Ֆրանսայի օդուժի հայազգի փոխգնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեան (44 տարեկան), զոհ գացած է Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան, «Mirage 2000D» ռազմական օդանաւի մը արկածին։ Արկածը պատահած է Ֆրանսայի Մէօրթ-է-Մոզէլ նահանգին Ռոժեւիլ գիւղին մօտերը։ Օդանաւին մէջ գտնուող երկրորդ զինուորականը՝ 27-ամեայ տեղակալ Քանթէն Քլիս, նոյնպէս մահացած է։ Երկու զոհերուն ինքնութիւնը հրապարակած է Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Զինուորականները գիշերային թռիչքի վարժութիւն մը կը կատարէին Նանսի-Օշէի թիւ 133 օդակայանին «Շամփանյը» 2/3 մարտական ջոկատին պատկանող օդանաւով։ Վերադարձի ճամբուն վրայ, ժամը 22.40-ի շուրջ, օդանաւին հետ ռատիօկապը խզուած է, եւ ան անհետացած է ռատարներու պաստառներէն։ Անմիջապէս սկսած են որոնումները, որոնց ընթացքին գտնուած են օդանաւին բեկորներն ու երկու զինուորականներուն մարմինները։ Անդրանիկ Սարգիսեան Ֆրանսայի օդուժին մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած փորձառու սպայ մըն էր։ Իբրեւ սպառազինութեան համակարգերու պատասխանատու նաւարկիչ (navigateur)՝ ան ստացած էր գլխաւոր նաւարկիչի որակաւորումը։ Իր ասպարէզին ընթացքին մասնակցած էր 55 մարտական առաքելութիւններու եւ կատարած՝ ընդհանուր 2200 ժամ թռիչք։ Ան զինուորական առաքելութիւններով մեկնած էր Աֆղանիստան, Մալի, Նիժէր, Սուտան եւ Չատ։ 2022-էն ի վեր Սարգիսեան կը ծառայէր Սէն-Տիզիէի թիւ 113 օդակայանին մէջ եւ կը ղեկավարէր Սիւիփի օդային ռմբակոծութեան ու նշանառութեան փորձադաշտը։ Իր կարգին, երիտասարդ օդաչու Քանթէն Քլիս 2025-ի Օգոստոսէն ի վեր կը ծառայէր Նանսի-Օշէի օդակայանին «Արտէն» 3/3 մարտական ջոկատին մէջ։ Ան կը շարունակէր իր պատրաստութիւնը «Mirage 2000D» օդանաւով՝ մարտական գործողութիւններու լիարժէք օդաչուի որակաւորում ստանալու համար։ Քլիս ընդհանուր առմամբ 450 ժամ թռիչք կատարած էր։ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարար Քաթրին Վոթրէն եւ օդուժի սպայակոյտի պետ զօրավար Ժերոմ Պելանժէ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնած են ծառայութեան ընթացքին մահացած երկու զինուորականներուն ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ զինակից ընկերներուն։ Արկածին պատճառները տակաւին յայտնի չեն։ Դատական եւ զինուորական ապահովութեան քննութիւններ բացուած են՝ պարզելու համար օդանաւին անկման հանգամանքները։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Ֆրանսայի մէջ՝ ռազմական օդանաւի արկածի երկու զոհերէն մէկն է փոխգնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեան

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի ֆրանսալեզու հաւաքածոները պիտի ներկայացուին Տէսինի մէջ
Nor Haratch / 30 minutes ago

Լարիսա Սաֆարեան՝ դիւրաբեկութենէն ծաղկող արուեստը
Nor Haratch / 40 minutes ago

COP17. Ֆրանսական շարժանկարն ու լուսանկարչութիւնը՝ ի սպաս բնութեան պահպանութեան
Nor Haratch / 53 minutes ago

L’ADAAET installe son nouveau comité pour la rentrée 2026-2027 à l’école Tebrotzassère
Nor Haratch / 1 hour ago
Related coverage

Les villageois d’Arteni (Arménie) installent le portrait du général Andranik, retiré du mur de l’école, sur le mur de la Maison de la culture
Nouvelles d'Arménie / 21 minutes ago

Le vice-ministre arménien de la Défense a visité plusieurs unités militaires
Nouvelles d'Arménie / 29 minutes ago

Visite d’étude des étudiants des établissements d’enseignement supérieur à la frontière de l’Arménie
Nouvelles d'Arménie / 39 minutes ago

Des fouilles archéologiques ont débuté à Proshaberd dans la région de Vayots Dzor en Arménie
Nouvelles d'Arménie / 55 minutes ago