Փարիզի Վոժի հրապարակին վրայ գտնուող «Jakobson Gallery» ցուցասրահը մինչեւ Հոկտեմբեր 31 կը հիւրընկալէ հայ արուեստագիտուհի Լարիսա Սաֆարեանի ստեղծագործութիւնները։ Ցուցահանդէսը, որ արուեստագիտուհիին կայքէջին վրայ կը կրէ Fragments de Lumière («Լոյսի բեկորներ»), իսկ ցուցասրահին յայտագիրին մէջ՝ Life in Bloom («Ծաղկող կեանք») խորագիրը, կը համախմբէ բնութենէն, լոյսէն եւ կեանքի յարատեւ վերանորոգումէն ներշնչուած գեղանկարներ ու քանդակներ։ Երեւան ծնած եւ այժմ Լոս Անճըլըս հաստատուած Լարիսա Սաֆարեան ինքնատիպ արուեստ մը մշակած է, որուն գլխաւոր նիւթերէն մէկը հաւկիթի կեղեւն է։ Զայն մանր կտորներու վերածելով, ներկելով եւ ապա ձեռքով իրարու միացնելով՝ արուեստագիտուհին կը ստեղծէ նրբակերտ յօրինուածքներ, ուր կը յայտնուին բուսական պատկերներ, բնանկարներ եւ գոյներու հարուստ երանգներ։ Այսպէս, սովորաբար թափուող ու անպէտ համարուող նիւթ մը անոր ձեռքերուն մէջ կը վերածուի արուեստի գործի՝ արտայայտելով դիւրաբեկութեան, փոփոխութեան եւ վերածնունդի խորհուրդը։ Փայտաքանդակագործ Նայիրի Սաֆարեանի դուստրը՝ Լարիսա մանկութենէն իսկ ծանօթացած է նիւթերուն հետ աշխատելու արուեստին։ Ստեղծագործական այդ մթնոլորտին մէջ մեծնալը իր հետքը ձգած է անոր գործերուն վրայ, որոնց պատրաստութիւնը կը պահանջէ բացառիկ ճշգրտութիւն, համբերութիւն եւ մանրամասնութիւններու հանդէպ ուշադրութիւն։ Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կ՚արծարծուին վերածնունդի, ժամանակի անցումին եւ բնութեան յաւերժական շրջափուլերուն թեմաները։ Փարիզի պատմական Մարէ թաղամասին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը կը բացայայտէ նաեւ մշակութային յիշատակներն ու անձնական ապրումները, որոնք կը սնուցանեն Սաֆարեանի արուեստը։ Հոկտեմբեր 17-ին պատկերասրահը կազմակերպած էր արուեստագիտուհիին հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին այցելուներուն առաջարկուած էր նաեւ խոհարարական ինքնատիպ փորձառութիւն մը՝ ներշնչուած անոր գործերուն գոյներէն եւ ձեւերէն։ Ֆրանսայի մէջ «Jakobson Gallery» ցուցասրահին կողմէ ներկայացուող Լարիսա Սաֆարեան միաժամանակ կը շարունակէ իր միջազգային ստեղծագործական ուղին։ Այս տարի անոր գործերը ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ ժամանակակից արուեստի քանի մը տօնավաճառներու, ինչպէս նաեւ Սէն-Թրոփէի նշանաւոր «Hôtel de Paris» պանդոկին մէջ։ Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Հոկտեմբեր 31՝ Փարիզի 4-րդ թաղամասին մէջ, Վոժի հրապարակ, թիւ 28 հասցէին։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Լարիսա Սաֆարեան՝ դիւրաբեկութենէն ծաղկող արուեստը

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի ֆրանսալեզու հաւաքածոները պիտի ներկայացուին Տէսինի մէջ
Nor Haratch / 1 hour ago

COP17. Ֆրանսական շարժանկարն ու լուսանկարչութիւնը՝ ի սպաս բնութեան պահպանութեան
Nor Haratch / 1 hour ago

L’ADAAET installe son nouveau comité pour la rentrée 2026-2027 à l’école Tebrotzassère
Nor Haratch / 2 hours ago

Ֆրանսայի մէջ՝ ռազմական օդանաւի արկածի երկու զոհերէն մէկն է փոխգնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեան
Nor Haratch / 2 hours ago
Related coverage

Reconnaissance internationale pour Anaid B
France Arménie / Oct 23

L’appel de Robert Guédiguian en faveur de Jean-Luc Mélenchon
Nouvelles d'Arménie / Oct 15

Kıbrıs Bizans Müzesi'ndeki Ermeni manevi mirası
Western Armenia TV / Oct 13

Nikol Pashinyan tourne une vidéo devant une fontaine musicale diffusant une chanson azerbaïdjanaise
Nouvelles d'Arménie / Oct 9