«Ինֆոքոմ»-ի հաշուարկով՝ 2026-ի սկիզբէն մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ Հայաստանի զինուած ուժերը ունեցած են 43 զինուորականի կորուստ՝ բոլորն ալ ոչ-մարտական հանգամանքներով։ Այս ընդհանուր թիւը, սակայն, կ՚ընդգրկէ նաեւ զինուորական ծառայութեան հետ ուղղակի կապ չունեցող մահերը։ Հելսինքեան քաղաքացիական համաժողովի Վանաձորի գրասենեակին համաձայն՝ մինչեւ Յուլիս 21 արձանագրուած 30 մահերէն 11-ը պաշտօնապէս կապուած էին զինուորական ծառայութեան, իսկ մնացեալ 19-ը՝ այլ հանգամանքներու հետ։ Այս տարբերութիւնը անհրաժեշտ է նկատի ունենալ մահերուն պատճառներն ու բանակին մէջ տիրող պայմանները գնահատելու ատեն։ Վերջին ողբերգութիւնը պատահած է Հոկտեմբեր 31-ին, երբ Պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է 19-ամեայ զինուոր Տիգրան Ստեփանեանի դիակը՝ հրազէնային վէրքով։ Մահուան հանգամանքները պարզելու համար քննութիւն բացուած է։ Զինուորներու մահերը երկար ատենէ ի վեր մտահոգութիւն կը պատճառեն իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն։ Հելսինքեան քաղաքացիական համաժողովի Վանաձորի գրասենեակը բազմիցս ահազանգած է բանակին մէջ աձնասպանութիւններու, սպանութիւններու եւ այլ ողբերգական դէպքերու մասին՝ պահանջելով կանխարգելիչ ազդու միջոցներու որդեգրում եւ պատասխանատւութիւններու յստակացում։ Պարզուած պատկերը խորապէս տխուր է եւ անընդունելի, մանաւանդ ռազմական գործողութիւններու բացակայութեան ներկայ պայմաններուն մէջ։ Զինուորներուն կեանքն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելը պէտք է ըլլայ պետութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկը։ Իւրաքանչիւր նման մահ մարդկային ողբերգութիւն մըն է, ընտանիքի մը համար՝ անփոխարինելի կորուստ։ Ան չի կրնար պարզապէս վիճակագրական նոր թիւ մը դառնալ կամ մոռացութեան մատնուիլ պաշտօնական ցաւակցութենէ մը ետք։ Անհրաժեշտ են անաչառ քննութիւններ, պատասխանատւութիւններու ճշդում եւ, ամէնէն առաջ, նոր ողբերգութիւններու կանխման վճռական քայլեր։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Հայաստանի բանակին մէջ զինուորներու մահերը լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառեն

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

ԹԷքէեան մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը Երեւանի մէջ
Nor Haratch / 16 hours ago

Arménie : le nombre de décès parmi les militaires suscite une vive inquiétude
Nor Haratch / 16 hours ago

La question de l’Arménien comme unique langue d’État et le sort de l’arménien occidental délaissé
Nor Haratch / 17 hours ago

« Plan secret » : un front politique ouvert contre l’économie de l’Arménie
Nor Haratch / 17 hours ago
Related coverage

RICHARD FINDYKIAN REÇOIT PATRICE DUHAMEL
Nouvelles d'Arménie / 15 hours ago
En Turquie, le directeur général de la Bourse mis en garde à vue sur fond de scandale financier
Nouvelles d'Arménie / 19 hours ago
L’opérateur de Trump dans le Caucase lié à un avocat impliqué dans le contournement de sanctions
Nouvelles d'Arménie / 19 hours ago

L’AZERBAÏDJAN EXIGE DAVANTAGE : L’ARMÉNIE SE RAPPROCHE DU PRÉCIPICE: KALFAYAN ET KHACHIKYAN
Nouvelles d'Arménie / Oct 31