Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրումը Հայաստանի կառավարութեան քաղաքական յանձնառութիւնն է։ Այս մասին, կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ անդրադառնալով նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացման եւ ԹՐԻՓՓ ծրագրի իրականացման աշխատանքներուն։ Միրզոյեան շեշտած է, որ կառավարութիւնը կ՚ուզէ կարելի եղածին չափ շուտ տեսնել համաձայնագիրին ստորագրութիւնը՝ ընդգծելով, որ ենթակառուցուածքները ունին ոչ միայն տնտեսական, այլեւ խաղաղութեան ամրապնդման նշանակութիւն։ Անդրադառնալով ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ հայ-ամերիկեան համաձայնագիրին՝ ան տեղեկացուցած է, որ Ազգային ժողովին մէջ սկսած է անոր վաւերացման պաշտօնական գործընթացը։ Համաձայնագիրը քննարկուած է Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովին մէջ եւ նախատեսուած է մօտ մէկ շաբաթ ետք ներկայացնել խորհրդարանի լիագումար նիստին։ Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ ԹՐԻՓՓ-ի զարգացման ընկերութեան հիմնադրութեան վերաբերող փաստաթուղթերու մշակումը հասած է եզրափակիչ հանգրուանին։ Փաստաթուղթերու վերջնականացումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ անցնիլ գործնական աշխատանքներու յաջորդ փուլին։ Միրզոյեան նշած է նաեւ, որ խորհրդարանական քննարկումներուն ընթացքին ապաշրջափակման ենթակառուցուածքներուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք նկատած է նաեւ ընդդիմադիր խորհրդարանական ուժերուն մօտ։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ․ «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆ Է»

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Abaka

ՔՈՓ17-ԻՆ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺՈՒԱԾ Է
Abaka / 16 hours ago

ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՆՏԵՍՈՒԻ․ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ՝ ԿՈՒԹԵՐԷՇԻՆ
Abaka / 16 hours ago

«ՀԱՅՓՈՍՏ»Ը ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵԼ
Abaka / 16 hours ago

ԵԱՏՄ-Ի ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՆԻՒԹ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՍԵՑՄԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Abaka / 16 hours ago
Related coverage

Siranush Sahakyan criticizes Armenian government’s silence over Baku detainees
Horizon Weekly / 22 hours ago

Aliyev dismisses special representative overseeing Stepanakert and surrounding districts
Horizon Weekly / Oct 22

Mirzoyan admits third-country efforts to free Armenian prisoners in Azerbaijan have failed
Horizon Weekly / Oct 21

Monument Watch rebuts Azerbaijani claims questioning authenticity of Dadivank’s Armenian khachkars
Horizon Weekly / Oct 20