17 տա­րի եւ նոր շունչ ստա­ցող խմբագ­րակազմ 2026 Հոկ­տեմբեր 27-ին «Նոր Յա­ռաջ» բո­լորեց իր հիմ­նադրու­թեան 17-րդ տա­րին։ Տաս­նեօթը տա­րի ան­ընդմէջ հրա­տարա­կու­թիւն։ Տաս­նեօթը տա­րի՝ Փա­րիզէն լոյս ըն­ծա­յուող ազատ ու ան­կախ հայ­կա­կան մա­մու­լի ներ­կա­յու­թիւն՝ դա­սական ուղղագ­րութեամբ՝ արեւմտա­հայե­րէնով ու արե­ւելա­հայե­րէնով, ինչպէս նաեւ ֆրան­սե­րէնով։ Այս բո­լորը ինքնա­բերա­բար ձեռք չբե­րուե­ցան։ Ձեր՝ ըն­թերցող­նե­րու, բա­ժանորդնե­րու եւ նուիրա­տու­նե­րու շնոր­հիւ է, որ այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը։ Ան­ցեալ տա­րի, 2025-2026-ի մեր դրա­մահա­ւաքի ար­շա­ւով լու­սարձա­կի տակ առինք բո­լոր անոնք, որոնք յա­ճախ շուքի մէջ, բայց նուիրեալ աշ­խա­տան­քով կը հարստաց­նեն մեր էջե­րը՝ մեր թղթա­կից­նե­րը, յօ­դուա­ծագիր­նե­րը, երի­տասարդ գրիչ­ներն ու հա­ւատա­րիմ աշ­խա­տակից­նե­րը։ Անոնց շնոր­հիւ ընդլայ­նած են մեր հո­րիզոն­նե­րը եւ բազ­մա­զան դար­ձած՝ մեր ար­ծարծած նիւ­թե­րը։ Ձեր աջակ­ցութիւ­նը կա­րելիու­թիւն տուաւ ամ­րապնդե­լու այս ցան­ցը եւ աւե­լի ար­ժե­ւորե­լու անոնց աշ­խա­տան­քը։ Այ­սօր՝ նոր կազմ, նոր թափ Այս տա­րի նոր հանգրուան մը կը թե­ւակո­խենք։ Մեր խմբագ­րա­կան կազ­մը կը զօ­րանայ։ Նոր խմբագ­րուհի՝ ֆրան­սե­րէն բաժ­նին հա­մար։ Մեր ֆրան­սա­խօս ըն­թերցող­նե­րուն թի­ւը հետզհե­տէ կ՚աճի։ Անոնց շար­քին են Սփիւռքի երի­տասարդ սե­րունդնե­րը, խառն ամուսնու­թիւննե­րէ կազ­մուած ըն­տա­նիք­նե­րը, ինչպէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի բա­րեկամ­նե­րը։ Անոնց ակնկա­լու­թիւննե­րուն հա­մապա­տաս­խան բո­վան­դա­կու­թիւն հրամցնե­լու նպա­տակով «Նոր Յա­ռաջ»-ի խմբագ­րա­կան կազ­մին միացած է Անիէս Օհա­նեան, որ ստանձնած է թեր­թին ֆրան­սե­րէն բաժ­նին պա­տաս­խա­նատւու­թիւնը։ Անոր առա­քելու­թիւնն է հարստաց­նել մեր ֆրան­սե­րէն էջե­րը եւ հա­ղոր­դակցու­թեան կա­մուրջ մը ստեղ­ծել հա­յախօս ու ֆրան­սա­խօս ըն­թերցող­նե­րուն մի­ջեւ։ Աւե­լի սերտ գոր­ծակցու­թիւն՝ Երե­ւանի «Յա­ռաջ» կեդ­րո­նին հետ։ Այս տա­րի Երե­ւանի «Յա­ռաջ» կեդ­րո­նը «Նոր Յա­ռաջ»-ի հա­մար կը պատ­րաստէ ձայ­նա­գիր հա­ղոր­դումներ՝ փոտ­քասթներ։ Կեդ­րո­նը կ՚անդրա­դառ­նայ նաեւ Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քաղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող մշա­կու­թա­յին կարգ մը իրա­դար­ձութիւննե­րու։ Այս գոր­ծակցու­թիւնը մեր թեր­թին ձայ­նա­յին նոր ներ­կա­յու­թիւն մը կ՚ապա­հովէ՝ միաժա­մանակ ամ­րապնդե­լով Փա­րիզի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ կա­պերը։ Այ­սօր կը փա­փաքինք աւե­լի զար­գացնել այս գոր­ծակցու­թիւնը՝ աւելցնե­լով հա­ղոր­դումնե­րուն թի­ւը, ստեղ­ծե­լով նոր ձե­ւաչա­փեր, ար­ծարծե­լով Հա­յաս­տանն ու Սփիւռքը միաւո­րող նիւ­թեր եւ ընդլայ­նե­լով մեր հա­սանե­լիու­թիւնը յատ­կա­պէս այն հան­րութեան մօտ, որ կը նա­խընտրէ լսել, քան կար­դալ։ Ին­չո՞ւ կա­րեւոր է ձեր նուիրա­տւու­թիւնը Ան­կախ թերթ մը կրնայ գո­յատե­ւել միայն իր ըն­թերցող­նե­րուն աջակ­ցութեամբ։ Ձեր նուիրա­տւու­թիւնը կա­րելիու­թիւն պի­տի տայ՝  ապա­հովե­լու ֆրան­սա­խօս մեր նոր խմբագ­րուհիին վար­ձատրու­թիւնը,  զար­գացնե­լու Երե­ւանի «Յա­ռաջ» կեդ­րո­նին հետ փոտ­քասթնե­րու պատ­րաստու­թիւնը,  պահ­պա­նելու մեր աշ­խա­տակից­նե­րուն մաս­նակցու­թիւնը, որ մեր խմբագ­րա­կան բազ­մա­զանու­թեան գլխա­ւոր յե­նարան­նե­րէն է,  երաշ­խա­ւորե­լու «Նոր Յա­ռաջ»-ի ան­կա­խու­թիւնը յա­ռաջի­կայ տա­րինե­րուն։ Հան­գա­նակուած գու­մա­րին յատ­կա­ցու­մը «Նոր Յա­ռաջ»-ի 17-ամեակին առ­թիւ՝ նպաս­տե­ցէ՛ք թեր­թին խմբագ­րա­կազ­մի ամ­րապնդման, որ­պէսզի ան կա­րենայ դի­մագ­րա­ւել գա­լիք տա­րինե­րու մար­տահրա­ւէրները։ Այս տա­րուան մեր նպա­տակն է 18 000 եւ­րօ Նոր աշ­խա­տակից մը ներգրա­ւելը առա­ջին քայլն էր։ Հի­մա անհրա­ժեշտ է հաստատ հի­մերու վրայ դնել անոր աշ­խա­տան­քը եւ ամ­րապնդել խմբագ­րա­կան կազ­մը, որ­պէսզի «Նոր Յա­ռաջ» հա­մացան­ցի վրայ եւս կա­րենայ առա­ջար­կել նոյնքան հա­րուստ եւ բազ­մա­զան տե­ղեկա­տւու­թիւն, որ­քան ֆրան­սա­հայ այլ լրա­սփիւռնե­րը։ Հան­գա­նակուելիք 18 000 եւ­րօն պի­տի յատ­կա­ցուի խմբագ­րա­կան կազ­մի նոր ան­դա­մին աշ­խա­տան­քի առա­ջին ամիս­նե­րու վար­ձատրու­թեան ապա­հովման։ Դրա­մահա­ւաքին շա­հառուն Դրա­մահա­ւաքի այս ար­շա­ւին ան­մի­ջական շա­հառուն «Նոր Յա­ռաջ»-ի խմբագ­րութիւնն է, որ նոր ան­դա­մով մը ընդլայ­նած է իր կազ­մը։ Ծրա­գիրը իրա­կանաց­նողնե­րը «Նոր Յա­ռաջ»-ի խմբագ­րա­կան կազ­մը «Նոր Յա­ռաջ»-ի իւ­րա­քան­չիւր թի­ւին ետին կը գտնուի չորս հո­գիէ բաղ­կա­ցած փոքր, բայց նուիրեալ եւ բազ­մա­կող­մա­նի կա­րողու­թիւննե­րով օժ­տուած կազմ մը։ Անոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրը իր մաս­նա­գիտա­կան հմտու­թիւննե­րով, լե­զուա­կան կա­րողու­թիւննե­րով եւ իւ­րա­յատուկ հա­յեաց­քով կը նպաս­տէ թեր­թին հրա­տարա­կու­թեան։ Յա­րու­թիւն Կո­պէլեան – Գլխա­ւոր խմբա­գիր – Թեր­թին հա­մահիմ­նա­դիր­նե­րէն Յա­րու­թիւն Կո­պէլեան անոր ստեղծման առա­ջին օրէն իսկ առանցքա­յին դեր կը կա­տարէ։ Ան ներ­կայ է թեր­թին