Արեւմտեան Հայաստանի Այտընի նահանգի Կերմենճիք շրջանի Մուրսալլը թաղամասին մէջ, որ յայտնի է որպէս յունական գիւղ, կը գտնուի 166-ամեայ Սուրբ Հրեշտակապետաց (Տաքսիարխեա) պատմական եկեղեցին։ Տարիներէ ի վեր անուշադրութեան մատնուած կառոյցը ներկայիս կանգնած է կործանման վտանգին առջեւ։ Յունական ճարտարապետութեամբ կառուցուած եկեղեցին յայտնի է Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետը պատկերող որմնանկարներով։ Սակայն խոնաւութեան, բնական պայմաններու եւ գանձ որոնողներու պատճառած վնասներուն հետեւանքով պատերուն վրայ խոր ճաքեր յառաջացած են, տանիքին որոշ հատուածներ փլուզուած են, իսկ արժէքաւոր որմնանկարները հետզհետէ կ՚անհետանան։ 1923 թուականին, Լոզանի պայմանագրով հաստատուած բնակչութեան փոխանակումէն ետք, Մուրսալլը բնակեցուած է Յունաստանի Կրեւենա քաղաքի շրջակայ գիւղերէն եկած յոյներով։ Թաղամասը մինչեւ այսօր պահպանած է իր պատմական առանձնայատկութիւնները, իսկ բնակիչներուն մէկ մասը տակաւին կը խօսի յունարէն։ Տեղացիները կը պահանջեն վերականգնել եկեղեցին եւ զայն վերածել բնակչութեան փոխանակման թանգարանի՝ անցեալի յիշողութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու եւ տարածաշրջանի պատմական ժառանգութիւնը պահպանելու նպատակով։ Թէեւ նախկինին վերականգնման ծրագիրներ քննարկուած են, մինչեւ այսօր գործնական աշխատանքներ չեն սկսած։ Պատմական յուշարձանը կը շարունակէ քայքայուիլ՝ սպասելով անհետաձգելի պահպանութեան։ The post Արեւմտեան Հայաստանի Այտընի 166-ամեայ Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցին փրկութեան կարիք ունի first appeared on Western Armenia TV .