Շաբաթ, 31 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանը եւ հոգաբարձութիւնը կազմակերպեցին երկխօսութիւն մը յայտնի աստուածաբան փրոֆ. Վիգէն Կիւրոյեանի հետ, որուն նպատակն էր առիթը տալ խորհրդածելու եւ քննարկելու Հայ Եկեղեցւոյ ըմբռնումը հաւատքի, մշակութային ժառանգութեան եւ ազգային ինքնութեան հաւասարակշռութեան մասին, յատկապէս ամերիկահայ փորձառութեան լոյսին տակ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք։ Դոկտ. Կիւրոյեան երկար տարիներ համագործակցած է Ազգային Առաջնորդարանին հետ՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Աշճեանի, ինչպէս եւ Օշական Արքեպիսկոպոս Չոլոյեանի առաջնորդութեան օրերէն։ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, ներկայացուց օրուան բանախօսը։ Փրոֆ. Կիւրոյեանի արտայայտած տեսակէտները յառաջ բերելին անկեղծ եւ աշխոյժ խօսակցութիւն մը ներկաներուն հետ, երբեմն ստեղծելով օգտակար եւ տաք բանավէճ մը։ Փակման իր խօսքին մէջ, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ մեթր Արմէն Մորեան, շնորհակալութիւն յայտնեց փրոֆ. Կիւրոյեանին, որուն յայտնած գաղափարները, երբեմն վիճարկումի առիթ ըլլալով հանդերձ, նպաստած էին առողջ մտքերու փոխանակման։ Already a subscriber? Log in here
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ՝ ՓՐՈՖ. ՎԻԳԷՆ ԿԻՒՐՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Hairenik Weekly

AMI releases policy report outlining long-term strategy for Armenia’s higher education
Hairenik Weekly / 8 hours ago

Հայկազեան Համալսարանը Հիւրընկալեց Սուտանահայերու Կայքի Հիմնադիր Վահէ Պօղոսեանը
Hairenik Weekly / 9 hours ago

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 12-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ – ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ՝ 300.000 ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.-ԻՆ
Hairenik Weekly / 12 hours ago

Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Hairenik Weekly / 13 hours ago
Related coverage

COAF’s 23rd Annual Holiday Gala to Celebrate Armenian Heritage and Honor Distinguished Leaders in NYC
MassisPost / 2 hours ago

Massis Kabob Celebrates 50 Years With Community Festival and Landmark Expansion At Hollywood Burbank Airport
Asbarez / 6 hours ago

COAF’s 23rd Annual Holiday Gala to Celebrate Armenian Heritage and Honor Distinguished Leaders in NYC
Asbarez / 7 hours ago

Armenian culture finds a home at Fresno State
The California Courier / Nov 4