Ընկերային դժգոհութեան ալիքը կը տարածուի նաեւ Եւրոպայի այլ երկիրներ Ֆրանսայի մէջ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24-ին, հարիւրհազարաւոր քաղաքացիներ կրկին փողոց իջան՝ բողոքելու կեանքի սղութեան, ընկերային անհաւասարութեան եւ հանրային ծառայութիւններու անբաւարար ֆինանսաւորման դէմ։ Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն, ամբողջ երկրին մէջ ցոյցերուն մասնակցեցաւ շուրջ 410 հազար հոգի, մինչ CGT արհեստակցական միութիւնը մասնակիցներուն թիւը գնահատեց շուրջ 800 հազար։ Միայն Փարիզի մէջ իշխանութիւնները հաշուեցին 110 հազար ցուցարար, իսկ CGT-ն՝ 250 հազար։ Դպրոցականներէն սկիզբ առած բողոքի շարժումին միացած են համալսարանական ուսանողներ, աշխատաւորներ, արհեստակցական միութիւններ եւ «Դեղին բաճկոնաւորներ»-ը։ Անոնք կը պահանջեն կրթութեան յատկացումներու յաւելում, գնողունակութեան բարելաւում եւ ընկերային ու հարկային արդարութիւն։ Հոկտեմբեր 17-ի բռնութիւններէն ետք իշխանութիւնները ապահովական խիստ միջոցներու դիմած էին՝ զօրաշարժի ենթարկելով 70 հազար ոստիկան եւ զինուորական ոստիկան։ Ցոյցերուն մեծ մասը խաղաղ ընթացաւ, սակայն օրուան աւարտին բախումներ արձանագրուեցան Փարիզի, Մարսիլիոյ, Լիոնի, Նանթի, Ռէնի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Ոստիկանութիւնը գործածեց արտասուաբեր կազ եւ ջրցան մեքենաներ։ Ներքին գործոց նախարար Լօռան Նիւնիէզի համաձայն, շուրջ հազար հոգի հսկողութեան տակ առնուեցաւ։ Ընկերային դժգոհութիւնը, տարբեր պահանջներով, արտայայտուեցաւ նաեւ Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու մէջ Իտալիոյ ութ քաղաքներուն՝ Միլանոյի, Հռոմի, Թորինոյի, Նափոլիի, Պոլոնիայի, Ֆիրենցէի, Պերկամոյի եւ Փատովայի մէջ, տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր՝ կեանքի սղութեան, ցած աշխատավարձերուն, ռազմական ծախսերուն եւ կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ։ Որոշ քաղաքներու մէջ ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ արձանագրուեցան։ Իտալիոյ ոստիկանութեան համաձայն, ինը հոգի ձերբակալուեցաւ, իսկ 371 ուրիշներ հսկողութեան տակ առնուեցան, որոնցմէ 110-ը անչափահասներ էին։ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւսէլի մէջ եւս հարիւրաւոր ցուցարարներ բողոքեցին կրթական բարեփոխումներուն, պիւտճէի սահմանափակումներուն եւ ոստիկանական բռնութեան դէմ։ Բախումներու ընթացքին ոստիկանութիւնը արտասուաբեր կազ գործածեց. Հոս ալ ինը հոգի հսկողութեան տակ առնուեցաւ։ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ հազարաւոր քաղաքացիներ պահանջեցին կենսաթոշակներու բարձրացում՝ սղաճին համապատասխան, ինչպէս նաեւ կենսաթոշակային համակարգի պաշտպանութիւն։ Փորթուկալի մէջ, յատկապէս Լիզպոն եւ Փորթօ, բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցան բնակարաններու եւ վարձքերու բարձր գիներուն դէմ։ Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ ալ հազարաւոր քաղաքացիներ, գլխաւորաբար ուսանողներ, բողոքեցին եղծանման, գործազրկութեան եւ կրթական պայմաններուն դէմ՝ պահանջելով վարչապետ Էտի Ռամայի հրաժարականը։ Ցոյցերը վերածուեցան ոստիկանութեան հետ բախումներու, որոնց ընթացքին գործածուեցան արտասուաբեր կազ եւ ջրցան մեքենաներ։ Այսպէսով, Հոկտեմբեր 24-ը Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ յատկանշուեցաւ բողոքի լայնածաւալ շարժումներով։ Թէեւ երկրէ- երկիր պահանջները կը տարբերին, անոնց զգալի մասը կը վերաբերի կեանքի սղութեան, ընկերային ապահովութեան, կրթութեան եւ քաղաքացիներու կենսամակարդակին։