قام نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، برفقة وفد من مطرانية الأرمن الأرثوذكس، بزيارة رسمية للقائم بأعمال سفارة الجمهورية العربية السورية في بيروت السيد إياد الهزاع، وذلك يوم الخميس الواقع في ٨ تشرين الأول ٢٠٢٦. ضمّ الوفد رئيس المجلس التنفيذي المهندس دارون ماكاريان، ولجنة العلاقات العامة وعضو المجلس الملي للمطرانية السيد فريج يعقوبيان، وعضو المجلس الملي والتنفيذي المحامية نورا قراجيان. قدم سيادة المطران والوفد المرافق له التهاني والتبريكات القلبية لقداسة كاثوليكوس بيت كيليكيا الكبير آرام أول كشيشيان و أكدوا أن الكاثوليكوسية من خلال أبراشياتها في جميع أنحاء العالم تلعب دوراً فعالاً لدعم الشعب السوري الشقيق. خلال اللقاء أكد السيد إياد الدور البناء للسوريين الأرمن في ازدهار سورية مؤكداً أنه سيزور لقداسة الكاثوليكوس قريباً. ————— Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ Դեսպանատան յանձնակատար տիար Իյատ ալ-Հազաային, Դեսպանատան մէջ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան ատենապետ երկրչփ. Տարօն Մակարեան, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ տիար Վրէժ Եագուպեան եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան։ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դեսպանատան յանձնակատարին փոխանցեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, յայտնելով, որ Կաթողիկոսութիւնը աշխարհատարած իր թեմերով եւ ազդեցիկ ներգործութեամբ մշտապէս զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ ժողովուրդին։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան նիւթեր, ի մասնաւորի սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ նախատեսուած յառաջիկայ ծրագիրները։ Յանձնակատարը հաստատեց, որ սուրիահայութիւնը յատկապէս վերջին հարիւր տարիներուն շինիչ դերակատարութին ունեցած է Սուրիոյ տարբեր ոլորտներու բարգաւաճման մէջ։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնելով խոստացաւ յառաջիկային այցելութիւն տալ Վեհափառ Հայրապետին։ The post ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԻՆ appeared first on Գանձասար .