պատ­րաստու­թեան բո­լոր հանգրուան­նե­րուն՝ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քէն մին­չեւ հա­մացան­ցա­յին կայ­քէ­ջին վա­րու­մը, եւ իր ամէնօրեայ մաս­նակցու­թեամբ կ՚ապա­հովէ անոր բնա­կանոն գոր­ծունէու­թիւնը։ Իր ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ է նաեւ, որ «Նոր Յա­ռաջ» կրցած է շա­րու­նա­կել հրա­տարա­կու­թիւնը եւ յաղ­թա­հարել դժուարին ժա­մանա­կաշրջան­ներ։ Անիէս Օհա­նեան – Ֆրան­սե­րէն բաժ­նի խմբագ­րուհի – Խմբագ­րա­կան կազ­մին ամէ­նէն նոր ան­դա­մին ներ­կա­յու­թիւնը ար­դէն իսկ նոր թափ հա­ղոր­դած է թեր­թին։ Անոր աշ­խա­տան­քով հարստա­ցած է ֆրան­սե­րէն բա­ժինը՝ գրա­կանու­թեան եւ յի­շողու­թեան նուիրուած էջե­րու թարգմա­նու­թիւննե­րով, կայ­քէ­ջին հա­մար պատ­րաստուած յօ­դուած­նե­րով, տե­ղեկու­թիւննե­րու որո­նու­մով եւ ըն­թա­ցիկ լու­րե­րու հե­տեւո­ղական լու­սա­բանու­մով։ Անոր մաս­նակցու­թիւնը «Նոր Յա­ռաջ»-ին կա­րելիու­թիւն կու տայ հաս­նե­լու ֆրան­սա­խօս ընթերցողներու աւե­լի լայն շրջանակի մը, յատ­կա­պէս Սփիւռքի երի­տասարդ սե­րունդնե­րուն, որոնք հա­յերէն չեն կար­դար կամ այ­լեւս դադ­րած են կար­դա­լէ։ Ժի­րայր Չո­լաքեան – Հրա­տարա­կու­թեան տնօ­րէն – Ան իր բազ­մաբնոյթ պա­տաս­խա­նատւու­թիւննե­րով կը մաս­նակցի թեր­թին ամէնօրեայ գոր­ծունէու­թեան՝ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տանք, վար­չա­կան գոր­ծեր, հան­րա­յին յա­րաբե­րու­թիւններ, հար­ցազրոյցներ եւ խմբագ­րա­կան կազ­մի աշ­խա­տանքնե­րու հա­մակար­գում։ Անի Բրդո­յեան – Երե­ւանի «Յա­ռաջ» կեդ­րո­նի տնօ­րէնու­հի – Ան կ՚ապա­հովէ Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղարուես­տա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րուն լու­սա­բանու­մը։ Միաժա­մանակ կը ստանձնէ փոտ­քասթնե­րու եւ հար­ցազրոյցնե­րու պատ­րաստու­թիւնը, ձայ­նագրու­թիւնն ու մոն­թա­ժը։ Չորս հոգի, եր­կու լե­զու, մէկ հա­սարա­կաց նպա­տակ՝ մա­տու­ցել որա­կաւոր տե­ղեկա­տւու­թիւն՝ մեր յի­շողու­թեան հա­ւատա­րիմ եւ միաժա­մանակ դէ­պի ապա­գայ հայող։ Հան­րա­յին մաս­նակցու­թեամբ դրա­մահա­ւաք՝ HelloAsso-ի միջոցաւ Նուիրա­տւու­թիւննե­րը կրնան եկամ­տա­հար­կէն 66 տո­կոսի չա­փով զեղ­չի իրա­ւունք տալ՝ հարկման են­թա­կայ եկա­մու­տին 20 տո­կոսի սահ­մա­նին մէջ։ Այսպէս, հա­մապա­տաս­խան հար­կա­յին պայ­մաննե­րը լրաց­նե­լու պա­րագա­յին, 100 եւ­րո­յի նուիրա­տւու­թեան հա­մար կա­րելի է օգ­տուիլ 66 եւ­րո­յի հար­կա­յին զեղ­չէ, որով նուիրա­տւու­թեան իրա­կան ծախ­սը կը կազ­մէ ըն­դա­մէնը 34 եւ­րօ։ ■