եկեղեցւոյ շինութիւնն աւարտելով, Ուստրի ժողովուրդը բախտաւորուեցաւ իր հոգեւոր պաշտամունքը վայելել իր սեփական շէնքին մէջ. այս հոգեւոր մեծ պէտքին լրացումէն յետոյ կը մնար խորհիլ Ուստրի հայ գաղութին մի այլ նոյնչափ կարեւոր պէտքի մասին, այն էր ժողովրդեան մտաւոր զարգացումը լսարանի եւ գրադարանի միջոցաւ: Եկեղեցւոյ շէնքը ունենալով մի ընդարձակ սրահ յատկապէս այդ նպատակին համար պատրաստուած, պէտք էր միայն ուսումնասիրէր եւ փութաջան խումբ մը՝ որ գրադարան-ընթերցարանի մը հաստատութեան նախաձեռնութեան առաջին դժուար քայլը ընել յանձն առնէր: Պր. Մինաս Գ. Արոյեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան նոյն ատենի բազմավաստակ գանձապետը, որ արդէն եկեղեցւոյ շինութեան գործին մէջ կարեւոր դեր ունեցած էր, պարտք համարեց գրադարանի հաստատութեան ամենակարեւոր գործին մէջ ալ առաջնորդ եւ քաջալերող լինել. ուստի 1892 Մայիս 22-ին Հայկական Կաճառ լսարանական ժողովոյն մէջ առաջարկեց փոխ տալ 200 տոլար գրադարանի սկզբնաւորութեան համար: Ասոր վրայ ներկայ ժողովուրդէն 230-ի չափ անդամ գրուելով կազմուեցաւ Գրադարան-Ընթերցարանի Ընկերութիւնը»: Մուշեղ Արք. իր յօդուածի շարունակութեան մէջ կու տայ անունները գրադարանի Տնօրէն Ժողովի ինն անդամներուն, կը խօսի գրադարանի կանոնագրի պատրաստութեան մասին, եւ երկար կը ծան-րանայ ապսպրուելիք գիրքերու ընտրութեան մէջ Յովսէփ Ծ. Վրդ. Սարաճեանի ընդդիմութեան հետեւանքով յառաջ եկած երկճղումին վրայ: Սարաճեան Յովսէփ Վրդ.-ի թիրախ էին Ս. Փրկիչ գրադարան-լսարանին առնչութեամբ Րաֆֆիի գործերը, Մշակ եւ Հնչակ թերթերը: Նկատի ունենալով որ նորաբոյս Հնչակեան Կուսակցութեան մէջ աչքի զարնող անհատները բողոքականներն էին եւ կամ բողոքական կրթութիւն ստացած երիտասարդներ, Յովսէփ Ծ. Վրդ. իրեն նեցուկ ունենալով Կաճառին հիմնադիր պոլսեցի Միքայէլ Թոփհանէլեանը, ջանաց սահմանափակել Ազգային Ժողովասրահին գործածութիւնը: Այդուհանդերձ, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հայկական գրադարանը գոյատեւեց եւ իր գործունէութեան մարզերը լայնցուց: Տարիներ ետք, երբ քառամեայ բացակայութենէ մը ետք Յովսէփ Սարաճեան եպիսկոպոս օծուած, 1898-ին արտասահմանէն վերադարձաւ Ուստր, Ամերիկայի հայոց Առաջնորդի պաշտօնով, շոգեկառքի կայարանը զայն դիմաւորելու փութացող 30 կառքերու գլուխը տեղ տրուած էր զոյգ մը կառքերու, որոնց մէջ բազմած էին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հայկական գրադարանի Հայութեան Օժանդակ Միութեան եւ Գրադարանի Վարչութեան անդամներ (Արմէնիա, 12 Նոյ. 1898): Ուստրի հայկական գրադարանի վեցամեայ տեղեկագրին մէջ պատուի տուրք կ’ընծայուի Նիւ Եորքի Հայ Երիտասարդաց Թանգարանի Միութեան, որպէս հաստատողը «անդրանիկ գրադարանին այս նոր աշխարհի մէջ» եւ Ուստրի գրադարանին կազմութիւնը կը վերագրուի քաղաքական «զարգացեալ հայոց մէջ սկսած նախանձի» (Արմէնիա, 8 Փետր. 1899): Նոյն գրադարանի հաստատման 7-րդ տարեդարձը տեղի ունեցաւ Յունիս 3-ին Յովսէփ Եպս. Սարաճեանի պաշտօնավարութեան առաջին տարին չլրացած: Այսպէս կը նկարագրէ թղթակից Գ. Վարդազարմ. «Ուստրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովասրահը տեղի ունեցած հանդէսին՝ Հայկական Գրադարանի 7-րդ տարեդարձին առթիւ, կը նախագահէ Յովսէփ Եպս. Սարաճեան: Բեմին վրայ անոր հետ բազմած են Վաղինակ Ծ. Վրդ. Սիսակեան եւ Մաշթոց Վ. Փափազեան եւ ատենախօսները՝ Վեր. Խ. Պէննէեան – Ուստրի Բողոքական հայոց քարոզիչ – եւ Հ. Արզումանեանց (Նիւ Եորք): 300-ի չափ երկսեռ բազմութիւն: Ժողովասրահը զարդարուած Հայրիկի, Իզմիրլեանի, Րաֆֆիի, Գ. Քաթիպայի, Նալպանդեանցի, վաղամեռիկ Դուրեանի, Քաջն Վարդանի, նշանակք Հայաստանեանցի, հայ լրագրութեան յոբելեանի պատկերներով (Արմէնիա, 5 Օգս. 1899): Տարեդարձի այս հանդէսէն մի քանի ամիս առաջ «Պատուելի Մարդուկէսեան իր համախոհներով կը դիմէ Ուսթրի Հայկական Գրադարանի վարչութեան, աւետելով Վայթինսվիլի մէջ հայկական գրադարանի մասնաճիւղի մը կազմակերպութիւնը եւ գրքեր կը խնդրէ նորահաստատ մասնաճիւղին համար» (Արմէնիա, 25 Փետր. 1899): 1899-ի սկիզբը «Սէնթրըլ Ֆօլզի (Ր.Ա.) հայկական գրադարանի տարեդարձի հանդէսին կը նախագահէ Վաղինակ Ծ. Վ. Սիսակեան: Կը կատարուի խմբերգ, մեներգ, զաւեշտ, ոտանաւորներու ընթերցում: Հոգաբարձութեան հաշուետուութենէն յայտնի կը լինի որ մէկ տարուան մէջ 130 գիրք գնած են եւ ստացած չորս լրագիր: Գաղթականութիւնը իր ազգայնութիւնը պահպանելը գտաւ ինքնազարգացման մէջ» (Արմէնիա, 14 Յունուար 1899): Նիկողոս Խաշմանեան Փրովիտէնսի հայ գաղութի մասին իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նկարագրէ Ազգային Տնտեսութեան Միութեան գրադարանը՝ կազմուած 1895-ի Մարտին: 5 սէնթ շաբաթական վարձքով, հետաքրքրուողներ կրնային հայերէն գիրք կարդալ: Գրադարանին նուիրուելիք գրքերը տարեդարձի հանդէսներու մէջ աճուրդի կը դրուէին եւ այս կերպով կարեւոր գումարներ ձեռք կը բերուէին: Մաս-նաւորապէս Խրիմեան Հայրիկի, Րաֆֆիի, Ղ. Ալիշանի, Ծերենցի, Մ. Պէշիկթաշլեանի գիրքերը մեծ մրցումներու առարկայ կ’ըլլային: Վաղի-նակ Ծ. Վրդ. Սիսակեան 1897-ին գրադարանը տեղաւորեց վարձուած ժողովասրահին մէջ՝ Էքսչէնճ Փլէյս (Ս. Սերոբեան, Ամերիկահայ Տարե-ցոյցը, 1912): Ամերիկայի մէջ առաջին անգամ սեփական կալուածներ գնելու ի վիճակի եղող Ֆրէզնոցի հայերն է, որ 1897-ին կը յաջողին նահանգային իշխանութեանը