Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչները պատրաստած են զեկուցում մը՝ Հայաստանի անդամակցութեան կասեցման հաւանական հետեւանքներուն վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։ Զեկուցումը կ՚անդրադառնայ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ ձեռնարկած քայլերուն, ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի իրաւական դրութիւններու համատեղելիութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անդամակցութեան կասեցման պարագային ծագելիք հաւանական վտանգներուն։ Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցելու ուղղութեամբ քայլերը հարցեր կը յառաջացնեն ԵԱՏՄ-ի մէջ անոր հետագայ անդամակցութեան կարգավիճակին շուրջ։ Որպէս հիմնաւորում՝ կը յիշատակուի նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պաշտօնական դիմում ներկայացնելու գործընթացը սկսելու մտադրութեան մասին։ Զեկուցումը պիտի ներկայացուի ԵԱՏՄ-ի անդամ հինգ պետութիւններու ղեկավարներուն։