Լիբանանահայ մեծանուն նկարիչ Փօլ Կիրակոսեանի «Հարսանիք» (Noces, 1958-1959) իւղանկարը 486.400 տոլարի վաճառուեցաւ «Քրիսթիզ» (Christie’s) աճուրդի տան՝ Նոյեմբեր 1-ին Ապու Տապիի մէջ կազմակերպած գեղարուեստական գործերու առաջին աճուրդին։ «Մաուասիմ. Մերձաւոր Արեւելքի արդի եւ ժամանակակից արուեստի 20 տարիները» խորագրով աճուրդը, որուն ներկայացուած էին շուրջ 70 ստեղծագործութիւններ, ընդհանուր առմամբ 8,94 միլիոն տոլարի վաճառք արձանագրեց։ 1958-1959-ին ստեղծուած «Հարսանիք»-ը Կիրակոսեանի վաղ շրջանի կարեւոր գործերէն է։ Գրեթէ 2,40 մեթր լայնքով այս մեծադիր կտաւը կը ներկայացնէ հարսանեկան խրախճանք մը, ուր հարսը շրջապատուած է երաժիշտներով, պարողներով եւ հիւրերով։ Գոյներու հարստութիւնն ու մարդկային կերպարներու արտայայտչականութիւնը կը վկայեն նկարչին ինքնատիպ արուեստին մասին։ Նկարը կը պատկանէր լիբանանցի ճարտարապետ եւ արուեստի հաւաքորդ Ֆարիտ Թրատի հաւաքածոյին։ Ան զայն գնած էր ուղղակի նկարիչէն։ Գործը առաջին անգամ ցուցադրուած էր Պէյրութի մէջ, 1959-ին, իսկ 2023-ին դարձեալ ներկայացուած էր նոյն քաղաքին մէջ։ Վաճառքէն առաջ անոր արժէքը գնահատուած էր 300.000-500.000 տոլար։ Այս վաճառքը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ Փօլ Կիրակոսեանի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ։ Արդարեւ, 2026-ին Ապու Տապիի մէջ բացուած է նաեւ անոր ստեղծագործութեան նուիրուած յոբելինական ցուցահանդէս մը։