Համաճարակի օրերուն մէջ ապրող, հայրենիքի տուայտանքներուն ու տագնապներուն տիղմին մէջ թաւալող եւ աշխարհի անորոշութեանց, տագնապներուն ու դժուարութիւններուն մէջ գտնուող ժողովուրդին համար, Սրբազանը դարձեալ կը հրապարակէ գիրք մը։ Անիկա ցոյց կու տայ Կիլիկիոյ հայրապետներուն եւ իւրաքանչիւր եպիսկոպոսի նկատմամբ իր արձանագրած անձնական մտածումները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայր Սուրբ Աթոռը՝ Արմաշէն, Սիսէն, Հալէպէն մինչեւ Անթիլիաս եւ այսօր Պիքֆայա, եղած է այն դարբնոցն ու կաճառը, ուր մարդը ներս մտնելով կոփուած է բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով։ Եկեղեցւոյ հայրերէն Վարուժան Արքեպիսկոպոսին գրած սոյն գիրքը ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր Հայրապետի, Արքեպիսկոպոսի եւ Եկեղեցւոյ Հօր կատարած սխրանքները՝ Կիլիկիոյ պարպումէն մինչեւ սուրիական հողերուն վրայ թափառական վիճակը, եւ ապա՝ վերջնական հաստատումը Լիբանանի Անթիլիաս ծովափնեայ շրջանին մէջ, ուր հիմնուեցաւ նոր Կաթողիկոսարան մը՝ միշտ կառչած մնալով հինին։ Սահակ, Բաբգէն, Պետրոս, Գարեգին, Զարեհ, Խորէն, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Շնորհազարդ Հայրապետները, իւրաքանչիւրը իր կեանքը ի սպաս դրաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պայծառացման եւ յարատեւման։ Ունեցանք Կաթողիկոսներ, որոնք իրենց աչքերով ականատես եղան Կիլիկիոյ Մայր Աթոռի Սսոյ Կաթողիկոսարանին յանձնումին, ինչպէս՝ Սահակ եւ Բաբգէն կաթողիկոսները։ Բիւզանդ Եղիայեան, Կիլիկիոյ ժամանակակից պատմութեան իր գիրքին մէջ, յստակօրէն կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս յանձնուեցան այդ դարաւոր վանքին բանալիները, եւ դուրս բերուեցան Կաթողիկոսարանին բոլոր մասունքներն ու սրբազան իրերը։ Ցաւալի եւ արցունքով լեցուն երեւոյթ մըն էր, որուն ցաւը, վստահաբար, մեր ներսիդին պիտի զգանք, երբ կարդանք։ Սրբազանը իր գիրքին մէջ յստակօրէն կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր կաթողիկոսի նկարագիրը, կերպարը, կեցուածքն ու դերը հայկական իրականութեան մէջ։ Կաթողիկոսներու մասին գրելէ ետք, ան կ’անդրադառնայ նաեւ վախճանեալ այն եպիսկոպոսներուն, որոնք իրենց ազդեցիկ հետքը թողած են գրական, հոգեւոր, ազգային, երաժշտական, բանասիրական, փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական մարզերէն ներս։ Ինչպէս՝ Սահակ, Տաճատ, Ղեւոնդ, Նշան, Զարեհ եւ Մեղրիկ սրբազանները, ինչպէս նաեւ Պարոյր Վարդապետը եւ այլք, որոնք, տոգորուած ազգային եւ կիլիկեան հոգեւոր ապրումներով, իրենց կեանքը ի սպաս դրին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին՝ ամէնուրեք։ Վարուժան Արքեպիսկոպոս «Հոգեւոր Կիլիկիա» մակդիրը գործածած է ցոյց տալու համար հայ մարդուն, թէ Կիլիկիան սովորական վայր մը չէ՝ պարզապէս աշխարհագրական իմաստով, որ տարիներ առաջ գոյութիւն ունէր եւ հիմա չկայ։ Ո՛չ, ընդհակառակը, Կիլիկիան այն վայրն է, ուր հոգեւորն ու ազգայինը իրարու շաղախուելով կը շարունակեն ապրիլ։ Կիլիկիան այն վայրն է, ուր, երբ աշխարհի մէջ վանքեր չկային, հոն կային վանքեր ու եկեղեցիներ՝ իրենց շքեղ կառուցուածքով, սլացիկ գմբէթներով եւ բուրումնաւէտ խորաններով։ Կիլիկիան այն վայրն է, ուր բնութիւնն ու երկինքը գիրկընդխառնուած են իրարու՝ իր կանաչազարդ ու դալար լեռներով, կապուտակ երկինքով եւ ջինջ ու մաքուր ծովով։ Վերջապէս, Կիլիկիան այն վայրն է, որ արտադրած է հոգեւոր հերոսներ, ազգային ֆիտայիներ եւ քաջազուն մարտիկներ։ Ա՛յս է Կիլիկիան։ Հետեւաբար, սոյն գիրքը կենսական տեղ պէտք է ունենայ մեր սիրտերուն, միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Շնորհիւ հայրապետներու եւ սրբազան հայրերու՝ մենք այսօր կը շարունակենք մեր երթը դէպի լաւատես ու փայլուն ապագայ։ Անոնք եթէ չըլլային, այսօր թերեւս մենք գոյութիւն իսկ պիտի չունենայինք։ Եթէ անոնք տեսլական չունենային, մենք այսօր պատմութեան փոշոտ էջերուն մէջ թաղուած պիտի ըլլայինք։ Հայրապետները, ինչպէս սրբազանը ինք կը վկայէ, երբ պետականութիւն չունէինք, իրե՛նք եղան պետութիւնն ու պետական աւագանին։ Հոն, ուր բարոյականութիւնը, սրբութիւնն ու հոգեւորը կը պակսէին, իրենք իրենց գործերով, կեցուածքով ու իմաստութեամբ դարձան հայ ազգը պահպանող տարրերը։ Մենք բոլորս, այս գիրքին ճամբով, նախ պէտք է երախտապարտ ըլլանք Աստուծոյ, որ մեր ազգին՝ Հայկազնեան ազգին, այսպիսի վեհ ու փառաւոր մարդիկ արժանացուցած է։ Երկրորդ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որ, անցնելով տառապանքի, դժուարութեան եւ անորոշութեան վիհէն, մնաց տոկուն իր կամքին, հաւատքին եւ նպատակներուն մէջ։ Երրորդ՝ Վարուժան սրբազանին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է եկեղեցւոյ, գրականութեան եւ հայ ազգին՝ մեզի յիշեցնելով, որ ունինք հայրապետներ, որոնք իրենց կեանքը տուին հայ ազգին համար։ Հայրապետներ, որոնք խոնարհ խաւէն ելած ըլլալով. «Վերերէն չնայեցան իրենց հօտին, այլ եղան անոնց հետ, անոնց կողքին, անոնց պէս՝ ուրախութեան, ցաւի թէ տրտմութեան օրերուն։ Արթուն հովիւներու պէս՝ եղան հօտին մէջ եւ խորհեցան ու գործեցին հօտին համար…» (էջ 33)։ Այս տեսլականով եւ համոզումով է, որ մինչեւ օրս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայր Աթոռը, իր Շնորհազարդ Հայրապետով եւ ծաղկեալ միաբանութեամբ, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ եւ ի պանծառացումն հայ ազգին։ Սրբազանը աւարտելով կը թելադրէ. «Վերադառնանք մեր Նահապետներու եւ Հայրապետներու իտէալներուն։ Այլապէս, մանկապարտէզի համարժէք գրասեղաններուն վրայ բազմած՝ հայրենիք չի պահուիր եւ ոչ ալ պետականութիւն կը կառուցուի։ Վերադառնանք մեր ուխտին, մեր ազգային դաւանանքին եւ հաւատարմագրուինք մեր պապենական աւանդներուն» (էջ 6)։ Արմէն վրդ. 1 Սեպտեմբեր 2026 Պոլիս
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
«ԵՍ ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ 3» «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱՆ»
Համաճարակի օրերուն մէջ ապրող, հայրենիքի տուայտանքներուն ու տագնապներուն տիղմին մէջ թաւալող եւ աշխարհի անորոշութեանց, տագնապներուն ու դժուարութիւններուն մէջ գտնուող ժողովուրդին համար, Սրբազանը դարձեալ կը հրապարակէ գիրք մը։ Անիկա ցոյց կու տայ Կիլիկիոյ հայրապետներուն եւ իւրաքանչիւր եպիսկոպոսի նկատմամբ իր արձանագրած անձնական մտածումները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայր Սուրբ Աթոռը՝ Արմաշէն, Սիսէն, Հալէպէն մինչեւ Անթիլիաս եւ այսօր Պիքֆայա, […] The post «ԵՍ ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ 3» «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱՆ» appeared first on Գանձասար.

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)
Related coverage

Ռաֆֆի Պետիկեան - Ինչո՞ւ Սփիւռքը Պառակտուած Է | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72
Arevelk / Oct 7

Ռաֆֆի Պետիկեան - Ինչո՞ւ Սփիւռքը Պառակտուած Է, Մելգոնեան, Գերմանիոյ Հայեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72
Arevelk / Oct 6

Ռաֆֆի Պետիկեան - Կուսակցութիւններու Պատերազմ, Գերմանիոյ Համայնք, Մելգոնեան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72
Arevelk / Oct 5



