Կիրակի, 1 Նոյեմբերին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց եւ քարոզեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ (Կլենվիւ, Իլինոյ)։ Պատարագէն ետք, ան օրհնեց եկեղեցւոյ ընծայուած 12 կանթեղներ, որոնք պիտի զարդարեն սուրբ խորանը։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, «Շահնազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 83-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Մայք Տէմիրճեան, որ …