Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, որ կոչուած է ըլլալու պետական մտածողութեան, քաղաքական պատասխանատուութեան եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան բարձրագոյն ամպիոններէն մէկը, դժբախտաբար յաճախ կը վերածուի փոխադարձ վիրաւորանքներու, անձնական հաշուեյարդարներու եւ քաղաքական անհանդուրժողութեան թատերաբեմի: