Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ին, գրականասէր հոյլի մը ներկայութեան, Հալէպի ԱՄԺ Տան «Լ․ Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հալէպահայ գրող Մարուշ Երամեանի «Ճերմակ Քաղաքին Գոյները» գիրքին շնորհանդէսը։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան, կազմակերպուած էր «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան եւ վարչութեան կողմէ։ Յայտագիրի ներկայացումը վստահուած էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի «Նոր Երթ» երիտասարդական յաւելուածի աշխատակիցներուն, որոնք ժրաջան ներկայութեամբ իւրայատուկ գոյն տուին երեկոյին։ Օրուան հանդիսավար Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեան երեկոն բաց յայտարարելով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Համազասպ Շաքարեանը, որ բացման իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Այս պահուն մեծ սիրով ու երախտագիտութեամբ կը յիշենք «Գանձասար»-ի նուիրեալ աշխատակիցները, որոնք իրենց հետեւողական ջանքով կ՚ապրեցնեն թերթն ու մշակոյթը: Անոնցմէ մէկն է Մարուշ Երամեանը, որ երկար տարիներ եղած է նախ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Օշական» պարբերաթերթի, ապա «Գանձասար» պաշտօնաթերթի գրասէր բարեկամն ու աշխատակիցը, իսկ վերջին տարիներուն՝ «Պրիսմակէս» խորագիրին տակ, շաբաթական իր խորհրդածութիւններով՝ մշտապէս ներկայ եղած է «Գանձասար»-ին մէջ, մեր ընթերցողները հաղորդակից դարձնելով իր խորհրդածութիւններուն, փորձելով լուծումներ որոնել մեր ինքնութեան պահպանման դժուարութիւններուն եւ լոյսին բերել հայ արուեստագէտներու, մանաւանդ կին դէմքերու գործեր ու արժէքներ։ Յօդուածի մը մէջ ան կ՚ըսէ. «Գրելուս պատճառներէն մէկը, նոր անդրադարձայ, բառերն են, հայերէն լեզուին բառերը, որ այնքա՜ն կը սիրեմ, կ’ուզեմ զանոնք մի՛շտ գործածել՝ գրել, ըսել, լսել … անոնք քիմքիս համար թարմ հացի չափ կարեւոր են, տաքուկ եւ էական»»: Այնուհետեւ հանդիսավարը ընթերցեց Երամեանի կենսագրական ծանօթութիւնները, իսկ պաստառի վրայ Կիթառ Աւընեան ցուցադրեց հեղինակին ցարդ հրատարակած գիրքերը։ «Ճերմակ Քաղաքին Գոյները» գիրքը ներկայացուց կրթական մշակ, հրապարակագիր Երան Զէյթունցեան։ Ան նախ գիրքին արտաքին շապիկը ներկայացուց, ապա անցաւ գիրքի բովանդակութեամբ, խորքին, անդրադառնալով հեղինակին ոճին, ներաշխարհին, գրականութեան եւ արուեստի հանդէպ ունեցած լայն հետաքրքրութեան։ Զէյթունցեան ըսաւ․ «Հեղինակը անտարբեր չի կրնար անցնիլ երեւոյթի մը կողքով։ Ան կը կանգնի եւ կը փնտռէ «ինչո՞ւ»-ներու պատասխանները։ Կը փորձէ հասկնալ մարդը, ըմբռնել իր շրջապատը, մանրակրկիտ կերպով վերլուծել պատմութիւնը՝ հասկնալու համար իր ժողովուրդը։ Մարուշ կը վերադառնայ անցեալին՝ հասկնալու համար ներկան, իսկ ներկային կը նայի՝ մտածելով ապագայի մասին։ Եւ թերեւս ասով կը բացատրուի գիրքին ներքին խորագրերուն ու նիւթերուն բազմազանութիւնը։ Որովհետեւ երբ մարդը իրապէս մտահոգ է իր շրջապատով, երբ իր ժողովուրդի ճակատագիրը մաս կը կազմէ իր ներքին աշխարհին, ո՛չ մէկ հարց մանր է, ո՛չ մէկ յիշողութիւն՝ անարժէք, եւ ո՛չ մէկ անցած դէպք՝ վերջնականօրէն անցեալ։ Այս գիրքը, այս իմաստով, նաեւ այդ անհանգիստ հոգիին վկայութիւնն է»։ Անդրադառնալով գիրքի բաժիններուն, Զէյթունցեան