Հինգշաբթի 29 Հոկտեմբերին, Հայկազեան Համալսարանը, ԼիբանանիՄշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, նշեց իր Գիրքի Օրը՝ նուիրուած գիրքին, գիտական հրատարակութեանց եւ Լիբանանի ու իր հայօճախին հարուստ գրական եւ մտաւորական ժառանգութեան։ Ձեռնարկը լուսարձակի տակ դրաւ Համալսարանին երկարամեայ ներդրումը՝ գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման մարզերէն ներս, ի մի բերաւ անոր հարուստ հրատարակչական աւանդը, պատմական հրատարակութիւնները, հազուագիւտ գիրքերն ու արխիւային նիւթերը, …