2026 թուականի Սեպտեմբեր 24-ին համացանցին մէջ տարածուեցաւ զեկոյց մը, որուն մէջ կը խօսուէր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «ճգնաժամ»-ին, անոր «իւրացում»-ին եւ Եկեղեցւոյ բարեկարգման անհրաժեշտութեան մասին՝ միաժամանակ բարձրացնելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին հեռացման եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան հարցը։ Սակայն խնդիրը այլեւս միայն Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին անձը չէ։ Հարցն այն է՝ ո՞ւր կը վերջանայ պետութեան իշխանութիւնը եւ ո՞ւր կը սկսի Եկեղեցւոյ իրաւունքը։ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 17-րդ յօդուածին համաձայն՝ «կրօնական կազմակերպութիւնները անջատ են պետութենէն»։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Եկեղեցին կառավարութեան ենթակայ մարմին չէ եւ չի ղեկավարուիր աշխարհիկ իշխանութեան կողմէ․ այսինքն՝ խորհրդարանը Եկեղեցւոյ Սինոտը չէ, իսկ վարչապետը՝ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսը չէ։ Անշուշտ, օրէնքին առջեւ բոլորը հաւասար են, եւ օրէնքը պէտք է կիրարկուի բոլորին նկատմամբ։ Եթէ կան յանցագործութիւններ, անոնք պէտք է քննուին դատարաններու մէջ։ Եթէ կան ֆինանսական խախտումներ, պէտք է գործեն օրէնքով նախատեսուած ընթացակարգերը։ Եթէ կան եկեղեցական եւ կանոնական խնդիրներ, անոնց լուծումը կը պատկանի Եկեղեցւոյ իրաւասու մարմիններուն։ Սակայն Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը իշխանական հրամանով վերափոխելը բոլորովին այլ բան է։ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրին 9-րդ յօդուածը կը պաշտպանէ խղճի եւ կրօնի ազատութիւնը։ Եւրոպական դատարանը, մասնաւորաբար «Հասան եւ Չաուշն ընդդէմ Պուլկարիոյ» գործով, ընդգծած է, որ պետութեան միջամտութիւնը կրօնական համայնքի ներքին կազմակերպութեան եւ ղեկավարութեան հարցերուն կրնայ խախտել կրօնի ազատութիւնը։ Հետեւաբար հարցը առաւել քան յստակ է․ ո՞ր իրաւական հիմքով պետական իշխանութիւնը իրեն իրաւունք կը վերապահէ որոշելու, թէ ո՛վ պէտք է ղեկավարէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Եթէ ոմանք կը յայտարարեն, թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պէտք է հեռանայ եւ ապա կը նախաձեռնեն նոր ընտրական գործընթաց, բնական հարց կը ծագի․ որքանո՞վ այդ ընտրութիւնը պիտի ըլլայ Եկեղեցւոյ ազատ եւ ինքնուրոյն կամքին արտայայտութիւնը։ Եկեղեցւոյ բարեկարգումը պէտք է ծնունդ առնէ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ՝ անոր կանոնական եւ ժողովական համակարգին միջոցաւ, ոչ թէ քաղաքական որոշումով եւ խումբ մը անբարոյականներու, գող-աւազակներու, հարբեցողներու, դրամաշորթներու, ինչպէս նաեւ նզովեալ կորյուններու եւ այլասերուած խորեններու հետ համագործակցութեամբ։ Ոչ ոք չի պահանջեր Եկեղեցին օրէնքէն վեր դասել։ Պահանջը աւելի քան յստակ է․ իշխանութիւնները իրենք պէտք է մնան օրէնքի սահմաններուն մէջ։ Կարելի է պահանջել հաշուետուութիւն, բարձրաձայնել խնդիրներ եւ պահանջել բարեկարգումներ։ Սակայն այս բոլորը վարչապետը չեն դարձներ Եկեղեցւոյ կանոնական իշխանութեան մարմին։ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը բոլոր ժամանակներուն համար են․ «Տուէ՛ք կայսրինը՝ կայսրին, եւ Աստուծոյնը՝ Աստուծոյն»։ Ասիկա պետութեան դէմ կոչ չէ, այլ յիշեցում իշխանութեան սահմաններուն մասին։ Վարչապետը վերջին անձն է, որ կրնայ միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, քանզի ան չի հանդիսանար ո՛չ ծխական խորհուրդի անդամ, ո՛չ թեմական խորհուրդի անդամ եւ ո՛չ ալ Եկեղեցւոյ որեւէ մարմինի անդամ։ Եկեղեցին պետութեան թշնամին չէ։ Բայց պետութիւնն ալ Եկեղեցւոյ վերադասը չէ։ Պետութիւնը պատասխանատու է օրէնքին առջեւ։ Եւ ահա հիմնական հարցը․ եթէ կը յայտարարուի, թէ Կաթողիկոսը պետութեան կողմէ չի նշանակուիր, ապա ինչո՞ւ իշխանութիւնը կը պահանջէ Հայրապետին հեռացումը։ Եթէ Եկեղեցւոյ պետին ընտրութիւնը Եկեղեցւոյ ներքին գործն է, ապա ինչո՞ւ իշխանութիւնը նախապէս կը որոշէ, թէ ո՛վ պէտք է հեռանայ եւ ո՛վ ստանձնէ «բարեկարգումը»։ Եւ վերջապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ո՞ր օրէնքն է իշխանութեան կու տայ Եկեղեցւոյ ներքին կանոնական կառուցուածքը փոխելու իրաւասութիւն։ Այս հարցերուն պէտք է պատասխանել ոչ թէ քաղաքական կարգախօսներով, այլ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով։ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին աւելի հին է, քան մերօրեայ քաղաքական կուսակցութիւններն ու գործող պետական մարմինները։ Ասիկա բնաւ չի նշանակեր, թէ Եկեղեցին օրէնքէն վեր է։ Սակայն կը նշանակէ, թէ ոչ մէկ քաղաքական իշխանութիւն իրաւունք ունի փոխելու դարերով ամրագրուած Եկեղեցւոյ սրբազան ընթացքը։ Ուստի՝ պետութիւնը եկեղեցի չէ, եւ ոչ ալ Եկեղեցին է պետութիւն։ Անոնցմէ ոչ մէկը պէտք է ստանձնէ պարտաւորութիւն՝ փոխարինելու միւսը։ Թող Եկեղեցուն վերաբերող հարցերը լուծուին Եկեղեցւոյ ներսը՝ կանոնական եւ ժողովական ճամբով։ Թող յանցագործութիւնները քննուին դատարաններուն մէջ։ Թող իշխանութիւնը յարգէ Սահմանադրութիւնը։ «Տուէ՛ք կայսրինը՝ կայսրին, եւ Աստուծոյնը՝ Աստուծոյն» (Մատթ. 22:21)։ Աբգար Եպս. Յովակիմեան Առաջնորդ՝ Գանատահայոց Թեմի Մոնթրէալ, 25 Սեպտեմբեր 2026