ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի առաջին ատեանի քրէական դատարանը նոյեմբեր 5-ին որոշեց երեք ամիսով երկարաձգել «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը՝ բաւարարելով դատախազութեան ներկայացուցած միջնորդութիւնը։ Նոյեմբեր 4-ին գումարուած դատական նիստին ընթացքին մեղադրող կողմը պնդած էր, որ Ծառուկեանը ազատ արձակելու պարագային տակաւին գոյութիւն ունի դատական վարոյթին խոչընդոտելու վտանգ, հետեւաբար անհրաժեշտ է պահպանել կալանքը՝ իբրեւ խափանման միջոց։ Պաշտպանական կողմը […] The post Դատարանը երեք ամիսով երկարաձգեց Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը first appeared on Horizon Weekly .