վաւերացնել տալ Ֆրէզնոյի Հայ Գրադարանի Միութիւնը: Անոր նպատակը եղած է իր անդամները հայրենասէր եւ օգտակար քաղաքացիներ ընել: Միութիւնը շէնք մը կը կառուցանէ Էֆ փողոցին վրայ, հոն հաստատելու գրադարան, լսարան եւ խօսարան: Ֆրէզնոյի Հայոց Գրադարանի Միութեան ծնողն է Ֆրէզնոյի Հայ Գաղթականաց Միութիւնը, որ իր կառավարական վաւերացումի առնչութեամբ կը փոխէ իր անունը (Մ. Սերոբեան, Ամերիկահայ Տարեցոյցը, 1912): Թիֆլիսի Մշակ թերթը իր 8 Փետր. 1894-ի թիւով կը հաղորդէ թէ «Ներկայումս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներում հայերի թիւը հասնում է 10 հազարի, որոնք բոլորն էլ գաղթել են Թուրքիայից»: Եւ կ’աւելցնէ. «Ամերիկա գաղթած հայերը իրանց համար հիմնում են փոքրիկ հայոց գրադարաններ: … Գրադարանները արդէն հիմնուած են հետեւեալ տեղերում՝ Ուստր, Լին, Բօստօն, Լօրէնս, Լօվէլ, Հէվըրհիլ, Նիւ-Եօրկ, Չիգակօ, Պրօվիտէնս, Ֆիլատէլֆիա եւ Ֆիչբուրգ»: 1897-ին, Շիքակոյի հիւսիսը գտնուող փոքրիկ Վօքեկան քաղաքի առնչութեամբ կը կարդանք. «Տեղւոյս պանդխտոց թիւը թէն հազիւ 40-ի կը հասնի, հոս ալ գրեթէ տարիէն աւելի է որ հայրենասիրական միութիւն եւ գրադարան մը հաստատուած կայ» (Արմէնիա, 5 Մայիս 1897): «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների հայաբնակ քաղաքների շատերի մէջ վերջերս մի շարժում սկսած է հայկական գրադարան ունենալու համար… Նիւ Հէմբշայր նահանգի Մանչէսթըր քաղաքին մէջ ալ, ուր սակաւաթիւ հայեր կը գտնուին, այս օրեր մի գրադարան բացուած է, որին մէկ օրինակ Արմէնիա նուիրեց Տիար Պետրոս Շմաւոնեան» (Արմէնիա, 29 Յունուար 1898): Ամերիկահայ գրադարաններու ԺԹ. դարու վախճանին մօտ ծաւալումին մէկ այլ վկայութիւն է հետեւեալ տեղեկութիւնը. «Հետզհետէ հաստատուեցան գրադարաններ Բրովիտէնս, Լօրէնս, Միլֆօրտ, Ֆօլ Րիվըր, Վօքեկան, Մօլտըն, Պրայթըն, Հարթֆըրտ, Նիւ Հէյվըն, Փօրթլէնտ» (Արմէնիա, 1 Մարտ 1899): Հայերէն ընթերցողներու նուազումին պատճառով մէկ կողմէն, գիրք նուիրելու անհատներու եւ կազմակերպութիւններու հետզհետէ չքացումին հետեւանքով միւս կողմէն, մեզմէ մէկ դար առաջ մարմին առնող այս գրադարանները անցած են պատմութեան իրենց մաշած, լքուած կամ գողցուած թերթերով ու գիրքերով: Կրթական եւ մշակութային ծառայութիւն մատուցանելէ զատ «որբախնամ» կամ «աղքատախնամ» ամերիկահայ վաղեմի գրադարաններու վարիչներուն (ինչպէս էր Ուստրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյնը) բացը լեցնող նոր գործիչներու կարիքը ունինք: Գործիչներ, որոնք նոր պայմաններուն գիտակից հայրենասէր հայորդիներ պատրաստեն Ամերիկայի մէջ, դիւրամատչելի, արդիական գրադարաններով: Եանքըրզ, Ն.Ե. Մարուշ Երամեան