ըսաւ․ «Մարուշ Երամեանի «Ճերմակ Քաղաքին Գոյները» գիրքը բաժնուած է երկու հիմնական բաժիներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ հեղինակին անհանգիստ, պրպտող եւ ազգային ու մարդկային արժէքներուն հանդէպ զգայուն հոգիին դրոշմը։ «Առաջին մասը՝ «Ակնարկներ», կը բաղկանայ 29 վերնագիրներէ։ Սակայն «ակնարկ» բառը թող չխաբէ մեզ. այստեղ պարզ դիտարկումներու շարան մը չէ, որ կը գտնենք, այլ՝ մտորումներու, հարցումներու, որոնումներու, երբեմն ալ ինքն իր հետ կամ իր ընթերցողին հետ երկխօսութիւններու իւրօրինակ շղթայ մը։ «Գիրքին երկրորդ մասը՝ «Հալէպեան խճանկար», բոլորովին ուրիշ աշխարհ մը՝ Հալէպ կը տանի մեզ։ Բայց ո՞ր Հալէպը։ Հալէպը սովորական քաղաք չէ։ Հալէպը, յատկապէս սուրիահայուն համար, իր կորսնցուցած հայրենիքը փոխարինող օրրան է՝ իր եկեղեցիներով, ակումբներով, միութիւններով, թերթերով, մշակութային ու կրթական օճախներով, իր վաճառականներով ու արհեստաւորներով, մտաւորականներով եւ այդ բոլորը իր մէջ պարփակող հայ համայնքով։ «Ուստի, այս իմաստով «Հալէպեան խճանկար»-ը միայն Հալէպի մասին չէ։ Ան մեր յիշողութեան մասին է։ Մեր կորսնցուցածը չմոռնալու մասին է։ Եւ, թերեւս ամէնէն կարեւորը, այն մասին է, թէ ինչպէ՛ս անցեալ մը կարելի է բառերով պահպանել եւ փոխանցել անոնց, որոնք այդ Հալէպը անձամբ չեն ճանչցած։«Այս գիրքը, հետեւաբար, միայն հեղինակի գրութիւններուն ժողովածուն չէ։ Ան նաեւ ժամանակի մը արձանագրութիւն է, մտածող մարդու մը ներաշխարհի արտացոլումն է եւ Հալէպի հայկական կեանքի որոշ էջեր պահպանելու փորձ»։ Գիրքի ներկայացումէն ետք, ներկաները դիտեցին, այժմ Եգիպտոս բնակող եւ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի արխիւներուն եւ «Երուանդ Աղաթօն» գրադարանին պատասխանատուութիւնը ստանձնած հեղինակ Մարուշ Երամեանի շնորհակալական խօսքը։ Տեղին է յիշել, որ Երամեան իր գրական աշխատանքներուն կողքին, Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Սփիւռքահայ գրականութեան դասախօս եղած է 2000-2014 տարիներուն։ Երեկոյին յատուկ ջերմութիւն տուին Անի Պօղիկեանը եւ Արփի Գրտանեանը, դաշնամուրային քառձեռն կատարումով ներկայացնելով Պետրոսեանի «Պար եւ Մեղեդի» ստեղծագործութիւնը ։ Ապա Կիթառ Աւընեանը եւ Մայք Գեւոյեանը հաճելի առոգանութեամբ ընթերցեցին «Ճերմակ Քաղաքին Գոյները» գիրքէն հատուածներ։ Այս առիթով խօսք առաւ «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան, որ անդրադարձաւ Մարուշ Երամեանի հետ հարուստ, ջերմ ու յարգալից գործակցութեան, աւելցնելով, որ խմբագրութիւնը որոշած էր թերթին մէջ լոյս տեսած Երամեանի յօդուածներու հաւաքածոն գիրքի մը երդիքին տակ մէկտեղել երկու պատճառով, նախ՝ որպէս երախտագիտական արտայայտութիւն հեղինակին աշխոյժ գործակցութեան, երկրորդ ընթերցողներու աւելի լայն հարթակի ծանօթացնելու Երամեանի յօդուածներն ու մտորումները, յատկապէս որ Հալէպի զաւակ Երամեան լայն բաժին յատկացուցած է Հալէպին, իսկ Ճերմակ քաղաքին գոյն կու տան նաեւ Հալէպի հայ համայնքին դպրոցները, եկեղեցիները, մտաւորականները, հայկական բարքերն ու սովորութիւնները եւ վերջապէս հեղինակին յուշերը։ Խմբագիրը շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին եւ մեկենասներ Սարգիս եւ Ռոպէր Մինասեաններուն, որոնք հաւատացին գիրքի մը մէջ պարփակուած մտաւոր անկորոյս արժէքներուն։ Օրուան եզրափակիչ պատգամով Մակար Արք․ Աշգարեան անդրադարձաւ գիրքի կարեւոր դերին, որովհետեւ անոր ճամբով հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք թէ՛ բառերուն, թէ՛ լեզուին եւ թէ ալ հեղինակին ապրումներուն հետ։ Սրբազան հայրը ըսաւ, որ թէեւ Երամեանը անձամբ չէ ճանչցած, սակայն այս երեկոյին ու գիրքին ներկայացման ճամբով շատ աւելի հարազատ կապ մը ստեղծուած է անոր հետ։ Ապա դիտել տուաւ, որ Երաժշտագէտ Երամեանի նուրբ զգացողութիւնը, գրողի սրաթափանց նայուածքը, պրպտելու հետաքրքրութիւնը եւ դիտելու կարողութիւնը զինք մղած են երեւոյթներու ետին թափանցելով մանրամասնութիւններ դուրս բերելու եւ այդ բոլորը իր ներաշխարհին հետ միախառնելով կենդանացնելու։ «Այս գիրքը կու գայ ինքնին ապրուած կեանքի մը կենդանի վկայութիւնը դառնալու, այս պարագային հալէպահայութեան պայքարի, աշխատանքի, քրտնելու ամբողջ իրականութիւնն է, որ այս գիրքին ճամբով որպէս գանձ կը ներկայացուի մեզմէ իւրաքանչիւրին», ըսաւ Մակար սրբազան։ Առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտելով գիրքին կարեւոր դերը յայտնեց, որ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս վերջին երկու տարիներուն, երկրի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ անգամ, հրատարակուեցաւ 20 գիրք, Մարուշ Երամեանի այս հատորը կը հանդիսանայ 21-րդը։ Հուսկ, Մակար սրբազան իր գնահատական խօսքը ուղղեց կազմակերպող մարմինին՝ գիրքին հրատարակութեան եւ շնորհանդէսի կազմակերպման համար, ապա նաեւ հեղինակին, որովհետեւ ան ուժ եւ յամառութիւն ի գործ դրած է շարունակաբար ստեղծագործելու, ապա նաեւ մեկենասներուն, իրենց քաջալերական մօտեցումին համար։ Վերջապէս սրբազան հայրը գնահատեց գիրքը մատչելի ոճով ներկայացնող Երան Զէյթունցեանը։ Աւարտին, Երամեանի «Ճերմակ Քաղաքին Գոյները» գիրքէն օրինակներ տրամադրուեցան ներկաներուն։
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆԻ «ՃԵՐՄԱԿ ՔԱՂԱՔԻՆ ԳՈՅՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ին, գրականասէր հոյլի մը ներկայութեան, Հալէպի ԱՄԺ Տան «Լ․ Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հալէպահայ գրող Մարուշ Երամեանի «Ճերմակ Քաղաքին Գոյները» գիրքին շնորհանդէսը։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան, կազմակերպուած էր «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան եւ վարչութեան կողմէ։ Յայտագիրի ներկայացումը վստահուած էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի «Նոր […] The post ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆԻ «ՃԵՐՄԱԿ ՔԱՂԱՔԻՆ ԳՈՅՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ appeared first on Գանձասար.

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Kantsasar (Gandzasar) / 18 hours ago

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ՀՕՄ-Ի ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ
Kantsasar (Gandzasar) / 18 hours ago

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԻՆ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 11

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 11
Related coverage
No related coverage from other sources yet.