ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ.-ի անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ընտրուեցաւ Հայաստանի մրցակցութեան եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ: Ազգային ժողովի փակ, գաղտնի քուէարկութեան մասնակցեցաւ 100 պատգամաւոր, որոնցմէ 58-ը կողմ քուէարկեց Մինասեանի թեկնածութեան, իսկ 42-ը` դէմ: Այդ պաշտօնին մէջ Մինասեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները: