Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան յայտարարած է, որ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները զրկուած են նամակներ ուղարկելու եւ ստանալու կարելիութենէն։ «Ազատութիւն, արդարութիւն եւ վերահամարկում» միջազգային համաժողովին ընթացքին Սահակեան նշած է, որ հակառակ Հայաստանի կառավարութեան այն պնդումին, թէ նամակները կարելի է «Հայփոստ»ի միջոցով ուղարկել Ատրպէյճան, բազմաթիւ փորձեր ցոյց տուած են, որ ընկերութիւնը կը մերժէ Հայաստանէն Ատրպէյճան ուղարկուող նամակները, ներառեալ՝ հայ գերիներուն հասցէագրուած նամակները։ Սահակեանի համաձայն՝ այս իրողութիւնը կը վկայէ, որ հայ գերիներուն նամակագրութեան ազատութիւնը սահմանափակուած է, իսկ անոնց մեկուսացումը կը շարունակէ մնալ բացառիկ բնոյթի խնդիր մը։