Հայաստան գտնուող ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերէշ, որ մասնակցելու համար ժամանած է ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովին՝ ՔՈՓ17-ին, յայտարարած է, որ կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան կայացման։ Պատասխանելով հայ գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ հարցումի մը՝ Կիւթերէշ նշած է, որ ՄԱԿ-ը բոլոր կողմերուն կոչ կ՚ուղղէ կարելի եղածին չափ արագ գործադրելու խաղաղութեան համաձայնագիրի բոլոր դրոյթները, ներառեալ՝ կալանաւորուած անձերուն վերաբերեալ կէտերը։ Ան ընդգծած է, որ հայ գերիներու հարցը մեծ կարեւորութիւն ունի ՄԱԿ-ին համար։ Աւելի կանուխ Կիւթերէշ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Փաշինեան վերահաստատած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնն ու վաւերացումը Հայաստանի գլխաւոր նպատակն է՝ ընդգծելով, որ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ է կեդրոնացած աշխատանք տանիլ։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ԿԻՒԹԵՐԷՇ․ «ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ ՄԵԾ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Abaka

ՔՈՓ17-ԻՆ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺՈՒԱԾ Է
Abaka / 18 hours ago

ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՆՏԵՍՈՒԻ․ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ՝ ԿՈՒԹԵՐԷՇԻՆ
Abaka / 18 hours ago

«ՀԱՅՓՈՍՏ»Ը ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵԼ
Abaka / 18 hours ago

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ․ «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆ Է»
Abaka / 18 hours ago
Related coverage

Siranush Sahakyan criticizes Armenian government’s silence over Baku detainees
Horizon Weekly / Oct 23

Aliyev dismisses special representative overseeing Stepanakert and surrounding districts
Horizon Weekly / Oct 22

Mirzoyan admits third-country efforts to free Armenian prisoners in Azerbaijan have failed
Horizon Weekly / Oct 21

Monument Watch rebuts Azerbaijani claims questioning authenticity of Dadivank’s Armenian khachkars
Horizon Weekly / Oct 20