Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եւրատեսիլ 2026» երգի մրցումին յաղթող ճանչցուեցաւ Հայաստանը ներկայացնող Նարէն` իր «BOO!» երգով: Մրցումին երկրորդ հանդիսացաւ Սպանիան, իսկ երրորդ` Ֆրանսան: Սա Հայաստանի երրորդ յաղթանակն է մրցումի պատմութեան մէջ: Նախապէս Հայաստանը յաղթած էր 2010 եւ 2021 թուականներուն: Նարէն ընդհանուր ստացած է 202 միաւոր: Նշենք, որ Նարէն Հայաստանի տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեանի դուստրն է: