Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդը, Հոկտեմբեր 19-ին հրապարակուած յայտարարութեամբ մը, մտահոգութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի՝ Հայաստանի մէջ COP17-ի շրջագիծէն ներս արտասանած խօսքին մէջ արցախահայութեան բռնի տեղահանման եւ հայրենիք վերադարձի իրաւունքին չանդրադառնալուն առնչութեամբ։ Խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ 2023-ի Սեպտեմբերին աւելի քան 100 հազար արցախահայեր հարկադրաբար լքած են իրենց հայրենիքը՝ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն եւ նախորդած շրջափակման հետեւանքով։ Ան նաեւ կը մատնանշէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ 17 Նոյեմբեր 2023-ի որոշումը, որուն համաձայն՝ Ատրպէյճան պարտաւոր է ապահովել վերադարձի փափաք յայտնող անձերուն ապահով, անխոչընդոտ եւ արագ վերադարձը։ Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ Կութերէշին՝ հրապարակաւ վերահաստատելու արցախահայութեան ապահով, արժանապատիւ եւ կամաւոր վերադարձի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ աջակցելու միջազգային ատեանի որոշման գործադրութեան։ Յայտարարութիւնը կը շեշտէ, որ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները չեն կրնար պաշտպանուիլ ընտրողաբար, իսկ խաղաղութիւնը չի կրնար հիմնուիլ ժողովուրդի մը հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին անտեսման վրայ։