Այսու ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ մատաղօրհնէք: Պիտի պատարագէ ու յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ: Սկիզբ Ս. Պատարագի՝ առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղի պատրաստութեան համար նուիրատուութիւն կատարել, կը խնդրենք հեռաձայնել տիկ. Յասմիկ Թագուորեանին (6977960593) եւ անոր յանձնել նուէրները, ինչպէս նաեւ գործածել եկեղեցւոյ դրամատնային հաշիւը՝ Alpha Bank IBAN: GR9701401050105002002027684 Մեր սրտագին փափաքն է, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնայ Ս. պատարագին եւ ստանայ Առաջնորդ Սրբազան հօր օրհնութիւնը: Սուրբ Պատարագէն ետք, Առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Տիկնանց մարմնոյն կողմէ պատրաստուած եկեղեցւոյ տարեկան պազարը։ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ The post Տօն հիմնադրութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ appeared first on Azat Or .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
World Affairs
Տօն հիմնադրութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.







